30 Սեպտեմբեր 2007-ին Սան Փաուլոյի մէջ տեղի ունեցաւ Եղիշէ Չարենցի նուիրուած հանդիսութիւն մը:Բացման խօսքը կատարեցին Անահիտ Ռըզեան եւ Երուանդ Թամճեան: Ապա Սան Փաուլոյի Պետական Համալսարանի Հայոց Լեզուի եւ Գրականութեան ամպիոնի դասախօս տիկ. Լուսինէ Եղիազարեան ներկայացուց ամպիոնի անձնակազմն ու քանի մը աշակերտներ, որմէ ետք ամպիոնի օգնական դասախօս օրդ. Մոնիքա Նալպանտեան խօսեցաւ Չարենցի կեանքին ու գործունէութեան մասին:Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան՝ ամպիոնի աշակերտուհի Ժուլիանա Գամարկօ Մարանօ, որ կարդաց «Երկիր Նայիրի» քերթուածը հայերէնով, իսկ Էլիանա Մաթիաս նոյն քերթուածը կարդաց տեղական լեզուով: Ամպիոնի տեղացի ուսուցչուհի օրդ. Տէյզի Բերէյրա մեկնաբանեց վերոնշեալ քերթուածը: Պատանեկանի անդամներ Մարիանա Հապիպեան եւ Ներսէս Եէկինէրեան արտասանեցին «Մօրս համար գազէլ» ոտանաւորը, իսկ Համազգայինի անդամ Լիա Քիլէճեան արտասանեց Համօ Սահեանի «Մեր լեզուն»: Տիար Ժորժ Կէօզէպէօյիւքեան մեներգեց «Բարի արագիլ» եւ «Արփա Սեւան» երգերը, որոնց ընկերակցեցաւ դաշնակի վրայ իր կինը՝ տիկ. Մարլէն Կէօզէպէօյիւքեան: Պատանեկան Միութեան անդամ եւ Հայ Ազգային Դուրեան Վարժարանի աշակերտ Անտրէ Հապիպեան արտասանեց Չարենցի «Հայաստան» քերթուածը, իսկ դաշնակահարուհի տիկ. Սիրվարդ Աւետիսեան Մոմճեան նուագեց «Կիլիկիա» երաժշտական կտորը: Համազգայինի անդամ տիկ. Հուրիկ Պետոյեան արտասանեց «Ես իմ անուշ Հայաստանի»նի, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի նորակազմ պարախումբը «Քոչարի Պար»ով, ղեկավարութեամբ պարուսոյց պրն. Ռաֆիկ Գրիգորեանի: Տիկ. Սիրվարդ Աւետիսեան նուագեց «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երգը:Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Համազգայինի անդամ Պրոֆ. Յարութիւն Պետոյեան խօսեցաւ Չարենցի պատգամին մասին: Յ. Պետոյեանի խօսքը թարգմանուեցաւ տեղական լեզուի օրդ. Մոնիքա Նալպանտեանի կողմէ:Հանդիսութեան աւարտին Տ. Եզնիկ Ա. Քհնյ. Կիւզէլեան շնորհաւորեց Համազգայինի Վարչութիւնը սոյն նախաձեռնութեան համար: