Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Գուսան» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ Շաբաթ 7 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Մեծն Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ՝ Centre Armenie-ի սրահէն ներս, Լաւալ: Հիւրաբար այս ելոյթին համար քաղաքս հասած երգչախումբը ներկայացաւ թիւով շուրջ չորս տասնեակ քառաձայն անդամներով, խմբավարութեամբ՝ Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Վանիկ Յովհաննիսեանի:
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհին՝ Թամար Շահինեան, ընդգծեց զոյգ մասնաճիւղերուն սերտ համագործակցութիւնը ընդհանրապէս ու մանաւանդ՝ այս առթիւ, եւ որուն արգասիքն է ներկայ ելոյթը:
Դադարին՝ մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբէն Քարէն Եփփէ Սերայտարեան, խօսք առնելով անդրադարձաւ զոյգ արուեստագէտներուն՝ խմբավարին ու դաշնակահարին վաստակներուն իրենց արուեստի բնագաւառէն ներս:
Բծախնդրօրէն համադրուած՝ թիւով քսանէ աւելի դասական եւ ժողովրդական երգերու ընտրանիին մաս կազմեցին ծանօթ ու նոր ստեղծագործութիւններ, նաեւ հոգեթով մենակատարումներ Գոհար Գրիգորեանի, Սեւակ Յարութիւնեանի, Մինէ Ծատուրեանի, Նուէր Ղազարեանի եւ Լեւոն Գարակիւլէեանի կողմէ։ Երկու բաժիններով մատուցուած երգերու ջերմ ընդունելութիւնը ներկաներուն կողմէ ուռճացաւ՝ հասնելով բարձր աստիճանի ոգեւորութեան, աւարտին՝ սրահը արդէն յոտնկայս ծափողջոյններ կը բարձրացնէր: Ելոյթը կ'արտացոլէր համազգայնականներու ազնիւ ու բծախնդիր աշխատանքը, տարածելով հայ երգի հոտը որպէս խունկի բուրմունք՝ հաղորդելով ներկաները հայ հոգիի հարազատութեամբ:
Նուաճում մըն է այս ելոյթը նաեւ՝ որպէս Համազգայինի կազմակերպութեամբ ի գին մեծ զոհողութիւններու իրականացած ձեռնարկ. երգչախումբ պահելը խիզախութեան կը կարօտի եւ նոյնպէս՝ հիւր-ելոյթ կազմակերպելը: Պատասխանատու այս ելոյթով Համազգայինը անգամ մը եւս ներկայացաւ հանրութեան՝ իր առաքելութեան յանձնառու եւ նախանձախնդիր, այս առթիւ պահպանելով եւ հրամցնելով Հայ երգի նշխարը Հայ հոգիի սկիհով:
Ջերմ մթնոլորտը շարունակուեցաւ երկար, Լաւալի Հայ Կեդրոնէն ներս. «Սանահին» մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ։ Երգչախումբի անդամներն ու «Սանահին», «Գլաձոր» եւ Շրջանային վարչութենէն ներկայացուցիչներ համադամ ընթրիքի սեղանին շուրջ, երգերով, նուագով ու ասմունքներով անմոռանալի պահեր պարգեւեցին բոլորին։