Արեւելեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային վարչութիւնը կը տեղեկացնէ չորրորդ «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից գրականութեան մրցանակաբաշխութեան արդիւնքը:
Այս տարի մրցանակի կ՛արժանանայ Քրիստոֆըր Ադամեանի A Poet in Washington Heights բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն:
Ադամեան ստացած էր «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից գրականութեան առաջին մրցանակը իր Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսենի Անտառը» գործի անգլերէն թարգմանութեան համար:
Ադամեան Նիւ Եորք կը բնակի եւ ծանօթ է իբրեւ գրող ու թարգմանիչ:
Դատական կազմը յանգեցաւ այս որոշումին երկար խորհրդածութիւններէ ետք:
Մրցանակը իր կարկինը բաւական լայն բացած է, ընդունելով բազմաժանր գործեր, սակայն անունը «ժամանակակից գրականութեան մրցանակ» է, ուստի դատական կազմը դիտել տուաւ թէ նախընտրութիւնը գրական գործերուն պէտք է երթայ: Առ այդ, նախընտրութիւնը Ադամեանին է, որուն ներկայացուցած երկը ամէնէն աւելի կը ցուցաբերէ արուեստի զգացողութիւն եւ գրողի յանդգնութիւն:
Համազգայինի այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ, «Հայրենիք» թերթի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակիցի՝ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Այս մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակող շնորհալի հեղինակներուն:
Համազգայինի հիմնական նպատակն է՝ մրցանակի միջոցով քաջալերել այն հեղինակները, որոնք կը գրեն հայերէն կամ հայեցի նիւթերու մասին: Իւրաքանչիւր մրցանակակիրի նիւթական պարգեւն է 1500 տոլար: Գրութիւնները կրնան ըլլալ գրական որեւէ հիմնական ձեւի մէջ. բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, նորավէպ, թատրերգութիւն, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւն, մտորումներ եւ գրական վերլուծութիւններ: Մրցոյթի մասնակիցները պէտք է ծագումով հայազգի ըլլան կամ ներկայացուած գրուածքի բովանդակութիւնը հայութեան վերաբերող նիւթ պարունակէ:
Այս մրցանակի նիւթական յատկացումը առատաձեռնօրէն ստանձնած են Սան Ֆրանսիսքօ բնակող Եդուարդ եւ Վերժին Մսրլեանները: Դատական կազմի անդամներն են՝ դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի) եւ Գուրգէն Արզումանեան (Քալիֆորնիա):