Site in English
Previous Month Մայիս 2013 Next Month
Կիր. Բշ. Գշ. Դշ. Եշ. Ուր. Շբ.
   1234
5678910Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ճաշկերոյթ11
12131415161718
192021222324Մուշեղ Իշխան Մեկուսի Մասնաճիւղի ընդհանուր ժողով25
262728293031
Interviews - Click to Listen
Pakin
Subscribe Now Online

50th Anniversary
Special Issue


 
 

Լրատու

Համազգայինի գրասէրներու խմբակի Զ. հաւաքի նիւթը՝ Գէորգ Էմին (Գանատա)


Click for the Photo Gallery

Ամառուան պայծառ Կիրակիներէն մէկն է. 29 Յուլիս 2012, յետմիջօրէի ժամը 2:30: Գրասէրներու խումբ մը իրարու յաջորդելով Հայ Կեդրոնի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանէն ներս կը մտնէ, մինչ պաստառին վրայ, տեսահոլովակի ընդմէջէն կը լսուի Գէորգ Էմինի ստեղծագործութիւններէն ծաղկաքաղ մը:

Գրական յանձնախումբի անդամներէն՝ Մեղեդի Մնացականեան բարի գալուստ կը մաղթէ ներկաներուն եւ Խմբակի մասին յետադարձ ակնարկ մը նետելէ ետք, ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ Թամար Նաճարեանը: Ան կը պատկանի Թորոնթոհայ երիտասարդութեան այն խաւին, որոնց մէջ հայեցի դաստիարակութիւնը զգալի է: Աւարտած է Հ.Օ.Մ.-ի ամէնօրեայ վարժարանի երկրորդական բաժինը. համալսարանական ուսում ստացած է հետեւելով հոգեբանութեան ճիւղին: Գործունեայ անդամ է Հ.Օ.Մ.-ի, Արմէն Գարոյի, Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.-ի, նաեւ նորագրեալ անդամ՝ Համազգայինի:

Թամար լիամփոփ կերպով կը ներկայացնէ հայրենի տաղանդաւոր բանաստեղծ Գէորգ Էմինը (1918-1998): Գէորգ Էմին ծնած է Աշտարակ, 30 Սեպտեմբեր, 1918-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա փոխադրուած է Երեւան. բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի ճարտարապետական հաստատութենէն ներս։ Բնատուր տաղանդը եւ գրական գիտելիքները կատարելագործած է հետեւելով Մոսկուայի Հայ Արուեստի Տան եւ գրական բարձրագոյն դասընթացներուն։ Հմայուած է Չարենցի ստեղծագործութիւններով: Եղած է բազմաթիւ գրական հանդէսներու թղթակից եւ խմբագիր, նաեւ հայ գրականութեան դասախօս՝ Մոսկուայի համալսարանէն ներս: Զանազան գրական մրցանակներու դափնեկիր է: Հանրաճանաչ դարձած է «Նորք», «Որոնումներ», «Երկու Ճանապարհ», «Մինչեւ Այսօր», «Այս տարիքում», «Քսաներորդ Դար» բանաստեղծական հատորներով, եւ «Եօթ երգ Հայաստանի մասին» հրապարակախօսական գիրքով։ Թամար կ'ըսէ. «Մտերմիկ զգացումներ եւ յոյզեր չեն պակսիր Էմինի տողերուն մէջ, սակայն ան առաւելաբար ճանչցուած է իր քաղաքացիական, հայրենասիրական նիւթերով, հայերգութեամբ, հայրեներգութեամբ եւ մարդերգութեամբ: Էմին գիտէ քերթուածը խօսուն եւ ուժեղ նկարագրութեամբ եզրափակել։ Ունի նաեւ մեծ թիւով թարգմանութիւններ:»

Թամար ընտրած է սրտին խօսող բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ տպագրուած օրինակներ կը ստանան ներկաները.- «Զարմանալի՜ հայ», «Պատգամ» (ծանօթ իբրեւ «Զգոյշ խօսիր Հայաստանում»), «Անպատասխան հարցը», «Տխուր քեֆ» եւ հանրածանօթ՝ «Մենք» բանաստեղծութիւնը: Ան յստակ առոգանութեամբ եւ ապրումով կ'ընթերցէ բանաստեղծութիւնները, ներառեալ՝ «Տէր Զօր»ը, որ փոքր տարիքէն զինք շատ տպաւորած է. նաեւ կ'ընթերցէ կարճ սակայն իմաստալից՝ «Միկրոֆոն»ը: Ներկաները տեսահոլովակի միջոցով կ'ունկնդրեն Էմինի նշանաւոր գործերէն՝ «Սասունցիների պարը» երկարաշունչ ստեղծագործութենէն հատուածներ: Կ'ըլլան զրոյցներ, որոնց ընդմէջէն ներկաները կ'արտայայտուին Էմինի անկեղծ, յանդուգն ու խօսակցական ոճին, հայ ժողովուրդի նկարագրին եւ ներկայ իրավիճակին խորերը թափանցող տողերուն եւ ցայտուն, անսակարկելի հայրենասիրութեան մասին:

Հաւաքի աւարտին, Մեղեդի Մնացականեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Թամար Նաճարեանին, բծախնդրութեամբ պատրաստուած եւ գեղեցիկ ձեւով մատուցուած ներկայացումին համար, ապա Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կողմէ՝ Համօ Սահեանի եւ Վահագն Դաւթեանի բանաստեղծութիւններու հատընտիրը կը նուիրէ Թամարին: Թամար կը բաժնէ իր խոհերը.«Այս հաւաքը օգնեց, որ ես յատուկ կերպով սերտեմ Գէորգ Էմինի ստեղծագործութիւնները, որոնց սիրահարուած եմ փոքր տարիքէս ի վեր: Կը քաջալերեմ հայ երիտասարդը, որ մասնակից դառնայ այս հաւաքներուն. մեր գրողները իւրայատուկ, գեղեցիկ գործեր ունին մեզի փոխանցելիք եւ ափսոս է եթէ մենք անգիտակից ըլլանք հայ գրականութեան հարուստ աշխարհին:»

Ներկաները հաճոյքով ունկնդրեցին գնահատելի ներկայացում մը՝ Թամարին կողմէ:

Թամար Տօնապետեան


Feedback
 
Copyright © 2010 - Hamazkayin.com
Powered By: Cre8iveZone.com