Site in English
Previous Month Յունիս 2013 Next Month
Կիր. Բշ. Գշ. Դշ. Եշ. Ուր. Շբ.
      1
23456Մարսէյի Ճեմարանի ճաշկերոյթ78
9101112131415
Համազգայինի Յունաստանի շրջանային ժողով1617181920Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աւարտական հանդէս եւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն2122
23242526272829
30
Interviews - Click to Listen
Pakin
Subscribe Now Online

50th Anniversary
Special Issue


 
 

Լրատու

Նահատակ բանաստեղծներու նուիրուած ասմունքի երեկոյ (Լիբանան)


Click for the Photo Gallery

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ասմունքի երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ բանաստեղծներ Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Սիլվա Քիւրքճեան: Ան նկատել տուաւ, որ երեկոյի ընթացքին տարբեր սերունդներէ անձեր կենդանի շունչ պիտի տան նահատակ բանաստեղծներուն` աւելցնելով, որ Սիամանթօ, Վարուժան եւ Սեւակ շատ բանաստեղծութիւններ չունին Եղեռնի մասին, որովհետեւ շատ երիտասարդ տարիքին նահատակուեցան:

Այնուհետեւ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ անոր մասին գրող առաջին բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի քերթուածներէն մեկնաբանուեցան, ապա Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը ներկայացուեցան կատարողութեամբ Սագօ Եագուպեանի, Պարոյր Հայրիկեանի, Սեդա Գրիգորեանի, Նազօ Թովմասեանի, Արին Թաշճեանի, Լենա Արապօղլեանի, Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեանի, Հրակ Տեմիրճեանի, Մուրատ Չորպաճեանի, Սերուժ Հանտեանի, Քրիստին Մխճեանի եւ Վարդան Ազնաւուրեանի: Երաժշտական բաժինով ելոյթ ունեցան Խաժակ Խաչատուրեան (ջութակ) եւ Նանի Գալուստեան (սրինգ):

Եզրափակիչ բաժինով ելոյթ ունեցաւ օրուան հիւրը` Սարգիս Տէր Խաչատուրեան, որ ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Վերածնունդ»-ը, Ռուբէն Սեւակի «Ջարդին խենթը» եւ Սիամանթոյի «Խեղդամահը»:


Feedback
 
Copyright © 2010 - Hamazkayin.com
Powered By: Cre8iveZone.com