Արցախի մէջ պետականութեան վերահաստատում
(1917 Դեկտեմբեր – 1918 Յուլիս)
Պատմագիտական եւ քաղաքագիտական հայեցակէտեր
20 Ապրիլ 2018ին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը եւ Արցախի Պետական Համալսարանը կը կազմակերպեն գիտաժողով մը նուիրուած Արցախի մէջ պետականութեան վերահաստատման գործընթացի 100ամեակին։
1917 թուականի Փետրուարեան յեղափոխութենէն եւ մասնաւորաբար նոյն թուականի Հոկտեմբերի պետական յեղաշրջումէն ետք, նախկին ռուսական կայսրութեան տարածքին մէջ ստեղծուեցաւ քաղաքական անկայուն վիճակ։ Նախկին իշխանութեան մարմինները դադրեցան աշխատելէ։ Երկրի զանազան շրջաններու մէջ զգալի էր իշխանութեան բացակայութիւնը։
Արցախի շրջաններու մէջ առկայ էին յանցագործներու խմբակներ, որոնք անարգել կը թալանէին հայ բնակչութիւնը։
Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ երկրի մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու նպատակով Հ.Յ.Դ. Ապառաժի կոմիտէն նպատակայարմար գտաւ կազմել լիազօր մարմին մը՝ մէկտեղելով աշխատող քաղաքական բոլոր ուժերու ջանքերը։ 24 Դեկտեմբեր 1917ին Շուշիի մէջ կը ստեղծուի իշխանութեան այդ մարմինը, որ հետագային կոչուեցաւ Միջկուսակցական Բիւրօ։ Մարմինը օժտուած էր օրէնսդիր եւ գործադիր գործառնութիւններով։
Արցախահայութեան առաջին համագումարին ժամանակ (22-26 Յուլիս 1918) նոր իշխանութեան ձեւաւորման ընթացքը իր տրամաբանական աւարտին հասաւ։ Փաստօրէն, մինչեւ ազերի պետութեան յառաջացումը (Մայիս 1918) արցախահայութիւնը սկսած էր վերահաստատել իր պետականութիւնը՝ ըլլալով տարածաշրջանային գործօն մը։
Այս պատմական փաստերը կը հերքեն Արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի ընթացքին Ազրպէյճեանի տարածքային ամբողջականութեան մասին ներկայիս աշխուժօրէն շրջան ընող կարծիքները։
Գիտաժողովի կայացման պայմաններ
Գիտաժողովին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է մինչեւ 30 Յունուար 2018 artsakh@hamazkayin.com հասցէին ուղարկել ամբողջացուած դիմումը։ (Յաւելուած 1)։
Զեկուցումներու ներկայացման վերջին ժամկէտն է՝ 20 Փետրուար 2018։ (Յաւելուած 2):
Գիտաժողովի աշխատանքային լեզուներն են հայերէնը, անգլերէնը եւ ռուսերէնը:
Զեկուցումները պիտի հրատարակուին ժողովածուով մը։
Յաւելուած 1
Գիտաժողովի մասնակցութեան դիմում
Անուն, Մականուն, Հօր անուն |
|
Աշխատանքի վայր/համալսարանի ամբողջական անուանում, քաղաքը |
|
Գիտական աստիճան |
|
Հեռաձայնի թիւ, ելեկտրոնային հասցէ |
|
Զեկուցման խորագիր |
|
Զեկոյցի ամփոփում |
|
Յաւելուած 2
Ներկայացուելիք զեկուցումներու պայմաններ
- Զեկոյցի ծաւալը պէտք չէ գերազանցէ 10 տպագիր էջը, թուղթի չափ՝ A4, լուսանցքները՝ 2 սմ. Բոլոր կողմերէ։
- Տառատեսակը.- հայերէնը` Sylfaen, անգլերէնը` Times New Roman:
- Տառաչափը` 12, միջտողային տարածութիւն` 1.5:
- Զեկուցումի սկիզբը կը գրուին հեղինակին անունը, մականունը (գլխագիրով), խորագիրը (գլխագիրով)։ Աւարտին կը նշուին հեղինակի գիտական աստիճանը եւ կոչումը, աշխատանքի վայրը, պաշտօնը եւ ելեկտրոնային հասցէն։
- Յղումները կը նշուին տողատակի մէջ՝ աճման կարգով, տառաչափը՝ 10, կը նշուին աղբիւրի հեղինակը, խորագիրը, հատորը, հրատարակութեան վայրը, տարին (մամուլի պարագային նաեւ համարը) եւ էջը։
- Զեկոյցը կարելի է ներկայացնել հայերէն, ռուսերէն կամ անգլերէն լեզուներով: Յօդուածը պէտք է ունենայ երկլեզու ամփոփում եւ բանալի բառեր։ Ամփոփումները պէտք է բաղկացած ըլլան 50-60 բառերէ, իսկ բանալի բառերը՝ 5-10։
ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ԿԱԶՄԿՈՄԻՏէ
Վալերի Աւանէսեան – Արցախի Պետական Համալսարան, պատմութեան գիտութիւններու դոկտոր, գիտական աշխատանքներու գծով փոխ տնօրէն
Արմինէ Առուստամեան – Արցախի Պետական Համալսարանի պատմութեան ամբիոնի դեկան, պատմութեան գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ
Վարդգէս Սաֆարեան – Պատմութեան գիտութիւններու թեկնածու, Արցախի Պետական Համալսարանի աւագ դասախօս
Լեռնիկ Յովհաննիսեան – Արցախի Պետական Համալսարանի պատմութեան ամբիոնի աւագ դասախօս
Էդիկ Մինասեան - Երեւանի Պետական Համալսարանի պատմութեան ամբիոնի դեկան, Պատմական գիտութիւններու դոկտոր
Վիգէն Թիւֆէնքճեան – Գրականագէտ (Գանատա)
Սպարտակ Ղարաբաղցեան – Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրամի նախագահ (Հայաստան)
Գիտաժողովի կայացման վայր՝
Արցախի Պետական համալսարան
ք.Ստեփանակերտ, Մխիթար Գոշ փ #5:
Հարցերու համար դիմել
«Համազգային»ի Արցախի գրասենեակ
ք. Ստեփանակերտ, Կնունեանցների #17
ել հասցէ`artsakh@hamazkayin.com