«Ասպարէզ».- Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական յանձնախումբին, Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ գորգագործութեան արուեստի դասընթացք մը՝ «Ջուլհակի Գորգ» անունով։
Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ կայացած ձեռնարկին ներկայ էին կոկիկ հասարակութիւն մը եւ շուրջ 20 աշակերտներ՝ զանազան տարիքի:
Գորգագործութեան դասընթացքը կը ներկայացնէր Տիթրոյիթէն յայտնի արուեստագէտ եւ գորգագործ Լեւոն Գաֆաֆեանը, որ եղած է Միշիկընի մէջ «Fringe Society» արուեստագէտներու միութեան հիմնադիրը: Լեւոն Գաֆաֆեան դասաւանդած է Birmingham-Bloomfield Art Center-ի, College For Creative Studies-ի, ինչպէս նաեւ Museum of Contemporary Art Detroit-ի մէջ, եւ վկայուած է College For Creative Studies-էն՝ մանրադերձանի եւ ձեռարուեստի BFA վկայականով: Ան Wayne State University-էն նաեւ BA վկայական ունի մարդաբանութեան ճիւղին մէջ:
Աշխատանքի չորս ժամերուն ընթացքին, մասնակիցները կարելիութեան սահմանին մէջ տեղեկութիւններ ստացան հայկական գորգագործութեան պատմութեան մանրամասնութիւններուն մասին եւ ծանօթացան ջուլհակութեան նրբութիւններուն։ Ապա, Գաֆաֆեան ցուցադրեց մանելու եւ հիւսելու նրբութիւնները, ինչպէս նաեւ ճերմակ դերձանները գունաւորելու ձեւերը։ Այսպիսով, մասնակիցները ընդհանուր գաղափար ունեցան գորգի պատրաստութեան ու նրբութիւններուն մասին:
Նուպար Տէմիրճեան