Site in English
Previous Month Մայիս 2013 Next Month
Կիր. Բշ. Գշ. Դշ. Եշ. Ուր. Շբ.
   1234
5678910Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ճաշկերոյթ11
12131415161718
192021222324Մուշեղ Իշխան Մեկուսի Մասնաճիւղի ընդհանուր ժողով25
262728293031
Interviews - Click to Listen
Pakin
Subscribe Now Online

50th Anniversary
Special Issue


 
 

Լրատու

Րաֆֆի Թոքաթլեանի պրոնզէ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւն (Լիբանան)


Click for the Photo Gallery

Հինգշաբթի, 3 Մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեանին, տեղի ունեցաւ «Սըրսոք» թանգարանի 2012 տարեշրջանի Ա. մրցանակի դափնեկիր արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի «Լուսաւորուածութիւն» թեմայով պրոնզէ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ հայ թէ օտար մեծաթիւ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Ցուցահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Լօլա Պէօյիւքեան, որ ներկայացուց Թոքաթլեանի հակիրճ կենսագրութիւնը: Ան ըսաւ, որ արուեստագէտին ստեղծագործութիւններուն մէջ պրոնզը իբրեւ միջոց կ՚արտայայտէ ենթակային զգացումները, ապրումներն ու յուզումները: Պէօյիւքեան յայտնեց, որ Թոքաթլեանին ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են համաշխարհային բազմաթիւ ցուցասրահներու մէջ:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Րաֆֆի Թոքաթլեան Լիբանանին եւ հայութեան պատիւ կը բերէ իր իւրայատուկ աշխատանքներով եւ ստեղծագործութիւններով:
Հաւաթեան աւելցուց, որ Թոքաթլեան ունի ստեղծագործական միտք, երբ իր գործերուն մէջ կը տեղադրէ իր ապրումները:

Իր կարգին, խօսք առաւ Մարք Տիքընսըն, որ յայտնեց, թէ Թոքաթլեան խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամներ կ՛ուղղէ իր գործերուն ընդմէջէն: Ան ըսաւ, որ արուեստագէտը կը սիրէ կեանքը եւ իր արուեստը:

Ցուցահանդէսին Րաֆֆի Թոքաթլեան ներկայացուցած է պրոնզէ ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ են «Կեանքի պարը», «Ապրելու գեղեցկութիւնը», «Դիմակի կողքին գաղտնիքը», «Հոգիի ազատութիւնը», «Զարթնում» եւ այլն:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 21 Մայիս 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:


Feedback
 
Copyright © 2010 - Hamazkayin.com
Powered By: Cre8iveZone.com