Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Շահէն Խաչատրեանի պատրաստած Այվազովսքիի նուիրուած վերջին երկլեզու ալպոմին շնորհահանդէսը:
Այս առիթով բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Նորայր Նաճարեան, որ ներկաներուն յայտնեց, թէ հեղինակը այս ալպոմը պատրաստած է մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի հասարակութեան համար երկլեզու` արաբերէն եւ անգլերէն, եւ անոր մէջ առաջին անգամ ըլլալով զետեղուած են Այվազսվսքիի եգիպտական բնանկարները: