Site in English
Previous Month Ապրիլ 2012 Next Month
Կիր. Բշ. Գշ. Դշ. Եշ. Ուր. Շբ.
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930
Interviews - Click to Listen
Pakin
Subscribe Now Online

50th Anniversary
Special Issue


 
 

Լրատու

Արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի մեծարանքի երեկոյ (Լիբանան)


Click for the Photo Gallery

Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2012-ին, Պիքֆայայի վանքի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի մեծարանքի երեկոն՝ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, լիբանանցի, հայ թէ օտար արուեստասէրներու, հոգեւորականներու, ազգայիններու եւ երիտասարդ ուսանողներու։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց բանաստեղծ, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեան, որ հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքերով վեր առաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի ստեղծագործական արժանիքները:

Ապա հիւր բանախօս, ծանօթ արուեստաբան-քննադատ Ֆայսալ Սուլթան արաբերէնով դրուատեց Խտըշեան արուեստագէտը` բաղդատական մը ներկայացնելով հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն կողմէ թրքական բռնատիրութեան դէմ մղուած պայքարին, յատկապէս` արուեստի ընդմէջէն, ինչպէս` Պէյրութի կեդրոնը լացող երկու լիբանանցի օրիորդներու յուշարձանը, որ հետագային փոխարինուեցաւ Նահատակաց յուշարձանով: Ֆայսալ Սուլթան բարձր գնահատեց Խտըշեանի արուեստը:

Ապա խօսք առաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. Ան յայտնեց, որ Խտըշեանի ստեղծագործած Պիքֆայայի յուշարձանը ինքնին հիմնական պատճառ է, որ անոր արուեստը յաւերժանայ: Մէջբերելով Խտըշեանի անցեալի մէկ տենչը, թէ ինչո՛ւ հայրենի լեռներու լանջերուն վրան չի կրնար լարել, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Այսօր այդ փափաքդ կրնաս իրագործել հայրենիքի ու Արցախի մէջ, եւ անպայման վաղը` Արարատ-Մասիսի լանջերուն»:

Իր կարգին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր սրտին խօսքը փոխանցեց` մեծապէս դրուատելով Խտըշեան արուեստագէտը, որ հակառակ պարզ ու համեստ հայ մը ըլլալուն` իր ստեղծագործութեամբ յաւերժացուցած է հայութեան ազգային տենչերը:

Ի վերջոյ, իր սրտի խօսքը արտասանեց արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան, ցոյց տալով իր ետին՝ պատին կախուած իր ստեղծագործութիւններու ազգային նիւթերով յատկանշուող գլուխ գործոցները, բացատրելով իւրաքանչիւրին փոխանցած պատգամը։ «Բոլոր արուեստագէտները երազողներ են, Պիքֆայայի յուշարձանի կերտումով իմ երազս իրականացաւ»,- ընդգծեց արուեստագէտ Խտըշեան՝ փափաք յայտնելով, որ Արցախի ազատագրութեան նուիրուած իր ստեղծագործած ու քանդակած յուշակոթողը զետեղուէր Արցախի մէջ։

Վեհափառը այս առիթով Պիքֆայայի յուշարձանի «լանջ»-ին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուեց մեծարեալը:

Այս առիթով, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նուագախումբի պատանի արուեստագէտները իրենց երաժշտական ելոյթով յաւելեալ հմայք տուին ձեռնարկին` ղեկավարութեամբ Կարօ Աւէսեանի եւ մենակատարութեամբ Նարօտ Սուրճեանի: Նուագախումբը դասական հայ թէ օտար երաժշտութենէն գլուխ գործոցներ ներկայացուց:


Feedback
 
Copyright © 2010 - Hamazkayin.com
Powered By: Cre8iveZone.com