Հայ Մշակոյթի բաբախուն սիրտը հանդիսացող Համազգայինը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ միշտ ալ յաջողած է իր շուրջ համախմբել աշխարհասփիւռ մշակութասէր հանրութիւնը:
Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» Մեկուսի Մասնաճիւղի Վարչութեան, Ուրբաթ, 20 Մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Շարժայի «Բիէր Քէօսէեան» սրահէն ներս «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը ներկայացուց հայ մեծատաղանդ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» կատակերգութիւնը:
Թատրերգութեան ներկայ էին սոյն նախաձեռնութիւնը հովանաւորող` Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան,, Ազգային Վարչութեան անդամներ,, պատուոյ հիւրեր եւ հայրենակիցներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վանիա Փօլատեան. ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ վարչութիւնը գաղութի հայութիւնը համախմբելը ելակէտ ունենալով՝ տարեկան քանի մը ձեռնարկներով կը ձգտի պահպանել Հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութիւնը եւ կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ:
Պարոնեան 1872-ին գրած է «Շողոքորթը» կատակերգութիւնը, զոր կիսատ ձգած է. սոյն ստեղծագործութիւնը իր լրումին հասցուցած է երգիծաբան Ե. Օտեան: Նիւթը կը ներկայացնէ հասարակական ընկերային եւ ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները՝ հիմնուած կեղծաւորութեան, ապականած բարքերու, նիւթական շահ ապահովելու գնով շուրջինները խաբող «Շողոքորթ»ներու կենսաձեւին: Փաստօրէն Պարոնեանի ստեղծագործութիւնները որքան ալ պատկանին 19-րդ դարուն, սակայն մերօրեայ կեանքէն ներս, նոյնքան այժմէական եւ անկեղծ են:
Թատրերգութեան բեմադրութիւնը վստահուած էր վաստակաշատ արուեստագէտ՝ Նորայր Գազանճեանի, որուն ջանքերուն եւ դերակատարներուն տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ ներկաներուն եզակի թատրերգութիւն մը հրամցուեցաւ: Երիտասարդ ու աշխոյժ դէմքերէ բաղկացած թատերական անձնակազմի անդամներն էին՝ Մարտօ Յովսէփեան, Սեդա Մանկասարեան Պալիոզեան, Ճորճ Արտակ Էլէյճեան, Լեւոն Պէքեարեան, Կարօ Ինկիլիզեան, Միհրան Քէշիշեան, Հուրի Քէշիշեան, Սեւակ Ղազարեան, Գէորգ Գազանճեան, որոնք բարձր գնահատուեցան շուրջ 225 ներկաներուն կողմէ:
Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Հայր Սուրբը, փոխանցելու իր պատգամը: Ան մեծապէս գնահատեց բեմադրիչը, դերակատարներն ու թատրոնի յաջողութեան մասնակից դարձող օժանդակ անդամնները, ապա «Պահպանիչ»ով փակեց երեկոն: