Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի, Համազգայինի պարարուեստի դպրոցը Ուրբաթ, 22 Մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ լիբանանահայ հանրութեան դատին յանձնեց աւելի քան եօթը ամսուան հետեւողական ջանքերուն արդիւնքը հանդիսացող «Գայեանէ» պարախումբի ոգեւորիչ ու յուսադրիչ տարեկան ելոյթը:
Աւելի քան 230 մանուկներ եւ պատանիներ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ արուեստով թնդացուցին սրահը, ուրկէ հնչող հայկական եւ օտար երաժշտութեան կշռոյթներով բռնուած պարերուն ընդմէջէն «Գայեանէ»-ի աշակերտները եկան հաստատելու, որ լիբանանահայութիւնը ունի հայկականութեամբ օժտուած, հայկական մշակութային արժէքներուն գիտակ սերունդներ: