Շնորհիւ Համազգային Մշակութային Միութեան, Լոս Անճելըսի հայ դպրոցներուն մէջ հնչեցին հայ երգն ու երաժշտութիւնը։ Հայ սփիւռքը, հայրենիքն ու Արցախը երգող շարադրութիւններ հիւսուեցան, բեմերէն հնչեցին հայրենաշունչ խրոխտ բանաստեղծութիւններ, գեղեցիկ պաստառներու վրայ գծագրուեցան մայր հայրենիքը ներկայացնող զանազան պատկերներ, ու վերջապէս, մեր պարմանուհի հայուհիներու հեզաճկուն պարերով զարդարուեցան բեմերը:
Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ մշակոյթի յատուկ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Մրցանակակիր աշակերտներ անհամբեր կը սպասէին Ապրիլ 1-ին Հայ Քոյրերու վարժարանէն ներս տեղի ունեցած մրցոյթի արդիւնքներուն: Ծնողներ եւ ուսուցիչներ հրաւիրուած էին ըմբոշխնելու առաջնակարգ աշակերտներու ելոյթները:
Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Ուզունեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց, ապա ձեռնարկին մասին կարճ տեղեկութիւն տալով՝ ըսաւ, թէ վերոնշեալ մրցոյթին մասնակցած էին 123 աշակերտներ՝ հինգ տարբեր դպրոցներէ, որոնք են՝ Ազգ. Ալէք Փիլիպոս, Ազգ. Շամլեան, Հայ Քոյրերու, Ազգ. Մեսրոպեան եւ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանները. Ուզունեան աւելցուց, որ մրցումը տեղի ունեցած էր վեց մարզերու մէջ՝ գծագրութիւն, շարադրութիւն, երգ, նուագարանային երաժշտութիւն, ասմունք եւ պար, ապա հրաւիրեց օրուան հանդիսավարուհին՝ Մարալ Վարժապետեանը, որ ստանձնած էր սոյն մրցոյթին կազմակերպչական ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։
Վարժապետեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Նոր սերունդը ներգրաւելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է նմանօրինակ ձեռնարկներ կազմակերպելը՝ համագործակցութեամբ հայ վարժարաններու ուսուցիչներուն ու տնօրէնութեանց, եւ մենք յաջողեցա՛նք իրականացնել այդ մէկը՝ վերջին վեց ամիսներուն աշխատելով մեր հայ ուսուցիչներուն հետ։ Եւ ահա՛ այսօր, մեր նախաձեռնութեան վերջին հանգրուանն է, ուր աշակերտին առիթ կը տրուի իմաստաւորելու եւ արժեւորելու այս իւրայատուկ փորձառութիւնը իր պատանեկան անուշ յիշատակներուն մէջ»:
Ապա ան աւելցուց. «Աշակերտը իր դպրոցական տարիներուն շատ բաներ կը սորվի ու ընդհանրապէս սորվածներուն մեծ տոկոսը կը մոռնայ, սակայն այս տեսակի ձեռնարկ մը յստակօրէ՛ն կը քանդակուի իր միտքին ու հոգիին մէջ»:
Վարժապետեան իր խօսքը եզրակացուց՝ ըսելով. «Այսօր, Համազգային Մշակութային Միութիւնը վաղուան մշակութասէր անձը պատրաստելու իր դերը լիուլի՛ կատարած է»: