Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ «Եռագոյն Ֆոնտ»-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արթիւր Ք.ի (տոքթ. Յարութ Նիկոլեան) գործերու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանրութեան:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի տպարանի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ մեծապէս գնահատեց Արթիւր Ք.ի գործունէութիւնը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտին, որ ցուցահանդէսին հասոյթը կը տրամադրէ «Ազդակ»-ին եւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդը անցեալին տէր կանգնած է իր մշակոյթին եւ գրականութեան, ինչ որ գոյատեւման գլխաւոր երաշխիքն է:
Հերկելեան յայտնեց, որ Արթիւր Ք. էութեամբ արուեստագէտ մըն է, որ ունի իր ինքնուրոյն ոճն ու մտածողութիւնը եւ իր նորարարութեամբ ու նոր ստեղծագործութիւններով ընդունուած է ու գնահատուած: Հերկելեան ներկայացուց արուեստագէտի ոճային իւրայատկութիւններն ու յատկանիշները:
Օրուան վերջին խօսքը արտասանեց Արթիւր Ք.,որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Եռագոյն Ֆոնտ»-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Ազդակ»-ին:
Ցուցահանդէսին Արթիւր Ք. ցուցադրած էր խառն թեքնիքներով 32 ստեղծագործութիւններ, որոնք կը կրէին տարբեր նիւթեր, ինչպէս` «Պայքար», «Շարլ Ազնաւուր», «Գարեգին Նժդեհ», «Ոսկեայ օրեր», «Ռոսլին», «Արամ» եւ այլ ստեղծագործութիւններ:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 6 փետրուար 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: