Երաժշտութիւնը այնքան հին է որքան լեզուն եւ հայ ժողովուրդը։
Իբրեւ պահակ եւ պաշտպան հայ լեզուին եւ մշակոյթին, Համազգայինի համար յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է անոնց պահպանումը, իբրեւ ազգային մեծագոյն հարստութիւն, իբրեւ մշակութային աւիշ եւ նոր սերունդին զտարիւն ոգի ջամբող կենսագործող զօրութիւն։
Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը յետ ամիսներու հետեւողական եւ լուրջ փորձերուն, 2011-ի Մարտ 5 եւ 6-ի երեկոներուն, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի, հանդէս եկաւ հալէպահայ երաժշտասէր հասարակութեան արժանավայել եւ պատկառելի ներկայացմամբ։
Սուրիական եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Ալին Մոմճեան հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք երգչախումբը լսելի դարձուց շարքմը ժողովրդական երգեր, որոնք այնքան մտերմիկ ձեւով կը հնչէին ունկնդիրներու ականջին։ Հեշտանք էր լսել յաջորդական երգերը Կոմիտասի,ապա յաջորդող Գարմինա Պուրանային եւ Վերտիի Լա Օփերային, գնահատելի էին արաբերէն լեզուով մեկնաբանուած հայրենասիրական զոյգ երգերը։
Յայտագրի վերջաւորութեան յատուկ խնամքովպատրաստուած Սայաթ Նովայի հինգ խմբերգներու մատուցումը համարեա կը հանդիսանար դափնեպսակը Զուարթնոցի տարեկան այս ելոյթին։ Կարելի է ըսել, որ Սայաթ Նովայի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած էին այս երգերը,որոնցմով իր պարտքը կատարած կþըլլարՀամազգայինը։ Հայրենասիրական 3 երգերը, ընդհանրապէս խրթին պատրաստութեամբ եւ բարձրորակ կատարողութեամբ կ՚եզրափակէին համերգը արժանավայել կերպով։
Համերգը եղած էր յաջող եւ հանդիսատեսները գոհ տրամադրութեամբ կը ձգտէին հասնիլ բեմ՝ ողջունելու երգչախումբի մասնակիցները, որոնք չէին խնայած ժամանակեւ ջանք՝ արդարացնելու համար իրենց վստահուած առաքելութիւնը։
Եթէ երգը հոգին ազնուացնող եւ կազդուրիչ յատկութիւններով գանձ է ազգային եւ գեղարուեստական դաստիարակութեան ճամբով,ապա ուրեմն այս երեկոյեան համոյթի կազմութիւնն ու յարատեւ փորձերը դպրոց են անձնակազմին համար։ Արդարեւ անոնք վարժութիւն ձեռք կը բերեն խմբական աշխատանքի,իրենց մէջ կը զարթնին սէր եւ գիտակցութիւն դէպի մայրենին եւ ազգայինը, ինչ որ օրհնութիւն է հեռաւոր մեր գաղութներունհամար։
Կրկնակի այս տուեալներով «Զուարթնոց»ը արժանի է գնահատանքի։ Ջերմապէս կը շնորհաւորենք հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտ խմբավար դոցենտ ԴաւիթՊօղոսեանը, որ բովանդակալից յայտագրով բեմ բարձրացած է իր համոյթով։ Կը գնահատենք ապա երաժշտական միաւորի վարչութիւնը, որ ճիգ եւ ժամանակ չէ խնայած ձեռնարկի յաջողութեան ի նպաստ բերած աշխատանքին։
Էմմա