Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2008ի կէսօրէ ետք Ճեմարան այցելեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Մարթին Եսայեան եւ իր կինը, ինչպէս նաեւ հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեան:
Անոնք դիմաւորուեցան Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի, Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ Բենիամին Պչաքճեանի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Անդրանիկ Մըսըրլեանի եւ Մկրտիչ Եափուճեանի կողմէ:
Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Ճեմարանի կառոյցին, ընդհանուր ծրագիրներուն եւ անոր պատասխանատուներուն հետ: Անոնք շրջագայեցան Ճեմարանի զանազան բաժանմունքները, այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզ, Ճեմարանի շէնքը եւ շինութեան մէջ գտնուող «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահը: Անոնք յատուկ ուշադրութեամբ այցելեցին Ճեմարանի գրադարանը, ուր կը պահուին աւելի քան 60.000 գիրքեր, հսկայական մամուլի հաւաքածոն եւ հնատիպ հրատարակութիւններու բաժինը:
Ընկ. Տիգրան Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Կիւլպէնկեան հաստատութեան ջերմ վերաբերմունքին համար եւ անոր մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ: