Site in English
Previous Month Յունիս 2013 Next Month
Կիր. Բշ. Գշ. Դշ. Եշ. Ուր. Շբ.
      1
23456Մարսէյի Ճեմարանի ճաշկերոյթ78
9101112131415
Համազգայինի Յունաստանի շրջանային ժողով16171819202122
23242526272829
30
Interviews - Click to Listen
Pakin
Subscribe Now Online

50th Anniversary
Special Issue


 
 

Լրատու

Արուեստագէտ Կիւվտերի ալպոմի մակագրութիւն (Լիբանան)


Click for the Photo Gallery

Չորեքշաբթի, 4 Յուլիս 2012-ի երեկոյեան Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր արուեստագէտ Կիւվտերի ալպոմի մակագրութիւնը: ԱԼՊԱ համալսարանին կողմէ հրատարակուած այս ալպոմը կը ներկայացնէ Կիւվտերի երկար տարիներու ընթացքին արուեստի մարզին մէջ ունեցած գործունէութեան տարբեր հանգրուանները:

Ձեռնարկին ներկայ էին յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ, արուեստի դասախօսներ, մեծ թիւով արուեստասէրներ եւ Կիւվտերի նախկին թէ ներկայ ուսանողներ:

Այս առիթով ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան անդամ Քարլա Թիւթիւնճեան, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան եւ Կիւվտերի նախկին ուսանողներէն ու ալպոմի խմբագիրներէն, ԱԼՊԱ համալսարանի արուեստի դասախօս փրոֆ. Ժոզեֆ Հուրանի:

Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ արուեստագէտ Կիւվտեր, ապա տեղի ունեցաւ ալպոմներու մակագրութիւնը: Այս առիթով կազմակերպուած է նաեւ Կիւվտերի արուեստի ստեղծագործական աշխարհը ներկայացնող ցուցահանդէս մը` 4-9 Յուլիս:


Feedback
 
Copyright © 2010 - Hamazkayin.com
Powered By: Cre8iveZone.com