Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի Մշակութային Յանձնախումբի կազմակերպած 4-րդ Մշակութային Երեկոն տեղի ունեցաւ 21 Փետրուարին, 50-էն աւելի անդամներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ:
Երեկոն ամբողջութեամբ նուիրուած էր մեծ քերթող Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 120 եւ մահուան 70-ամեակին:
Եղիշէ Չարենցի կենսագրութիւնը ներկայացուց Արթօ Դաւիթեանը, որ միեւնոյն ատեն կարդաց Չարենցի քերթուածներէն նմոյշներ: Ապա, խօսք առաւ երիտասարդ մտաւորական Տիգրան Չիլինկիրեանը, որ ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի գրական վաստակը: Հակիրճ ու դիւրամատչելի լեզուով ան բացատրութիւններ տուաւ բանաստեղծին գործերուն մասին, զանոնք բաժնելով յատկանշական ժամանակշրջաններու:
Երեկոյի հիմնական խօսքը արտասանեց վաստակաւոր մտաւորական Ասատուր Տեվլէթեանը, որ իր գեղեցիկ հայերէնով ու խորաթափանց վերլուծումներով ներկաները փոխադրեց Չարենցի ժամանակշրջանը՝ համաշխարհային պատերազմ, արեւմտահայաստան, կամաւորական գունդեր, Հայաստանի հանրապետութիւն, առաջին ստեղծագործութիւնները, Հայաստանի խորհրդայնացում, յեղափոխական վերիվայրումներ, գրական շարժումներ, բանավէճեր, հակառակութիւններ, հալածանք, բանտարկութիւն, հիւանդութիւն եւ մահ: Բանախօսը յատկապէս անդրադարձաւ «Գովք Հայաստանի» քերթուածին, զայն բառ առ բառ վերլուծելով եւ ցոյց տալով անոր վեհիմաստ ու խոր հայկականութիւնը: Ներկաները բուռն ծափահարութիւններով գնահատեցին Ասատուր Տեվլէթեանի խօսքը, քանի ան յաջողած էր իրենց ցոյց տալ դարերէն եկող ու դէպի ապագան ճախրող Եղիշէ Չարենցի մեծութիւնն ու անժամանցելիութիւնը:
Յայտագիրը փակուեցաւ սիրուած ասմունքող Մարիանա Քէշիշեանի գեղեցկօրէն մեկնաբանած «Լուսամփոփի Պէս Աղջիկ» քերթուածով, որ նոյնպէս բուռն ծափահարութեան արժանացաւ ունկնդիրներուն կողմէ:
Ստեղծուած ջերմ մթնոլորտը շարունակուեցաւ գինիի հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին ներկաները շարունակեցին զրուցել իրենց տպաւորութիւններուն ու զգացումներուն մասին: