Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Երկուշաբթի, 22 Յունիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2008-2009 կրթական տարեշրջանի աւարտական դասարաններու աշակերտներուն համերգն ու վկայականաց բաշխումը՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, համազգայնականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ նշեց, թէ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնները լաւագոյն առիթներն են ներկայացնելու համար աշակերտներուն տարիներու գործունէութիւնը: Ան հաստատեց, թէ քոլեճը իր 25-ամեակը թեւակոխեց նորանոր նուաճումներով եւ յաջողութիւններով, որոնց լաւագոյն ապացոյցները մեր շրջանաւարտներն են:
Արմէն Քեչեկ ըսաւ, թէ այս տարի «Բ. Կանաչեան» քոլեճին մէջ բացուեցան շեփորի, քլարինեթի, վիոլայի, ելեկտրոնիկ տրամզի եւ հայկական քանոնի դասարանները, որոնք դասաւանդուած գործիքներուն մէջ ստեղծեցին յաւելեալ այլազանութիւն:
Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան քոլեճի շրջանաւարտները, որոնք նուագեցին մէկական ստեղծագործութիւններ Պեթհովէնէն, Սորէն, Շոփենէն, Կոմիտասէն, Պապաճանեանէն եւ այլ երաժշտահաններէ:
Վկայականաց բաշխման պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ քոլեճի տնօրէնին եւ Բարսեղ Կանաչեանի դուստր Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի ձեռամբ. 2008-2009 տարեշրջանի եօթնամեայ երաժշտական դպրոցի վկայականներ ստացան Մարիա Մանկասարեան, Լիանա Պուճիքեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Նազարէթ Նազարէթեան: Իսկ Երաժշտական քոլեճի վկայականներ՝ Ռազմիկ Տօնիկեան, Բալիկ Խտըրլարեան, Լալէ Հաւաթեան եւ Արեգ Տաքեսեան:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: