Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» Մեկուսի Մասնաճիւղի թատերական յանձնախումբին, Ուրբաթ, 30 Մարտ 2012-ին, բեմ բարձրացան խումբ մը թատերասէր երիտասարդներ, «Ժորժ Սարգիսեան Թատերական Միաւոր» անունին տակ եւ ներկայացուցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կռունկը կը կանչէ» թատրերգութիւնը՝ բեմադրութեամբ Նորայր Գազանճեանի։
Աւելի քան երկու ժամ տեւողութեան, հանդիսատեսը մնաց միշտ լարուած վիճակի մէջ՝ սպասելով յաջորդ արարի իրադարձութիւններուն: 15 դերակատարներէն միայն երկուքը թատերական փորձ ունեցած են անցեալին գաղութէն ներս, անոնք են Սեդա Մանկասարեան-Պալիօզեանն ու Ալիս Մսրլեանը, որոնք ինչպէս միշտ մեծ վարպետութեամբ ու դերասանական անթերի հմտութեամբ կատարեցին իրենց դերերը արժանանալով հանդիսատեսի բուռն գնահատանքին:
Մարտօ Յովսէփեան եւ Մասիս Քահքէճեան յաջողութեամբ կրցան ներկայացնել իրարու հակադրուող կերպարներ: Ազգասէր մարդու եւ ազգութիւնը ուրացող անհատի բախումը իր խոր ներգործութիւնը ունեցաւ հանդիսատեսի հոգիին մէջ:
Ատեփի դերով ներկայացող Ճորճ Արտակ Էլէյճեանին երկուութեան տառապանքը նոյնպէս հասաւ հանդիսատեսին: Հա՞յ թէ Աւստրալիացի, այս ին՞չ անբնական բախում մը յառաջացաւ իր հոգիին մէջ երբ իմացաւ իր հայկական ծագումը, երբ կռունկը կանչեց զինք....: Այդ կանչը իր արեան կանչն էր իր արմատներէն բխող:
Մարիա Պաղտոյեանը իբրեւ Աւստրալիացի, երբեք պիտի չկարենար հասկնալ այն հոգեկան տագնապը, զոր կ՛ապրէր իր սիրած տղան։
Նոյնը չէր սակայն պարագան Շաղիկ Էլէյճեանին, որ թէեւ Աւստարլիա ծնած հայ աղջիկ էր, բայց կրնար հասկնալ ու ըմբռնել Ստեփին հոգեկան խռովքը, որովհետեւ հայեցի դաստիարակութեամբ հասակ նետած էր եւ հայօրէն կ՛ապրէր ու կը մտածէր:
Նազարէթ Էլէյճեան, Ալեն Դաւիթեան, Յակոբ Մանուէլեան, Սեւակ Ղազարեան եւ Խաչիկ Մանճիկեան կրցան յաջողութեամբ ներկայացնել հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող միջ-կուսակցական բախումները եւ անոր իբրեւ արդիւնք հայկական գաղութներէն ներս շարունակուող կազմակերպական կեանքի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Նժդեհ Գալլէշեանն ու Նաթալի Պաղտոյեանը նոյնպէս կրցան յաջողութեամբ ներկայացնել իրենց ստանձնած կերպարները, իսկ փոքրիկն Գէորգ Գազանճեանը հանդէս եկաւ իբրեւ ապագայի խոստումնալից դերասան:
Խորապէս ակնյայտ էր բեմադրիչ Նորայր Գազանճեանի մասնագիտական ու բծախնդիր ներդրումը այս աշխատանքին մէջ: Ան բեմադրութեան կողքին ստանձնած էր նաեւ բեմական ձեւաւորումը, երաժշտութիւնն ու լուսաւորումը, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունին թատրոնին յաջողութեան մէջ:
Վարձքը կատար վարագոյրի ետեւ աշխատող մեծ թիւով անձնակազմին անխտիր։