Երկուշաբթի 9 Ապրիլ 2018-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ ներկայացուեցաւ «Les Arméniens du Liban-cent ans de présence» գիրքը:
Ծայրէ ծայր լեցուն սրահի մը առջեւ ձեռնարկին բացումը կատարեց Աննա Օհաննէսեան-Շարփէն, ներկայացնելով 511 էջերէ բաղկացած հրատարակութիւնը, լոյս տեսած 2017-ին, Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հրատարակչատան կողմէ, մասնակցութեամբ շուրջ երեսուն հետազօտներու,ղեկավարութեամբ Լեւոն Նորտիկեանի, Վահէ Թաշճեանի եւ Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆի:
Գիրքի հեղինակներէն ներկայ էին պատմագէտներ Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆ Սանահին Գասապեան եւ լեզուաբան Անահիտ Տօնապետեան: Առաջին երկուքը զեկուցեցին «հայութեան մասնակցութիւնը Լիբանանի ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ» նիւթին շուրջ: Խօսեցան նաեւ եղեռնէն վերջ առաջին սերունդին մերուելու դժուարութիւներուն մասին: Անահիտ Տօնապետեան զեկուցեց հայախօսութեան հարցերու շուրջ:
Այս նիւթերը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին: Ներկաները հարցումներով եւ մեկնաբանութիւներով հակազդեցին: Ուրախալի երեւոյթ էր մեծ թիւով երիասարդներու ներկայութիւնը այս ձեռնարկին: