Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս սիփւռքահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի երեք գիրքերուն` «Սեմեր», «Տարմ» եւ «Կրկնագիր մարդը», որոնք լոյս տեսած են Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն:
Գրական ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Շաղիկ Մկրտիչեան` յայտնելով, որ ձեռնարկը լաւագոյն առիթն ու փորձն է գրասէր հասարակութեան հանդիպելու գիրքերու հեղինակին հետ: Ապա Մկրտիչեան առիթ տուաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, որ ուղղէ իր խօսքը շնորհահանդէսին առիթով: Վերջինս ըսաւ, թէ Համազգայինի գանձարանը հարստացած է Գրիգոր Պըլտեանի կոթողային գործերով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Պըլտեանին, որ գիրքերուն հրատարակութիւնը վստահած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան: Ապա Շաղիկ Մկրտիչեան շարունակեց խօսքը ըսելով, որ եթէ հրատարակուած գիրքերը կը վկայեն որոնող մտքի մը եռանդին ու ժրաջան աշխատանքին մասին, միւս կողմէ կը յուշեն ոչ յառաջադէմ ընթացիկ, կրկնողակի, վերանորոգ ուժականութիւն ցուցաբերելով առարկայական պայմաններուն մէջ մեր գաղութին վերապահուած անակնկալներուն մասին:
Շաղիկ Մկրտիչեան հակիրճ ներկայացուց Գրիգոր Պըլտեանի «Տարմ» եւ «Սեմեր» գիրքերը: Ան ըսաւ, թէ «Տարմ»-ը իր մէջ կը խմբէ բազմառատ փորձ- ընթերցումներ, իսկ «Սեմեր» գործին մէջ ձայն մը նկարներ կը տրամադրէ գրողին, որ գրէ անոնց մասին: Այստեղ առաջ կը դրուին ժամանակի հարցը, աղէտի խնդիրը, մանաւանդ երբ ժամանակը կրնայ մեքենականօրէն յուշի առասպելի շատ ծանօթ կառոյց մը առաջ բերել: