Թատրոնի միջազգային օրուան նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 27 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան:
Բեմադրիչներով, դերասաններով եւ թատերասէրներով լեցուն սրահին մէջ ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անդամ Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայ կեանքին մէջ հաւանաբար առաջին անգամն ըլլալով կը նշուի Թատրոնի միջազգային օրը եւ այս նշումը ինքնանպատակ բնոյթ չունի: «Թատրոնը, մանաւանդ լիբանանահայ թատրոնը, կը դիմագրաւէ բաւական լուրջ դժուարութիւններ, եւ այս նշումը առիթ մը պիտի ըլլայ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան արժեւորման կողքին` քննարկելու լիբանանահայ թատրոնը յուզող խնդիրները, հարցերը եւ հասնելու որոշ եզրակացութիւններու», հաստատեց Մ. Մխսեան: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան խօսքը ուղղեց Խաչիկ Տէտէեան: Ան նկատել տուաւ, որ Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով լիբանանահայ գաղութի թատերասէրները անխտիր համախմբուած են` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու եւ խոնարհելու անցեալի ու ներկայի բոլոր երախտաւորներուն առջեւ, որոնք հաւատացին հայ թատրոնին, իրենց լուման բերին մեր մշակոյթին` թատրոնի ճամբով, եւ որոնց վաստակին, նուիրումին եւ ծառայութեան շնորհիւ հայ մշակոյթը կը գոյատեւէ` շեշտելով, որ հայ թատրոնը գոյութիւն ունէր 2000 տարի առաջ եւ անոր անցած երկար ճամբան հպարտութիւն կը ներշնչէ, որովհետեւ ան գոյատեւած է ի գին բազում զոհողութիւններու, շնորհիւ հաւատքի ու տեսիլքի` դաժան պայմաններուն դիմաց: «Թատրոնը դպրոց է, պարտադիր դպրոց կոփելու, կրթելու, ազնուացնելու, բարձրացնելու, դաստիարակելու, գեղարուեստական ճաշակ տալու: Թատրոնը հաւաքական աշխատանքի եւ նուիրումի արգասիքն է: Թատրոնը ինքնանպատակ արուեստ չէ, այլ` ժողովուրդին ոգի ներշնչող ազդակ», հաստատեց Տէտէեան` կոչ ուղղելով վերանորոգելու ուխտն ու հաւատքը թատրոնին ճամբով ծառայելու հայ ժողովուրդին ու մշակոյթին: