Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ին, կրկին մշակոյթի տօն էր քուէյթահայութեան գրասէր հասարակութեան համար: Արդարեւ` Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմի Գրական-Դաստիարակչական Յանձնախումբը, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս կազմակերպած էր հերթական գրական երեկոն, նուիրուած այս անգամ արեւմտահայ բանաստեղծական գագաթներէն` բնութեան եւ անանձնական սիրոյ երգիչ` Միսաք Մեծարենցի մահուան 110 ամեակին:
Սոյն ձեռնարկին, որ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ Հալէպի Ռատիօ Երազէն, իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս խումբ մը արուեստասէր երիտասարդներ, ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ Զօպույեանին: Ձեռնարկի բացումը կատարեց Յանձնախումբի ատենապետուհի Թինա Թասլաքեան, որմէ ետք յաջորդաբար Մայտա Մովսէսեան, Անժելա Սարգիսեան եւ Նարինէ Արապաթլեան ոգելից ընթերցումներ կատարեցին հեղինակին գործերէն` «Կեանքի երգը», «Հոգեհանգիստ», «Տկճորին երգը», «Եկո՛ւր» եւ «Բաժնուած սիրտեր», ընդմիջուած՝ Յակոբ Թադոյեանի «Սիրերգ»ի եւ Լիլա Կարապետեանի հետ «Երազ Օրեր» զուգերգի գեղեցիկ կատարմամբ: Ուշագրաւ էր, կատարումներու ֆոնին վրայ Միսաք Մեծարենցի կերպարի անձնաւորումը` Կարօ Նարեկ Կարապետեանի կողմէ, որ ներկայացնելով Մեծարենցը իր հիւանդութեան վերջին շրջանին, աւելի եւս զգալի դարձուց վաղաժամ մահուան թեւածող շուքը եւ խորհրդաւորութիւնը սրահին մէջ:
Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին դաշնամուրի ընկերակցութեամբ` Հայկուհի Բազեան, Պերճ Շահպազեան, որ իրականացուց Մեծարենցի կերպարի բեմականացումը եւ Քրիստ Սերոբեան, որ մէջբերումներ կատարեց Մեծարենցէն:
«Հիւանդ, հանճարեղ պատանին» խորագրին տակ, օրուան բանախօս՝ Ճորճ Արապաթլեանը, ինքնատիպ ոճով եւ շատ հաճելի ու հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց Մեծարենցի կեանքն ու գործունէութիւնը, անդրադառնալով հայ գրականութեան մէջ անոր թողած անկրկնելի հարստութեան, մարդկութեան հանդէպ ունեցած անոր անհուն սիրոյն ու գութին, մարմնացուած բնութեան լեզուով։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Առաջնորդ Հօր պատգամով, որուն մէջ ան վեր առաւ Մեծարենցի արժէքը եւ ջերմօրէն գնահատեց ձեռնարկը, անոր կազմակերպիչներն ու կատարողները:
Ներկաները բաժնուեցան խոր տպաւորութեամբ եւ նմանատիպ ոգեշունչ ձեռնարկներու սպասումով։