«Ասպարէզ».- Այս էր մեկնակէտը, Մեծ Եղեռնին եւ թուրքի եաթաղանին զոհ գացած գրագէտներուն անմոռաց յիշատակին՝ անգլերէն հրատարակուած «15 Հայ Նահատակ Գրողներ» գիրքին, որ հեղինակային թարգմանութիւնն էր վաստակաշատ գրող, մտաւորական, Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի նուիրեալ անդամ Հրանդ Մարգարեանի, որ իր գիրքի ծանօթացման շրջապտոյտը կը կատարէր Քալիֆորնիոյ հայաշատ գաղութներէն ներս, ինչպէս Ֆրեզնօ, Սան Ֆրանսիսքօ, Լոս Անճելըս…
Ահաւասիկ Խաչբուռ մը, որ կ՛ընծայաբերուէր յանուն այն «ուղեղներուն», ինչպէս պիտի ըսէր Եղեռնէն մազապուրծ ճողոպրած Յակոբ Օշական, որոնք այդպէս ալ անգերեզման մնացին, իրենց անկորնչելի ժառանգները աւանդ ձգելով ապագայի սերունդներուն:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենադպրուհի Անիթա Հաւաթեան՝ անդրադառնալով Հրանդ Մարգարեանի գրական վաստակին եւ ունեցած ներդրումին, առհասարակ հայ մշակութային կեանքէն ներս: Ան ներկայացուց դոկտ. Մարգարեանի կենսագրական գիծերը, թուելով անոր հրատարակութիւններն ու զանազան համալսարաններէ ներս իբրեւ դասախօս վարած պաշտօնները:
Բեմ բարձրացաւ դոկտ. Մարգարեան եւ իբրեւ նախաբան՝ տեսաերիզի սփռումով ցուցադրեց նախապէս արձանագրուած, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձն ու գնահատանքի խօսքերը: