Մոնթրէալի հայ գաղութը անհամբեր սպասեց այն օրը, երբ վերջապէս Հայաստան երկիր դրախտավայրէն պիտի ժամանէին երեք յայտնի դէմքեր, յանձինս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արտիստ՝ Աշոտ Ղազարեան, Երեւանի Կամերային Թատրոնի դերասան՝ Ռաֆայէլ Երանոսեան եւ վերջերս Fullhouse նախագծի շողշողուն դէմքերէն դերասանուհի՝ Արփի Գաբրիէլեան։
Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» Մասնաճիւղի կազմակերպած այս ելոյթը տեղի ունեցաւ Լաւալի Centre Armenie կեդրոնի գլխաւոր սրահին մէջ 27 Յունուար, 2018-ի ժամը 20։00-ին։ Հետաքրքրականը այն էր, որ ճշդուած ժամէն նուազագոյնը մէկ ժամ առաջ արդէն նախասրահը սկսած էր խճողուիլ։ Քաջալերելի երեւոյթ էր այս մէկը, հաւանաբար 600-ի հասնող ներկաները, բոլորն ալ կու գային Հայաստանի հանդէպ իրենց կարօտը առնելու վերոնշեալ դերասաններուն միջոցաւ, մանաւանդ որ երեկոն կը կրէր «Երգ Հայաստանի» անունը։
Օրուան հերոսները հանդէս եկան կատակաբանութիւններ ընելով երգի, խօսքի եւ երբեմն ալ պարի միջոցաւ։ Մեծ ու փոքր՝ ուշադիր կը հետեւէին անոնց, մերթ ընդ մերթ իրենց ծիծաղն ու խնդուքը չկարենալով զսպել։ Դերասանները ճարտարօրէն մեր բոլորին ծանօթ երգերուն բառերը ուրիշով մը փոխարինելով իրերայաջորդ ձեւով երգեցին ու հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին։
Ընթացքին, օրուան աստղ Աշոտ Ղազարեանը հրամցուց նաեւ քանի մը հայկական ժողովրդական երգեր, ինչպէս նաեւ կայծակի արագութեամբ տասնեակ մը սրամիտ անեքթոտներ, որոնք աւելի շատ փոխաբերական իմաստ ունէին։
Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր, որմէ ետք ներկաներէն ոմանք ունեցան յիշատակի գիր մը, ուրիշներ՝ նկար մը հայրենի դերասաններուն հետ։
Ողջունելի ձեռնարկ մըն էր «Երգ Հայսատանի»ն եւ կը յուսանք, որ յառաջիկային ալ կրկնուին այս տեսակի ելոյթներ։
Շողիկ Ազարիկեան