Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, կրցաւ Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններու աշակերտութեան առիթ ընձեռել , հայկական բեմարուեստէն գեղեցիկ նմոյշ մը ըմբոշխնելու::
Արդարեւ՝ օգտուելով Երեւանի «Արմէն Տիգրանեան» երաժշտական դպրոցի սաներու Լոս Անճելըս այցելութենէն, Համազգայինի թատերական միաւորը անմիջապէս լծուեցաւ կազմակերպչական աշխատանքներու եւ ի պատիւ բոլոր հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ հայոց լեզուի դասատուներու անվերապահ աջակցութեան, աշակերտական ելոյթը իրականութիւն դարձաւ եւ աւելի քան 1400 հայ աշակերտներ վայելեցին մանուկներու դերակատարութեամբ եւ մանուկներու համար յատուկ եւ գեղեցիկ բեմադրութիւն մը՝ Երկուշաբթի 18 Ապրիլի առաւօտուն, Կլենտէյլի «Ալէքս» թատերասրահէն ներս:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի թատերական միաւորի ներկայացուցիչ Նարկիզ Մուրինեան, որ ջերմօրէն ողջունեց բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները:
«Անոյշ» օփերան բազմիցս ներկայացուած է Լոս Անճելըսի բեմերուն վրայ, իսկ հայրենիքի մէջ, «Անոյշ»ը մշտական ներկայութիւն է, հայրենի ժողովուրդին համար նուիրականացած արուեստի սրբութիւն մը, որ սկիզբ առած է Գոհար Գասպարեանով, Աննա նշանեանով, ապա անոր յաջորդներով, մինչեւ փոքրիկ Անոյշ՝ 10 տարեկան Անին, որ իր զգլխիչ ձայնով եւ կատարումով կրցաւ գերել հանդիսատեսը: Անիին կ՛ընկերանային իր ընկերները եւ անոնք կը մարմնաւորէին «Անոյշ»ի գլխաւոր հերոս-հերոսուհիները:
Ի վերուստ՝ երկնատուր շնորհներով օժտուած գերազանց դերակատարութիւն: Հայրենի «կռունկներուն» այցը յատուկ ոգեւորութիւն ստեղծեց հանդիսատեսներուն, մանաւա՛նդ պատանիներուն մօտ, երբ այստեղ հասակ առած հայ աշակերտը, առիթ չէր ունեցած ականատես ըլլալու նման մասնագիտական մակարդակի, գրեթէ արհեստավարժութեան հասնող խաղարկութեան, Արմէն Տիգրանեանի երաժշտութեամբ, Թումանեանի հեղինակած «Անոյշ»ին, որոշ պատշաճեցումներով, յատկապէս ողբերգական աւարտին շրջանցումն ու ոճրային արարքի տեսարանին անտեսումը:
Համազգայինի «Անի» պարախումբը ընկերազաւ «Անոյշ»ին, բացառիկ կերպով ներդրում ունենալով ելոյթի յաջողութեան:
Պարուսոյցներ՝ Եղիա Հաշօլեան եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեան սիրով ընդառաջեցին իրենց ուղղուած հրաւէրին եւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրցան բեմ հանել «Անոյշ»ին ներդաշնակ պարերու ընտրանի մը: Առանց «Անի»ի մասնակցութեան կարելի պիտի չըլլար «Անոյշ»ի լիիրաւ բեմադրութիւնը:
Այս բոլորը շնորհիւ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու անմնացորդ նուիրումին եւ լուրջ մօտեցումին, ձայնամարզութեան, բարձր մակարդակի կատարումներուն, հետեւողական ճիգերուն, լիակատար օփերա մը, ծափահարելի եւ բիւր յարգանքի արժանի, արդարօրէն ապագայի յոյսեր սերմանող յուսատու փարոս մը:
«Գոհացնել պատանի եւ չափահաս հայ հանդիսատեսներու մասնագիտական բեմարուեստի պահանջը եւ զարգացնել անոնց մէջ հայկական արուեստի ընկալման իւրայատուկ ճաշակ եւ վարժութիւն»: Համազգայինը իր ուսերուն վրայ առած է, հայեցիութիւն ջամբելու քաղցր եւ դաստիարակիչ նուիրական առաքելութիւն մը, յատկապէ՛ս աշակերտական տարիքի երեխաներուն համար: Հայ թատրոնի փառահեղ էջերէն մասունքներ ըմբոշխնելով, անոնք պատկերացում կ՝ունենան իրենց հայրենիքէն ծնած հեղինակներու գործերուն: Ու ո՛չ միայն հպարտ պիտի զգան այս ժառանգութեամբ, այլ պիտի կարենան թօթափել օտարամոլութեան բարդոյթը եւ պիտի սնանին ազգային ոգիով եւ մշակութային աւանդներով:
Շնորհակալութի՜ւն բոլոր Տնօրէններուն, որոնք ի տես այս բացառիկ ելոյթին, իրենց աշակերտներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեցին Համազգայինին, այս իրերայաջորդ տարիներու կազմակերպչական աւանդին համար:
Աւարտին, իւրաքանչիւր վարժարան առիթ ունեցաւ յիշատակի խմբանկար ունենալու «Անոյշ»ի դերակատարներուն հետ:
Համազգայինի թատերական միաւորը ճիգ չի խնայեր, թատերական աշխատանիստեր կազմակերպելու չափահասներու թէ փոքրերու համար, թէեւ սիրողական մակարդակի վրայ, գլխաւորաբար զարկ տալու թատերախումբի մը կազմաւորումին, քաջալերելով եւ մարզելով խոստմնալից տաղանդներ:
Այս ազնիւ նպատակը իրականութիւն պիտի դառնայ հաւատքով եւ միասնական ճիգերով: Վստահ ե՛նք, որ այս մէկն ալ կը յաջողի, Համազգայինի մշակութային այլ իրագործումներու կողքին: Ապացոյց՝ պարախումբերու, երգչախումբի, գծագրական ակադեմիայի կամ ձեռարուեստի ու աւանդոյթներու աշխոյժ գործունէութիւնը:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւն
եւ Թատերական միաւոր