Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» հատորին մատուցումը:
Հանդիպումին բացման խօսքը Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին անունով արտասանեց Սեդա Խտըշեան, որ նշեց, թէ Արեւմտեան Պէյրութի լիբանանահայութիւնը մոռացութեան ենթարկուած է նոյնիսկ հայրենակիցներուն կողմէ, եւ այս ձեռնարկը առիթ է հաստատելու, որ շրջանի հայութիւնը իր կարգին մաս կը կազմէ պահանջատիրութեան: Խտըշեան ներկայացուց օրուան հանդիսութեան բնոյթն ու օրուան զեկուցաբերին հակիրճ կենսագրութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Գոհար Գանտահարեան, որ ներկայացուց «Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» հատորը: Ան ըսաւ, որ գործին խորագիրը ինքնին կ’ամփոփէ ամբողջ հատորին բովանդակութեան առանցքը, որ իր կարգին կ’իմաստաւորէ աշխատանքը, հեղինակին նպատակը եւ հատուցման թղթածրարը նախապատրաստողներուն համար անոր կողմէ ընձեռուած տուեալներու եւ ցուցակագրումներու տրամադրումը:
Ան յայտնեց, որ Մսըրլեան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ ապաւինած է նաեւ թրքական աղբիւրներուն` ընդգծելու համար թրքական պատմագիտութեան նախացեղասպանական ժամանակահատուածին վերաբերող մօտեցումն ու այլ խնդիրներ: Գանտահարեան շեշտեց, որ հեղինակը իր պրպտումներուն ընդմէջէն կը հաստատէ, որ հայութեան հայրենիքին վերջնականապէս տիրանալու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի հանրապետական Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:
Մսըրլեանի հատորին ամբողջական արժէքը ներկայացնելէ ետք, Գոհար Գանտահարեան իր խօսքը եզրակացուց հաստատելով, որ նորահաս սերունդին տեղեկութիւններ, մեկնաբանութիւններ եւ վերլուծումներ փոխանցելը խորքին մէջ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի շարունակութեան ապահովման կարեւոր առաջադրանքի իրագործման կը նպաստէ, եւ այս շրջագիծին մէջ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» հատորը կարեւոր զինամթերքով կ’օժտէ պահանջատիրական պայքարի համար մեր օգտագործելիք զինանոցը:
Հատորի մատուցման հաւաքի աւարտին խօսք առաւ «Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» հատորի հեղինակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններու հայութեան բնաջնջման քաղաքականութեան փորձերը տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին: Ան ըսաւ, որ 1919-1923-ի հանգրուանին թուրքերը հայ մնացորդածը ջարդեցին, եւ այս գծով շատ քիչեր տեղեկութիւններ ունին: Մսըրլեան աւելցուց, որ 1929-1930 տեղի ունեցած ներքին տեղահանութիւններուն 130 մանուկներ զոհուեցան, եւ այսօր ո՞վ կը նշէ այս նահատակներուն յիշատակը:
Ան ըսաւ, որ հատորին մէջ լոյս տեսած են թիւեր, նամակներ, փաստաթուղթեր, դաշնագիրներ, որոնք նշեալ հանգրուանի պատմութեան գծով իրականութիւններ կը բացայայտեն եւ տուեալներ կը փոխանցեն: Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան շեշտեց, թէ պէտք է հայկական հարցը առկայծ պահել, եւ այդպէս կը մնայ, այնքան ատեն, որ հայութիւնը պահանջատէր է: