Կիրակի 29 Մարտին Վալանսի հայկական ռատիօկայանէն ուղղակի սփռումով տեղի ունեցաւ բազմաձայն զրոյց մը: Ծրագիրը կայացաւ Ֆրանսայի Բարեջան Առաջնորդ Գեր. Տէր. Նորվան Զաքարեանի հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Լեւոն Շանթ մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ եւ գործակցաբար Համազգայինի Մարսիլիոյ Ճեմարանի պատասխանատուներուն: Զրոյցին նպատակն էր Վալանսի եւ շրջակայքի հայութիւնը ծանօթացնել Ճեմարանի առօրեայ կեանքին, ուսումնական, մանաւանդ հայերէն լեզուի դասաւանդութեան ընթացքին եւ արդիւնքներուն:
Հարցազրոյցին կը մասնակցէին Մարսիլիոյ Ճեմարանի տնօրէնուհի Սեդա Պիպերեան, խնամակալութեան անդամ Սիմոն Մնակեան, հայերէնի ուսուցիչներ Սօսէ Մնակեան եւ Հրաչ Վարժապետեան. հարցազրոյցը վարեցին Սօսի Պայրամեան եւ Կարպիս Տէր Գրիգորեան, իսկ Համազգայինի աշխարհատարած գործունէութիւնը ներկայացուց Մարալ Հարպոյեան: Սիմոն Մնակեան ճիգ չէր խնայած զրոյցի հարցարանի պատրաստութեան, երգերու ու երաժշտութեան բացառիկ ընտրութեան. ձայնի հաղորդավարն էր Սամուէլ Ղազարեան: Հեռաձայնային ուղիղ կապ հաստատուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի, Մարսիլիոյ Ճեմարանի առաջին տնօրէն Յակոբ Պալեանի եւ Սրբազան Հօր հետ (Փարիզ): Անոնք խօսեցան հայը հայ պահելու ի խնդիր Ճեմարանի սրբազան առաքելութեան մասին:
Հարցազրոյցին ընթացքին նախկին աշակերտներ եւ ծնողներ կապուեցան ու վկայեցին Ճեմարանի հայապահպանման կարեւոր դերին մասին:
Այս զրոյցի պատեհ առիթէն օգտուելով կոչ ուղղուեցաւ վալանսահայութեան նեցուկ կանգնելու Մարսիլիոյ Ճեմարանին՝ բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ, որպէսզի մեր ազգակից մանուկները մեծնան Հայկի շունչով, Մաշտոցի զէնքով ու Վարդանի հաւատքով: