Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Տեառնընդառաջի եւ սիրոյ ու երիտասարդութեան խորհրդանիշ Ս. Սարգիսի զօրավարի տօներուն առիթով Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմենեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սիրերգութեան երեկոյ» մը, որուն ընթացքին ասմունքի, երգի եւ երաժշտութեան ընդմէջէն ներկաները ապրեցան սիրոյ եւ գեղեցկութեան քնարային երեկոյ մը: