Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Լիբանանի մէջ ֆրանսախօսութեան ամսուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` կատարողութեամբ Իհապ Ժամալի (ջութակ) եւ ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի (դաշնակ):
Իհապ Ժամալ ծնած է Պէյրութ: Վեց տարեկանէն սկսած է ջութակ նուագել: Յաճախած է Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոց, ուր սկզբնական շրջանին աշակերտած է Անթուան Խալիֆէին, իսկ 2011-էն ետք` Արթիւր Տէր Յովհաննիսեանի: Այժմ կ՛ուսանի Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ, ուր կը պատրաստէ իր մագիստրոսական թեզը: 2010-ին մասնակցած է «Մարկօ Պապիկեան» մրցանքին` խլելով առաջին մրցանակը: 2015-ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած «Միջազգային վերածնունդ մրցանք»-ին գրաւած է առաջին դիրքը: Նոյն տարին ան երրորդ դիրքի արժանացած է Հրաչ Վոկտնայեան ջութակի միջազգային մրցանքին: Իհապ Ժամալ մաս կը կազմէ «Դիւան Արեւմուտք-Արեւելք» նուագախումբին, որոնք ելոյթներ ունեցած են զանազան երկիրներու մէջ:
Լիանա Յարութիւնեան ծնած է Երեւան: Սկսած է նուագել վեց տարեկանին: Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցը: Ան համերգներ տուած է Երեւանի եւ Ռուսիոյ մէջ` ընկերակցութեամբ սենեկային նուագախումբերու: Նուագակցած է հանրածանօթ հայ եւ ռուս մենակատարներու: Ներկայիս կը դասաւանդէ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ: