Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ Համազգայինի թատերական միաւորին, Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ թատրոնին նուիրուած կլոր սեղան եւ Վարուժան Խտըշեանի թարգմանած Էտուարտ Ալպիի «Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն» գիրքի շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ լիբանանահայ բեմադրիչներու, դերասաններու եւ թատերասէրներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Դաւիթ Գազանճեան, որ նշեց, թէ թատրոնի միջազգային օրը թատրոնի ընտանիքի անդամներուն կողմէ գնահատուած եւ իւրայատուկ տօն է: Ան ըսաւ, որ թատրոնին մէջ հանդիսատեսը կ՛անջատուի արտաքին աշխարհէն եւ կ՛ապրի թատրոնով:
Ապա Վարուժան Խտըշեանի թարգմանած «Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն» գիրքը ներկայացուց «Բագին»-ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ նշեց, թէ 1971-ին Վարուժան Խտըշեանի թարգմանած եւ բեմադրած գործը, որ օրին շնչաւորեց Համազգայինն ու թատրոնը եւ թարմութեամբ լեցուց հանդիսատեսն ու հայ մարդը, այսօր կը վերածուի գիրքի:
Ան նշեց, որ գործը կառոյցով, թեքնիքով, թատերական հնարքներով եւ մանաւանդ արծարծած հարցերով կը մնայ խիստ այժմէական: Սեդա Գրիգորեան ըսաւ, որ «Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն» գործին թարգմանութիւնը յատկանշական ներդրում մըն է հայ թատրոնի պատմագրութեան մէջ եւ այս առումով խիստ ողջունելի:
Ապա ներկաները դիտեցին անցնող տարիներուն լիբանանահայ թատերախումբերուն կողմէ բեմադրուած ներկայացումներէն հատուածներ, մինչ Սեդա Խտըշեան ընթերցեց Վարուժան Խտըշեանի պատգամը, որուն մէջ ան կը շեշտէ, որ այս գործը այսուհետեւ նոր սերունդին սեփականութիւնն է:
Գիրքի շնորհահանդէսին յաջորդեց լիբանանահայ թատրոնին մասին կլոր սեղանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռոպերթ Առաքելեան, Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Վարդան Մկրտիչեան:
Առաքելեան ըսաւ, որ թատրոնը ժողովուրդին պէտք է տայ ինչ որ պէտք է, եւ ոչ թէ ա՛յն, ինչ որ ժողովուրդը կ՛ուզէ: Ան շեշտեց, որ թատրոնը ճշմարտութեան յաղթանակի վայրն է: Մկրտիչեան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր անհատ կամ միութիւն անցեալին իր կարելին կատարած է, իսկ այսօր թատրոնի մարդիկ իրենց գործերը պէտք է կատարեն սիրով, նուիրուածութեամբ եւ անկեղծութեամբ:
Մկրտիչեան յայտնեց, որ նիւթականը չափանիշ չէ արժեւորելու, թէ թատրոնին մէջ որեւէ աշխատանք կատարողը արհեստավա՞րժ է, թէ ոչ: Իսկ Տէր Ղուկասեան յոյս յայտնեց, որ յիսուն տարի առաջ կատարուած իրագործումը այսօր ալ իրականանայ, երբ լիբանանահայ թատրոնի ներկայացումներուն հանդիսատեսները նաեւ կ՛ըլլան լիբանանցիները: Յակոբ Տէր Ղուկասեան նկատեց, որ լիբանանահայ թատրոնը վերելք կ՛ապրի, քանի որ հին եւ նոր սերունդի անդամները միասնաբար կը գործակցին:
Երեք բեմադրիչներու ամփոփ զեկուցումէն ետք, տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան լիբանանահայ թատրոնը յուզող հարցերը: