Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ
Հինգշաբթի, 13 Մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ «Ժպիտ» բարեսիրական կազմակերպութեան, ներկայութեամբ մեծ թիւով արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու բազմութեան մը, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ ցուցասրահի բարերար արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի անհատական ցուցահանդէսին: