Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Հայաստանի Հանրապետութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով Դամասկոսի «Շամ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին Դամասկոսի ազգայիններէն Անդրանիկ Մելիքեան պարգեւատրուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով:
Անդրանիկ Մելիքեան հասարակական գործունէութիւնը ծաւալած է Դամասկոսի ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի ընտանիքներուն մէջ:
Ան Ազգային Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ եղած է երկար տարիներ եւ աշխուժ մասնակցութիւն բերած է աշակերտական գեղարուեստական յայտագիրներու պատրաստութեան:
Մելիքեան հիմնած է Դամասկոսի Համազգայինի մասնաճիւղին առաջին պարախումբը եւ իր մասնակցութիւնը բերած երգչախումբի ու երաժշտանոցի հիմնադրութեան աշխատանքներուն:
Անդրանիկ Մելիքեան իր գործունէութեամբ նպաստած է հայրենիք-սփիւռք մշակութային համագործակցութեան աշխատանքներուն: