Երեքշաբթի 10 Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մոնթրէալի Համազգայինի «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբը Հայ Կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահէն ներս հիւրընկալեց 47 արուեստասէրներ, որոնք հաւաքուած էին միասնաբար ուղղուելու դէպի Մոնթրէալի Գեղարուեստի թանգարանը, ուր տեղի կ'ունենար Napoleon-ի ցուցահանդէսը։ Սուրճի եւ խմորեղէնի շուրջ, ներկաներուն բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ակումբի պատասխանատու Տիրուկ Մանճիկեանը, ապա ան հրաւիրեց Դոկտ. Այտա Պուճիքանեանը, որպէսզի ցուցահանդէսին մասին պատմական տեղեկութիւններ փոխանցէ այցելուներուն ։
Դոկտ. Պուճիքանեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Napoleon-ի այս ցուցահանդէսը կը վերաբերի միայն 1804-ի իր կայսերական թագադրութեան: Այդ ժամանակաշրջանին, ինք արդէն 1796-էն ի վեր ամուսնացած էր Joséphine de Beauharnais-ի հետ: Ցուցահանդէսի պարունակութիւնը կը շարունակուի մինչեւ իր աքսորը՝ 1815 թուական։ Հետեւաբար կայսրութիւնը կը տեւէ մօտ 10 տարիներ: Waterloo-ի պարտութենէն ետք ան երկրորդ անգամ ըլլալով կ'աքսորուի, այս անգամ Անգլիոյ պատկանող Ste Hélène կղզիին վրայ, ուր իր մահկանացուն կը կնքէ 1821-ին: Ան անդրադարձաւ նաեւ Napoleon-ի երկու հայ Մեմլուք պահակներուն, որոնք բնիկ ղարաբաղցի եղած էին՝ Ռազա Ռուստամն ու Պետրոս Աբէսսովը։
Թանգարանին մէջ այցելուները վայելեցին բազմաթիւ դիմանկարներ, որոնց կարգին էր Napoleon-ի վիթխարի դիմանկարը սրահին մայր մուտքին: Կային նաեւ իր ընտանիքի անդամներուն՝ ներառեալ իր զաւակին ու երկու կողակիցներուն բազմաթիւ դիմանկարները: Արուեստի գործերու կարգին էին ոսկիէ անօթներ, ոսկեղէններ ու Sévres-ի ճենապակիներ, բծախնդրօրէն զետեղուած խնճոյքի սեղաններուն վրայ։ Կային նաեւ բազմաթիւ պատի զարդարանքներ, մետաքսեայ գործուածքներ ու գորգածածկ բազկաթոռներ:
Համազգայինի «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի կազմակերպած սոյն այցը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց այցելուներուն մօտ, որոնք բարձր գնահատեցին մշակութային գոհունակութիւն ներշնչող այս միջոցառումը եւ հաճելի յիշատակներով վերադարձան տուն, դարձեալ նմանօրինակ ձեռնարկի մը ներկայ գտնուելու յոյսով։
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն