Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ` կատարողութեամբ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի անուան փայտափողային-դաշնամուրային քառեակին, որ հրաւիրուած էր «Պուսթան» փառատօնին կողմէ: Քառեակի անդամներն են Լիլիթ Զաքարեան` դաշնակ, Գէորգ Աւետիսեան` սրինգ, Դաւիթ Կիւլամիրեան` քլարինեթ, Նիկոլայ Պօղոսեան` պասոն, իսկ ղեկավարն է Սերկէյ Սմբատեան: Համերգին երաժշտասէր բազմութեան կողքին ներկայ էին նաեւ «Պուսթան» փառատօնի տնօրէն Նատա Մասուուտ եւ Սերկէյ Սմբատեան:
Համերգին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ Ճէնտէրէճեան: Ան նկատել տուաւ, որ քառեակի անդամները մաս կը կազմեն Հայաստանի երիտասարդական սիմֆոնիք նուագախումբին եւ երրորդ անգամ ըլլալով հիւրերն են «Պուսթան» փառատօնին: