Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեանե երաժշտական քոլեճին, Երեքշաբթի, 15 Յունիս 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթե մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեանե սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան երեկոյ՝ կատարողութեամբ հայրենի տաղանդաւոր ջութակահար Յովիկ Գարախանեանի, ներկայութեամբ արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու: Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Բարսեղ Կանաչեանե երաժշտական քոլեճի տնօրէն, դաշնակահար Արմէն Քեչեկ:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթե մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ «Լեւոն Շանթե մշակութային կեդրոնը իւրաքանչիւր արուեստասէրի եւ արուեստագէտի տունն է: Ան ըսաւ, որ Յովիկ Գարախանեան մասնակցած է բազմաթիւ փառատօններու եւ արժանացած մեծաթիւ մրցանակներու: Տեմիրճեան աւելցուց, որ Գարախանեան տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած է ելոյթներ, ինչպէս՝ Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Յունաստանի մէջ:
Ապա բեմ բարձրացան ջութակահար Յովիկ Գարախանեան եւ դաշնակահար Արմէն Քեչեկ, որոնք շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին նուագեցին Պեթհովենի եւ Պրահմզի ստեղծագործութիւններէն: Երաժշտական երեկոյի վերջին նուագն էր Կոմիտասի «Կռունկեը, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:
Գարախանեանի այս ելոյթը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ, որպէսզի հանդիսատեսները վայելեն երաժշտական բարձրորակ մթնոլորտ, ունկնդրեն դասական երաժշտութիւն եւ մասնակից դառնան Համազգայինի առաքելութեան:
Այս առիթով Յովիկ Գարախանեան «Ազդակեի թղթակիցին յայտնեց, որ դասական երաժշտութեան այս երեկոն Լիբանանի իր անդրանիկ կատարումն է, եւ այս դիտանկիւնէն անոր համար ունի իր իւրայատուկ արժէքն ու կարեւորութիւնը: Գարախանեան աւելցուց, որ հայերը հարուստ են դասական երաժշտութեամբ, որ դժբախտաբար մոռացութեան կը մատնուի, եւ այս գծով պէտք է աշխատանք տանիլ՝ պահպանելու համար մեր մշակութային ժառանգութիւնը: