Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային համոյթն ու Ազգային առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբը ներկայացուցին իւրայատուկ համերգ մը` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առիթով:
Ուրբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համերգին բացումը կատարեց եւ տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ խնամակալութեան անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին, որ ընդառաջելով իրենց առաջարկին համերգը իրականութիւն դարձուցած է: Ան դիտել տուաւ, որ աննախընթաց նախաձեռնութիւն եղող այս միացեալ համերգը մեզ կը կամրջէ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն` հոգեպէս լիցքաւորուելու եւ ցնծութեամբ դիմաւորելու Նոր տարին: