Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 15 Դեկտեմբեր 2016-ն պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է գրող, ազգային-պետական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով:
Բացման խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ընթերցուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` ուղղուած Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի մասնակիցներուն: «Աւ. Ահարոնեանը իր ժողովուրդը յաւերժացնող մեծերէն է: Ինք արդէն մեր ազգային հզօր կարելիութիւններու թանձրացումն է, որ հանգամանքներու բերումով միշտ հեռացուած էր իրեն ծնող ժողովուրդի լինելութեան ընթացքէն: Այս գիտաժողովի կարեւոր առաքելութիւնն ալ անոր ամբողջական վերադարձի ապահովումն է», ըսած է նախարարը:
Ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ուղերձը` յղուած գիտաժողովի մասնակիցներուն:
Գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկած են գիտնականներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Առաջին նիստը սկսած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի «Աւետիս Ահարոնեան մարդը, քաղաքացին, գրողը» նիւթին զեկուցումով, ուր հանգամանօրէն քննութեան ենթարկուած է մեծ հայուն մարդկային եւ քաղաքացիական կերպարը: Իր խօսքին մէջ գրականագէտը առաջարկած է հրատարակել Աւետիս Ահարոնեանի ստեղծագործութիւններու ամբողջական ժողովածուն եւ անոր անունով դպրոց կոչել Երեւանի մէջ:
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Դեւրիկեան ներկայացուցած է «Ժողովրդական աւանդութիւնները Աւետիս Ահարոնեանի պատմուածքներուն մէջ» զեկուցումը: Ան նշած է, որ Ահարոնեանի ծննդավայր Սուրմալուի գաւառը կը գտնուի հայկական երկու մեծագոյն խորհրդանիշերուն` Արաքս գետին ու Արարատ լերան միջեւ, բան մը, որ կանխորոշած էր գրողին, քաղաքական եւ հասարակական գործիչին աշխարհընկալումը:
Հայ գրականութեան դոկտոր Գրիգոր Պըլտեան (Ֆրանսա) ուշագրաւ զեկուցում ներկայացուցած է` «Աւետիս Ահարոնեան խորհրդապաշտ» նիւթով: Խօսելով խորհրդանիշերուն մասին` ան շեշտած է, որ երբ Ահարոնեան գրողը լռութիւն կ՛ըսէ, կը հասկնայ մեթերլինքեան լռութիւնը:
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Էդիկ Մինասեան անդրադարձած է «Աւետիս Ահարոնեանի դիւանագիտական գործունէութիւնը» նիւթին` մէջբերելով Ահարոնեանի մասին ֆրանսացի պետական գործիչ, դիւանագէտ Արիսթիտ Պրիանի խօսքերը. «Ահարոնեաններ ունեցող ազգը չի կրնար կորսուիլ»:
Երկրորդ նիստը սկսած է Պետրոս Դեմիրճեանի` «Աւետիս Ահարոնեանի անհատականութեան էութեան մասին» զեկուցումով, որուն յաջորդած է Յովհաննէս Գրիգորեանի ներկայացուցած զեկուցումը` «Աւետիս Ահարոնեան ՀՅԴ-ի 1912 թուականի դատավարութեան փաստաթուղթերուն մէջ» խորագիրով: Անկէ ետք Անահիտ Յակոբեան ներկայացուցած է «Աւետիս Ահարոնեանի ինքնակենսագրական պատումի ներժանրային հարստութիւնը» նիւթը:
«Աւետիս Ահարոնեանը եւ անոր ստեղծագործական արժէքները` քննադատական միտքի գնահատմամբ» նիւթով զեկուցում կարդացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան: Ան ողջունած է գիտաժողովի կազմակերպումը` իբրեւ գրական համաներման, Ահարոնեանի գնահատման, վերարժեւորման հրաշալի նախաձեռնութիւն: Ահարոնեանի ստեղծագործութեան, քաղաքական, դիւանագիտական գործունէութեան վերաբերեալ ուշագրաւ զեկուցումներ ներկայացուցած են բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Աստղիկ Բեքմեզեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Պետրոս Դեմիրճեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Յովհաննէս Գրիգորեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Տիանա Համբարձումեան:
Փիլիսոփայութեան մագիստրոս Յարութիւն Քիւրքճեան (Յունաստան) հանդէս եկած է «Ահարոնեան` արուեստագէտ ազգագիր-պատմագիր ամենայն հայոց» զեկուցումով` շեշտելով, որ սփիւռքի հայութեան համար Ահարոնեանն է ամենայն հայոցը:
«Եղիշէ Չարենց եւ Աւետիս Ահարոնեան» նիւթով զուգահեռներ գծած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Սէյրան Գրիգորեան:
Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան) ներկայացուցած է «Նշումներ Աւետիս Ահարոնեանի հասարակական եւ ժողովրդական գործունէութեան մասին» նիւթը:
Ուշագրաւ էին նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտ Խաչատրեանի, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Համօ Սուքիասեանի, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Քնարիկ Աբրահամեանի զեկուցումները:
Գիտաժողովը ամփոփուած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Յովհաննէս Զատիկեանի «Աւետիս Ահարոնեանի քաղաքական բառարանը» նիւթով զեկուցումով, ուր Ահարոնեան արժեւորուած է իբրեւ հայկական դիւանագիտութեան նախակարապետ: Զատիկեանի համաձայն, Աւետիս Ահարոնեանի նամակները` ուղղուած Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, պէտք է առանձին ուսումնասիրութեան առարկայ դառնան:
Տեղի ունեցած է քննարկում եւ հարց ու պատասխան: Գիտաժողովին նպատակը Աւետիս Ահարոնեան մարդը, գրողը, բանաստեղծը, քաղաքական-հասարակական գործիչը, դիւանագէտը նորէն արժեւորել, զայն իր ժողովուրդին վերադարձնելն էր, նաեւ` անկախ Հայաստանի մէջ անկախութեան առաջին ջատագովը բարձրացնել եւ արժեւորել: