Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի «Դիմակ» Թատերախումբը Կիրակի, 15 Յունուար 2017-ին ներկայացուց «Սուփըր Պոյինկ» կատակերգութիւնը՝ Յարութ Թահմազեանի բեմադրութեամբ: Երկը 60-ական թուականներու՝ Քամելոթթիի «Պոյինկ-Պոյինկ» փիէսի կրճատուած տարբերակն էր, մշակուած Յարութ Թահմազեանի կողմէ:
Նախքան ներկայացումը, վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ասիկա 1999-ին մասնաճիւղիս կազմութենէն ի վեր «Դիմակ» թատերախումբի 15-րդ ներկայացումն էր, առանց հաշուելու մի քանի զաւեշտները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բեմադրիչին, դերակատարներուն եւ յատկապէս բեմայարդարումը ստանձնողներուն, որոնք երկար ժամեր տրամադրած էին այս ձեռնարկի իրականացման համար:
Նիկոսիոյ Ռուսական Մշակութային Կեդրոնի թատերասրահը լեցուցած ժողովուրդը մեծ հաճոյքով հետեւեցաւ թատրոնին, որ սկիզբէն մինչեւ վերջ ընթացաւ արագ ու սահուն կերպով, դերակատարներուն՝ Յարութ Թահմազեանի, Նազարէթ Ատուրեանի, Արաքսի Կիւրեղեանի, Ժինա Նիկողոսեանի, Սոնիա Չիլինկիրեանի եւ Մարսիա Ատուրեանի սքանչելի խաղարկութեամբ:
Հանդիսատեսները բուռն ծափահարութիւններով գնահատեցին ներկայացումը, շնորհաւորութեան ու հիացումի խօսքերով դրուատելով բեմադրիչն ու դերակատարները, որոնք Համազգայինի «Դիմակ» թատերախումբին համար յաջողութիւն մը եւս արձանագրեցին, ուրախ եւ հաճելի ժամեր ընծայելով կիպրահայ թատերասէր հասարակութեան: