Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժեն մահը վաստակաւոր կրթական մշակ ԱՆԹՈՒԱՆ ՔԵՀԵԱՅԵԱՆի (Սըր), որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, իր բնակարանին մէջ։
Անթուան Քեհեայեան ծնած է Ատանա, 5 Փետրուար 1922-ին։ Գաղթականութեան ճամբուն վրայ, անցած է զանազան քաղաքներէ եւ վերջապէս հաստատուած Կիպրոս։
Անթուան Քեհեայեան նախ կը յաճախէ Կիպրոսի Թերրա-Սանթա վարժարանը, ապա, նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիները կ՚անցընէ Կիպրոսի Ամերիկեան Ակադեմիային մէջ, ուր կը սորվի հաշուապահութիւն եւ անգլերէն լեզու։
Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի International college-ին մէջ։ Ապա կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, նախ պաշտօնեայ, սակայն շուտով՝ ուսուցիչ, երբ կը հանդիպի Լեւոն Շանթին։ Սըր-ը կ՚ըսէ. «Ուսուցչութիւնը սիրելս կը պարտիմ Լ. Շանթին. ան զիս ուսուցիչ ձեռնադրեց եւ իրմէ հայերէն սորվեցայ»։
1949-էն սկսեալ Սըր Ճեմարանի անգլերէնի ուսուցիչն էր, իր իւրայատուկ ոճով երկրորդականի աշակերտներուն սորվեցուցած է անգլերէնի ճիշդ առոգանութիւնը եւ քերականութիւնը։ 1954-ին կը դառնայ Ճեմարանի գիշերօթիկներու պատասխանատու վարիչ մինչեւ այդ բաժինին փակումը։
Բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով՝ Սըր ունէր լայն ու ընդհանուր զարգացում՝ գրականութեան, մանկավարժութեան եւ քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ։