26 Ապրիլ 2018-ին, նախաձեռնութեամբ «Զօրեան» Հիմնարկին եւ համագործակցութեամբ Մոնթրէալի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, տեղի ունեցաւ պատմաբան եւ քաղաքական գիտութեանց մասնագէտ, ՀայՖայի համալսարանին դասախօս՝ Դոկտ. Սթեֆան Իհրիկի «Justifying Genocide։ Germany and the Armenians from Bismarck to Hitler» գիրքին ներկայացումը, ՀԲԸՄ-ի Տէրվիշեան սրահէն ներս։
Դոկտ. Սթեֆան Իհրիկ, պատմական եւ քաղաքական դիտանկիւնէն, ներկայացուց գերմանացի քաղաքագէտներու եւ ընդհանրապէս Գերմանիոյ կառավարութեան կեցուածքը հայերու եւ հայկական ցեղասպանութեան հանդէպ: Ան գերմանական զանազան հրատարակութիւններէ եւ հեղինակներու գիրքերէ մէջբերումներով բացատրեց, թէ ի՞նչ դրդապատճառներով գերմանացիները արդարացուցած են Թուրքիոյ վարած բնաջնջումի ծրագիրները: Հետագային, անոնք թուրքերէն դասեր քաղելով եզրակացուցած են, թէ փոքրամասնութիւնները կարողականութիւնը ունին արգելք հանդիսանալու նոր եւ հզօր պետութիւններ հիմնելու գործին մէջ, եւ այս համոզումով եւ տրամաբանութեամբ է որ իրենք ալ իրենց կարգին դիմած են հրէական ջարդին, նպատակ ունենալով կառուցել Հիթլերին երազած հզօր Գերմանիան: Ներկայացման աւարտին Տոքթոր Իհրիկ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
Իր փակման խօսքին մէջ, «Զօրեան» Հիմնարկի տնօրէն Գուրգէն Կրէկ Սարգիսեանը ներկաները քաջալերեց անպայման ձեռք ձգելու այս գիրքին իրենց անձնական օրինակը, անդրադառնալով որ նման պատմական իրադարձութիւններու հաւաքական գիտակցութիւնն է, որ պիտի նպաստէ ունենալու հաւաստի ապացոյցներ՝ մեր ազգութեան վերաբերող բոլոր հարցերուն մասին զրուցելու, բանակցելու:
«Սանահին» Մասնաճիւղի Վարչութիւն