Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսի, Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում` նուիրուած Ռոպէր Հատտէճեանի «Մեր մայրենի լեզուն մահամերձի անկողինին մէջ» գրքոյկին, զոր ներկայացուց «Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեան:
Պալեան յայտնեց, թէ 40 էջնոց գրքոյկը լոյս տեսած է Պէյրութ եւ կը բովանդակէ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Մարմարա» օրաթերթի այս տարուան Յունիս-Յուլիսի թիւերուն մէջ լոյս տեսած 12 յօդուածներ:Ակնարկելով Հատտէճեանի` ան նկատել տուաւ, որ աւելի քան 60 տարի հայոց լեզուին եւ գրականութեան ծառայելէ, աւելի քան 40 տարի հայատառ թերթ հրատարակելէ եւ մամլոյ նուիրական աշխատանք տանելէ ետք արդեօք «Մարմարա»ի խմբագիրին համար ի՞նչ տառապանք է նստիլ ու գրել այն մասին, որ մեր մայրենի լեզուն հոգեվարքի մէջ է:
Մեր լեզուն հետզհետէ կը դադրի «մայրենի» ըլլալէ, նշեց Պալեան: «Մամուլը, մտաւորականութիւնը ու իրենց անուան արժանի ազգային ղեկավարութիւններ չեն ընդվզիր եւ չեն հակազդեր աղէտը կասեցնելու համար` կարծեցեալ մարդորսութիւններու եւ կորսուող ջաղացքի չախչախին սպասարկելով…», հաստատեց Պալեան` աւելցնելով, որ մայրենի լեզուն պէտք է գիտնալ, իսկ օտար լեզուները պէտք է սորվիլ իբրեւ 2-րդ կամ 3-րդ լեզու եւ ոչ` հիմնական կամ մայրենի: «Մայրենի լեզուն սոսկ գիտութիւն չէ, այլ անիկա կը խօսուի» շեշտեց Պալեան: Ան հաստատեց, որ մայրենի լեզուն ապրեցնելու առաջին պայմանը այդ լեզուն խօսիլ է` նշելով, թէ լեզուն կարդալը եւ գրելը աւելի ուշ կու գան:
Բանախօսը նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ եւս մայրենի լեզուի գուրգուրանքն ու գործածութիւնը ակնկալուած մակարդակի վրայ չեն եւ հոն ալ հայախօսութիւնը կը տառապի օտար լեզուներու ոտնձգութենէն` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ պահպանուածը արեւելահայերէնն է եւ ոչ թէ արեւմտահայերէնը, որ արեւմտահայութեան պաշտօնական լեզուն է եւ առանց անոր մեր ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հարստութեան առնուազն կէսը:
«Արեւմտահայութիւնը կը կորսուի իր մշակոյթով եւ դատով: Ի՞նչ կը շահի ազգը» հարցումն ու մտահոգութիւնը առաջադրելով եզրափակեց Յ. Պալեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում` ներկաներուն եւ բանախօսին միջեւ: