Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանրածանօթ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, արուեստագէտներու, պաշտօնական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի, նախկին նախարար Ռէյմոն Աուտէի, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութեան:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկաները եւ վեր առաւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի գեղարուեստական ու նկարագրային յատկութիւնները: