Site in English
Previous Month Մայիս 2013 Next Month
Կիր. Բշ. Գշ. Դշ. Եշ. Ուր. Շբ.
   1234
5678910Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ճաշկերոյթ11
12131415161718
192021222324Մուշեղ Իշխան Մեկուսի Մասնաճիւղի ընդհանուր ժողով25
262728293031
Interviews - Click to Listen
Pakin
Subscribe Now Online

50th Anniversary
Special Issue


 
 

Ամսուան դէմքը

Աննա Մայիլեան
Ծնած է Երեւան։ Ուսանած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան Երաժշտական Ուսումնարանի Թամար Համբարձումեանի դասարանը, ապա՝ Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի Աննա Սարաճեանի դասարանը։ Աւարտած է ասպիրանտուրան։ Ուսանած է Լեհաստանի՝ Մոցարթ, Ֆրանսայի՝ Վիլլեքրով, Ռումանիոյ՝ Հարեկլիա Տարքլէ ակադեմիաներուն մէջ։ Վարպետութեան դասերու հետեւած է Արաքս Դաւթեանի (Հայաստան), Քերստին Մայերի (Շուէտ), Մարիանա Նիկոլեսկոյի (Ռումանիա) եւ Քերոլ Սմիթի մօտ (Զուիցերիա)։ Աննա Մայիլեան հանրապետական եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր է։ 1996-էն ի վեր կը մեներգէ Ջրվէժի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս, իսկ 1998-էն՝ կը դասաւանդէ Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի երգի ամպիոնին մէջ։ Ան կը ղեկավարէ Էթնօ Վոկալ Տրիօն։ 2003-ին կ՚արժանանայ «Հ. Հ. Վաստակաւոր արտիստուհի» կոչման։ 2010-ին կը ստանայ Կոմիտասի Երաժշտանոցի դասախօսի հանգամանք։ 1992-էն ի վեր, երգչուհին բազմաթիւ համերգներով ելոյթ կ՚ունենայ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ։ Աննա Մայիլեանի երգացանկը կը ներառէ տարբեր սեռերու բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ։ Երգչուհիին ուշադրութեան կեդրոնը կը մնայ հայ ազգային երաժշտութիւնը իր այլազան դրսեւորումներով՝ ժողովրդական եւ հոգեւոր երգեր, ռոմանսներ, դասական եւ ժամանակակից հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ։
Բաբգէն Յարութիւնեան (1941-2013)
Բաբգէն Յարութիւնի Յարութիւնեան ծնած է 1941-ին Երեւան: 1958-ին Երեւանի Հր. Աճառեանի անուան թիւ 72 միջնակարգ դպրոցը ոսկէ մետալով աւարտելէ ետք` նոյն տարին ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը, զոր աւարտած է 1962-ին, գերազանցութեան վկայականով: 1963-1966 եղած է նոյն համալսարանի ասպիրանտ: 1968-ին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն` «Վայոց ձորը հնագոյն ժամանակներից մինչեւ 1045 թուականը» խորագիրով: Գիտամանկավարժական գործունէութեան զուգահեռ` 1972-1977 ուսանած եւ գերազանցութեամբ աւարտած է նաեւ ԵՊՀ Իրաւագիտութեան բաժանմունքի հեռակայ բաժինը: «Մեծ Հայքի վարչաքաղաքական բաժանման համակարգն ըստ «Աշխարհացոյց»-ի (արեւմտեան եւ հարաւային աշխարհներ)» դոկտորական ատենախօսութիւնը պաշտպանած է 1993-ին: 2005-ին անոր շնորհուած է փրոֆէսըրի կոչում, 2006-ին ընտրուած է ՀՀ ԳԱ ակադեմիայի թղթակից-անդամ: 1969-էն մինչեւ մահը կը դասաւանդէր Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, 1993-1994 դասախօսած է նաեւ Համազգայինի Պէյրութի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ, իսկ 1995-1996` ԱՄՆ-ի Միչիկանի Տիրպորն համալսարանին մէջ: 1970-1971 եղած է ԵՊՀ արտասահմանեան ուսանողներու հետ աշխատանքներու գծով դեկան, 1983-1985` նոյն համալսարանի կուսկոմիտէի քարտուղարի տեղակալ, 1985-1988`«Երեւանի համալսարան» հրատարակչութեան տնօրէն, 1993-2004` ԵՊՀ Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն, համատեղութեամբ` 1997-2000` ԵՊՀ Հայաստանին յարակից երկիրներու պատմութեան ամպիոնի վարիչ: 2003-ին ընտրուած է ԵՊՀ Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ, ուր կը պաշտօնավարէր մինչ մահը, իսկ 2007-2008 համատեղութեամբ վարած է ՀՀ ԳԱԱ-ի ակադեմիկոս-քարտուղարի պաշտօնը: Բ. Յարութիւնեան արժանացած է Երեւանի պետական համալսարանի ոսկէ մետալի, նոպէլեան մրցանակակիր «Ալպերթ Շուայցըրի» մետալի, ռուսական «Եկատէրինա Մեծ» եւ «Ոսկէ արծիւ ոսկի թագով» գերմանական շքանշաններու: 2006-ին անոր շնորհուած է Մովսէս Խորենացիի մետալ, իսկ 2009-ին` ՀՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչում:
Անթուան Քեհեայեան (Սըր) (1922-2013)
Անթուան Քեհեայեան ծնած է Ատանա, 5 Փետրուար 1922-ին։ Գաղթականութեան ճամբուն վրայ, անցած է զանազան քաղաքներէ եւ վերջապէս հաստատուած Կիպրոս։ Անթուան Քեհեայեան նախ կը յաճախէ Կիպրոսի Թերրա-Սանթա վարժարանը, ապա, նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիները կ՚անցընէ Կիպրոսի Ամերիկեան Ակադեմիային մէջ, ուր կը սորվի հաշուապահութիւն եւ անգլերէն լեզու։ Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի International college-ին մէջ։ Ապա կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, նախ պաշտօնեայ, սակայն շուտով՝ ուսուցիչ, երբ կը հանդիպի Լեւոն Շանթին։ Սըր-ը կ՚ըսէ. «Ուսուցչութիւնը սիրելս կը պարտիմ Լ. Շանթին. ան զիս ուսուցիչ ձեռնադրեց եւ իրմէ հայերէն սորվեցայ»։ 1949-էն սկսեալ Սըր Ճեմարանի անգլերէնի ուսուցիչն էր, իր իւրայատուկ ոճով երկրորդականի աշակերտներուն սորվեցուցած է անգլերէնի ճիշդ առոգանութիւնը եւ քերականութիւնը։ 1954-ին կը դառնայ Ճեմարանի գիշերօթիկներու պատասխանատու վարիչ մինչեւ այդ բաժինին փակումը։ Բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով՝ Սըր ունէր լայն ու ընդհանուր զարգացում՝ գրականութեան, մանկավարժութեան եւ քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ։ Կը մահանայ Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին։
Էդուարդ Միրզոյեան (1921-2012)
Ծնած է 1921-ին, Վրաստանի Գորի քաղաքը, յայտնի արուեստագէտներու ընտանիքին մէջ: 1941-ին աւարտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ` Վարդգէս Տալեանի ստեղծագործական դասարանը, այնուհետեւ 1946-1948 թուականներուն կատարելագործած է Հայ մշակոյթի տան երաժշտական սթիւտիոյին մէջ: 1948-ին Էդուարդ Միրզոյեան դասաւանդած է Երեւանի երաժշտանոցին մէջ: 1956-1991 թուականներուն եղած է Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան վարչութեան նախագահ (1994-էն` պատուաւոր), իսկ 1962-էն ընտրուած է Խորհրդային Միութեան երաժշտահաններու միութեան նախագահութեան քարտուղար: 1977-ին Է. Միրզոյեան եղած է Հայաստանի խաղաղութեան հիմնադրամի վարչութեան նախագահ (2009-էն՝ պատուաւոր): Է. Միրզոյեան սիմֆոնիք արուեստին մէջ զարգացուց կոմիտասեան սկզբունքները` սերունդներու համար հարթելով նոր ուղիներ: Հարուստ եւ բազմատեսակ է Էդուարդ Միրզոյեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը: Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ յատկապէս կ’առանձնանան Ա. Իսահակեանի եւ Ե. Չարենցի խօսքերով գրած ռոմանսները` «Ասում են, թէ…», «Երազ տեսայ», եւ այլ գործեր: Էդուարդ Միրզոյեան արժանացած է տասնեակ մը մրցանակներու եւ պարգեւներու: 1971-ին ան պարգեւատրուած է Պուլկարիոյ «Կիրիլ եւ Մեֆոտի», 2001-ին` Հայ եկեղեցւոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպի, 2005-ին` Գերմանիոյ «Պետրոս Մեծ», 2011-ին` Հայաստանի պատուոյ շքանշաններ, 1998-ին` Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի», 2006-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ոսկիէ, 2006-ին Լէոնարտօ տա Վինչիի անուան միջազգային եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան «Եկատերինա Բ.» մետալներով, 1998-ին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Արամ Խաչատրեանի անուան մրցանակի:
Կալիա Նովենց (1937-2012)
Ծնած է 1937-ին, Երեւան։ Իր ստեղծագործական կենսագրութիւնը սկսած է 1958-ին` աւարտելով Երեւանի պետական թատերական ուսումնարանի դերասանական բաժանմունքը եւ աշխատանքի անցնելով Կապանի պետական թատրոնին մէջ: Այնուհետեւ երկար տարիներ ան աշխատած է Սունդուկեանի անուան ակադեմիական, Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան, Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան, Սօս Սարգսեանի գլխաւորած «Համազգային» թատրոններուն մէջ: Կեանքի վերջին տարիներուն ան Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական թատրոնի դերասանուհի էր: Հայ թատրոնի եւ շարժանկարի նշանաւոր վարպետ Կալիա Նովենց հայկական շարժանկար բերաւ հայ կնոջ կերպարը, անոր տառապանքներն ու լուռ հեծեծանքները։ Աւելի քան 50 դեր թատրոնի մէջ, ռատիոբեմադրութիւններու մէջ, հարիւրէ աւելի կրկնօրինակումներ, բայց այս բոլորին կողքին դերասանուհիին մեծագոյն ներկայութիւնը շարժանկարի մէջ էր, ուր ան նկարահանուեցաւ «Բարեւ, ես եմ», «Մենք ենք, մեր սարերը», «Այս խաչմերուկում», «Հին օրերի երգը», «Նահապետ», «Մեր մանկութեան տանգոն» , «Գիքորը» , «Սպիտակ անուրջներ» , «Կտոր մը երկինք», մօտ երեք տասնեակ շարժանկարներու մէջ: Արժանացած է տասնեակ մրցանակներու եւ պարգեւներու, եղած է ՀԽՍՀ պետական մրցանակի դափնեկիր եւ միջազգային շարժանկարի փառատօներու մրցանակակիր։
Զապէլ Եսայեան (1878-1943)
Ծնած է Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը, 1878-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի հայկական դպրոցը։ 1895-ին կը մեկնի Փարիզ ու կը հետեւի Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն։ Փարիզի մէջ կ՚աշխատակցի ֆրանսական մամուլին՝ «Մերքիւրի տը ֆրանս«, «Իւմանիթէ», եւայլն։ 1908-ին կը վերադառնայ Պոլիս, կը մասնակցի գրական կեանքին, աշխատակցելով տասէ աւելի թերթերու։ 1909-ին, Կիլիկիոյ կոտորածներէն ետք, կը մեկնի Ատանա, կ՚ուսումնասիրէ աղէտին հետեւանքները ու Պոլիս վերադառնալով կը հրատարակէ «Աւերակներու մէջ» հատորը։ 1915-ին, Մեծ եղեռնէն կը փրկուի անցնելով Պուլկարիա, ապա՝ Կովկաս։ Զապէլ Եսայեան եղած է Պարսկաստան, ուրկէ մեկնած է Պոլիս, Վիեննա, եւայլն։ 1927-ին կ՚այցելէ Սովետական հայաստան ու վերադառնալով Ֆրանսա կը հրատարակէ «Պրոմիթէոս ազատագրուած» գիրքը։ 1933-ին, կառավարութեան հրաւէրով կ՚երթայ Հայաստան եւ Պետական Համալսարանի մէջ կը դասաւանդէ արեւմտաեւրոպական գրականութիւն։ 1937-ին կ՚աքսորուի ու կը մեռնի աքսորի մէջ, 1943-ին։ Զ. Եսայեանի գործերէն են՝ «Կեղծ Հանճարներ», «Սկիւտարի Վերջալոյսներ», «Շնորհքով Մարդիկ», «Սպասման սրահին մէջ», «Անձկութեան Ժամեր», «Վերջին Բաժակ», «Հոգիս Աքսորեալ», «Երբ այլեւս չեն սիրեր», եւայլն։
Զաւէն Խտըշեան
Ծնած է 1932-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ ՈՒՍՈՒՄ.- 1949-1952՝ Պէյրութի Գեղարուեստներու ակադեմիան, 1952-1958՝ Փարիզի Ազգային Բարձրագոյն արուեստներու դպրոցը, ուրկէ վկայուած։ 1954-1956՝ Մարսէլ Ժիմօնի հետ-դիմաքանդակ։ 1956-1958՝ Ալֆրէտ Ժանիոյի հետ-Բարձրաքանդակ եւ Կոթողական քանդակագործութիւն։ Բազմաթիւ ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ։ Տիրացած է հետեւեալ մրցանակներուն՝ Առաջին մրցանակ լուսանկարչութեան «Վէնսենի Անտառը» (1954), Առաջին Մանսիոն-Փարիզի Գեղարուեստի դպրոց (1955), Առաջին Մրցանակ–Սթրանտ Կեդրոն (1965), Երկրորդ Մրցանակ-«Լ՚Օրիան» օրաթերթի (Թիւֆէնկճեան)(1965), Առաջին Մրցանակ–Սիւրսոք թանգարանի աւազանին համար արձան մը (1973), 1954-1955 տարեշրջաններու կրթաթոշակ՝ յատկացուած Կրթական Նախարարութեան կողմէ՝ յետ մրցանքի։ Իր գործերէն են՝ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանը՝ Պիքֆայա (լիբանան), Սուրբ Շարպէլ՝ Անայա (Լիբանան), Գարեգին Նժդեհի կիսանդրին (Պօսթըն), Զարեհ Ա. Վեհափառի կիսանդրին (Հալէպ), Շաւարշ Միսաքեանի կիսանդրին՝ Այնճար (Լիբանան), Սիմոն Վրացեանի կիսանդրին՝ Ճեմարան (Պէյրութ), Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կիսանդրին, համանուն պարտէզին մէջ (Լիբանան), Յուշարձան Հանրի Ֆարաօնի (Պէյրութ), Յուշարձան-«Պաշտպանութիւն»՝ Պուրճ Համուտի հրապարակը, Յուշարձան-«Ընդվզում»՝ Մթէյն (Լիբանան), Յուշարձան-«Աղօթքը»՝ Պիպլոս (Լիբանան)։ 2010-ին ստացած է Համազգայինի շքանշանը եւ 2012-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ՝ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը»։ Հեղինակն է ֆրանսերէն լեզուով պատրաստուած տեսաերիզի մը՝ նուիրուած հայկական ցեղասպանութեան։
Եղիշէ Չարենց (Սողոմոնեան) (1897-1937)
Ծնած է Կարս, 13 Մարտ, 1897-ին։ Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը կը ստանայ Կարսի մէջ։ 18 տարեկանին (1915), մաս կը կազմէ հայ կամաւորական գունդերուն։ Ապա կը մեկնի Մոսկուա՝ ուսանելու։ 1919-ին կը վերադառնայ Երեւան, ուր կը մնայ այնուհետեւ։ Բացառիկ տաղանդով, ուժականութեամբ, խոյանքով եւ ինքնատպութեամբ լեցուն բանաստեղծ է Չարենցը։ Ոչ միայն հայ, այլեւ ամբողջ խորհրդային բանաստեղծութեան մեծագոյն դէմքերէն է ան։ Իր գլխաւոր գործերն են՝ «Տանթէեական առասպել»ը, «Երկիր Նայիրի» վէպը, «Էպիկական լուսաբաց»ը եւ «Գիրք Ճանապարհի»ն։ Վերջինի հրատարութենէն ետք կ՚ամբաստանուի իբրեւ ազգայնական եւ դաշնակցական։ 1936-ին կը ձերբակալուի։ Կը մահանայ Երեւանի բանտային հիւանդանոցին մէջ, 1937-ին։
Հանրի Վերնէօյ (Աշոտ Մալաքեան) (1920-2002)
Հանրի Վերնէօյ (բուն անունով՝ Աշոտ Մալաքեան) ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1920-ին, Ռոտոսթոյի մէջ (Թուրքիա)։ Հայկական ցեղասպանութենէն ճողոպրելէ ետք, 1924-ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Մարսէյ։ Կարճ շրջան մը իբրեւ լրագրող աշխատելէ ետք, 1947-ին Հանրի Վերնէօյ նուիրուեցաւ շարժապատկերի աշխարհին, 45 տարիներու ընթացքին բեմադրելով աւելի քան 30 ժապաւէններ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորներն են՝ «Մեղեդի ընդյատակին», «Սիկիլիացիներու ընտանիքը», «Կովը եւ բանտարկեալը», «Մայրիկ» եւ ուրիշներ։ Իր երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին Հանրի Վերնէօյ գործակցած է Ժան Կուպէնի, Ալէն Տըլոնի, Ժան-Փօլ Պելմոնտոյի, Լինօ Վենթուրայի եւ նշանաւոր այլ դէմքերու հետ։ Իր գործերուն ամբողջութեան համար Հանրի Վերնէօյ 1992-ին արժանացած է Ֆրանսական Ակադեմիայի մեծ մրցանակին, իսկ 1996-ին՝ պատուոյ «Սեզար» մրցանակին։ Հայազգի նշանաւոր բեմադրիչը կը մահանայ 11 Յունուար 2002-ին, Փարիզ։
Գէորգ (Ճորճ)Աբէլեան (1941-2011)
Հրապարակագրական-երգիծական յօդուածներով եւ «Ձիւնական» գրչանունով ծանօթ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան ծնած է Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղը` 1941-ին: Նախնական ուսումը ստացած է գիւղի` Քեսապի եւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարաններուն մէջ, իսկ համալսարանական ուսումը՝ Հայկազեան համալսարանէն: Շուրջ 25 տարի ծառայած է կրթական ասպարէզին մէջ, ապա հիմնած է իր հաստատութիւնը` «ՍԱՎԱ» եւ զբաղած գրենական պիտոյքներու առեւտուրով, Այնճարի մէջ: Մասնակցութիւն բերած է կուսակցական, եկեղեցական եւ յատկապէս մշակութային մարզերուն: Տարբեր պաշտօններ ստանձնած է ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան մէջ, անդամակցած է Համազգային մշակութային միութեան, նաեւ` Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութեան: Աշակերտական տարիքէն իսկ գրելու հակումներ ցուցաբերած է: Աշխատակցած է Ս. Սիմոնեանի «Սփիւռք»-ին, «Բագին» գրական ամսագիրին, «Ազդակ» օրաթերթին, «Պատանեկան Արձագանգ»-ին եւ այլն: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու, օտարացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վերագտածներու, իսլամացածներու մասին պատմութիւններ ու վկայութիւններ հաւաքելու հետեւողական աշխատանք տարած է` այս բոլորը ամփոփելով զոյգ հատորներու մէջ: Իր գործերէն են. «Հելէ, Հելէ, Հելէ Քեսապ», «Աննա հարսը» (վէպ), «Ցկեանս նահատակութիւն», որ նաեւ լոյս տեսած է արաբերէնով եւ սպաներէնով «Պէյրութ», «Նետենք-բռնենք…» (մանկապատանեկան), «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր…» («Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին երկրորդ հատորը), «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» եւ «Քոյրիկս մի՛ ծախեր, մա՜մ» պատանեկան հատորը («Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքին շարքէն):
Հայկ Արսլանեան (1927-2011)
Ծնած է Հալէպ 29 Մարտ, 1927-ին, արմատները՝ Այնթապէն։ Մխիթարեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1946-ին կը նետուի գործի ասպարէզ իր եղբօր՝ Մելանքթոնի հետ հիւսուածեղէնի գործարանի մէջ, հանդիսանալով նաեւ բաժնետէր։ 1948-ին, ընտանիքը կը տեղափոխուի Լիբանան։ 1951-ին Հայկը կը մեկնի Արեւմտեան Ափրիկէ։ 1952-ին իր եղբօր հետ միասին կը հիմնեն ադամանդի եւ ոսկերչական ընկերութիւն մը։ 27 տարեկանին ան իր աշխուժ գործունէութեան շնորհիւ մեծ ճանաչում կը գտնէ զանազան երկիրներու մէջ եւ ադամանդի առք ու վաճառքի աննախադէպ իրաւունք կը ստանայ։ 1958-ին կ´ամուսնանայ Շաքէի հետ եւ կ´ունենան չորս զաւակներ՝ Արմէն, Շահէ, Վիգէն եւ Սանտրա։ 1962-ին Արսլանեան եղբայրները Պելճիքայի Անտվերպըն քաղաքին մէջ կը հիմնեն «Արսլանեան Եղբայրներ» ընկերութիւնը, որ կ՛ունենայ իր գրասենեակները եւ գործարանները Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի, Գանատայի, Աւստրալիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ Հայկ Արսլանեան սերտ յարաբերութիւն ունենալով կարգ մը ափրիկեան երկիրներու նախագահներու հետ, կ՛օժանդակէ այդ երկիրներու զարգացման եւ յառաջդիմութեան։ 1992-ին, Հայաստանի մէջ կը հիմնէ «Լոռի» գործարանը։ Մեծ է իր եւ զաւկին՝ Շահէ Արսլանեանի դերը Հայաստանի ադամանդագործութեան վերականգնման մէջ։ «Լոռի» գործարանը յաջողութեամբ կ´աշխատի եւ անոր շնորհիւ է որ Հայաստանը այսօր կը ճանչցուի իբրեւ ադամանդագործութեան միջազգային կեդրոն։ 1994 թուականէն սկսեալ կը հանդիսանայ Պատուոյ հիւպատոս Պելճիքայի թագաւորութեան մօտ։ 1999-էն մինչեւ 2006 թուականները եղած է հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ։ Սփիւռքն ու Հայաստանը Հայկ Արսլանեանը կը ճանչնան իբրեւ մեծ բարերար։ Անոր բարերարութիւններուն շնորհիւ կառուցուած են շարք մը դպրոցներ եւ եկեղեցիներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով։ Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ պարգեւատրուած է «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով։
Վարդան Պետրոսեան
Վարդան Պետրոսեան ծնած է Երեւան, 1959 Փետրուար 27-ին: 1983-ին աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական Հիմնարկի Արդիւնաբերութեան եւ Ձեւաւորման բաժինը: 1983-85 ծառայած է Խորհրդային բանակին մէջ: 1985-ին ընկերներու հետ ստեղծած է «Ոզնի» երգիծական հանդէսին կից «Երիտասարդ Ոզնիներ» երգիծական թատերախումբը, որ 1988-էն ետք պաշտօնապէս կը ճանչցուի «Ոզնիներ» թատրոն անունով: 1988-1992 Վարդան Պետրոսեան կը գրէ ու կը բեմադրէ մօտ տասնեակ մը ներկայացումներ, որոնք իրենց քաղաքական համարձակութեամբ եւ կատարման ոճով մեծ աղմուկ կը բարձրացնեն Երեւանի թատերական կեանքին մէջ: 1990-ին Վարդան Պետրոսեանի եւ «Ոզնիներ» թատերախումբը կը հրաւիրուին Փարիզ, ուր կը ներկայացնեն «Հեռուստատեսային կատակներ` ծիծաղում են Ոզնիները»: 1992-էն սկսեալ Վարդան Պետրոսեան կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ Փարիզի մէջ հանդէս գալով իր սեփական հեղինակային ներկայացումներով (հայերէն եւ ֆրանսերէն): 1997-էն Վարդան Պետրոսեան հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Հայաստանի սահմաններէն դուրս` ԱՄՆ, Ֆրանսա, Անգլիա, Գանատա, Պելճիքա, Իրան, Սուրիա, Լիբանան, Ռուսաստան, Կիպրոս, եւայլն: Վարդան Պետրոսեանի բոլոր ստեղծագործութիւններուն կարելի է ծանօթանալ այցելելով www.vardanpetrosyan.com կայքէջը։
Սերժ Թանքեան
Սերժ Թանքեան (ծնած Պէյրութ, Լիբանան, 1967 թուականի Օգոստոս 21-ին) ամերիկահայ երգիչ մըն է։ Ան իր երգիչի ասպարէզը սկսած է այլընտրանքային «մեթըլ» ոճի խումբին՝ Սիսթըմ Աֆ Է Տաունի հետ։ Խումբին կազմալուծումէն ետք ան իր ասպարէզը շարունակեց իբրեւ մեներգիչ եւ երգերու արտադրիչ։ Ան ծանօթ է իր յանդուգն, բայց լայնածիր ձայնային տարողութեամբ։ Իր առանձին գործերը կը համադրեն տարբեր ոճեր եւ ժանրեր, որոնց շարքին՝ մեթըլ, ռոք, եւ հայկական երաժշտական տարրեր։ Եօթը տարեկանին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վաղորդայնին, Սերժ Թանքեան իր ծնողներուն հետ տեղափոխուեցաւ Լոս Անճելոս, Քալիֆորնիա։ Դպրոցը աւարտելէ ետք ուսանեցաւ մարքեթինկ։ Չորս տարի հետեւեցաւ երգեցողութեան դասերու, ինչպէս նաեւ փոքր տարիքին սորվեցաւ կիթառ նուագել։ 1993-ին Տարօն Մալաքեանի հետ ստեղծեց Սոյլ խումբը, որ յետոյ կազմալուծուեցաւ իսկ աւելի ուշ վերակենդանացաւ իբրեւ Սիսթըմ Աֆ Է Տաուն։ Թանքեան ոչ միայն անդամ է Սիսթըմ Աֆ Է Տաունի, այլ նաեւ ունի իր սեփական ձայնագրման պիտակը, որ կը կոչուի Սերժիքըլ Սթրայք Ռեքըրտզ, որ մէկն է Քոլոմպիա Ռեքըրտզի ենթաբաժանումներէն։ Իբրեւ հիւր երգիչ ան նաեւ երգած է այնպիսի երգեր, ինչպիսին են «Մաշռում Քալթ»՝ Տակ Ֆէշըն Տիսքոյի հեղինակութեամբ եւ «Մէյն»՝ «Տէֆթոնզ»ի հեղինակութեամբ։ Ան արտադրած է «Պաքէթհէտ»ի «Էնթըր Տը Չիքըն»ը, ինչպէս նաեւ մասնակցած է «Պաքէթհէտ»ի «Ուի Ար Ուան», «Քոմա» եւ «Ուէյթինկ Հիր» երգերու մեկնաբանութեան։ Սերժիքըլ Սթրայք Ռեքըրտզով ան կը փորձէ մեծ արտադրիչներու կողմէ անտեսուած երաժիշտներուն տալ կարելիութիւն՝ արտադրելու իրենց երաժշտութիւնը եւ զայն հասցնելու ունկնդիրներուն։Սերժի նոր պիտակին առաջին արտադրութիւնը եղաւ «Սերարթ»ը՝ երաժշտական ծրագիր մը, մասնակցութեամբ նոյնինքն Թանքեանի եւ Սերժի ընկերոջ՝ Արթօ Թունջպոյաճեանի։ Թանքեան շատ աշխուժ է նաեւ քաղաքականապէս։ Թոմ Մորելլոյի (Օտիոսլէյվի, Ռէյճ Ըկէյնսթ Տի Մըշինի եւ Տի Նայթուոչմէնի նախկին անդամ) հետ ան հիմնադրեց Էքսիս Աֆ Ճասթիս կազմակերպութիւնը։ Թանքեան յաճախ հանրութեան մէջ կ՛արտայայտուի բռնութեան եւ անարդարութեան դէմ։ Թանքեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը՝ «Քուլ կարտընզ»ը հրատարակուած է 1 Հոկտեմբեր 2002-ին, Էմ Թի Վի Պուքսի կողմէ։ Հատորը հաւաքածոն է Թանքեանի՝ եօթը-ութ տարիներու խոկումին եւ նաեւ կը ներկայացնէ մէկ ուրիշ հայ արուեստագէտի՝ Սագօ Շահինեանի գործերը։ Գիրքը մեծ գնահատանքի արժանացած է արուեստի շրջանակներու մէջ։ 2007-ի վերջը Սերժ Թանքեան հրապարակեց իր առաջին անհատական ձայնասկաւառակը՝ «Իլէքթ Տը Տէտ»։
Արմէն Ճենտերէճեան
Ծնած է Երեւան, երաժշտական կրթութիւնը ստացած Տիգրան Չուխաճեանի եւ Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցները եւ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը։ Ուսանողական տարիներուն երիտասարդ ջութակահարը կը հրաւիրուի աշխատելու Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի պետական նուագախումբէն ներս, իբրեւ առաջին ջութակահարներու խումբի փոխ ղեկավար, մօտաւորապէս 20 տարիներ։ Տակաւին դպրոցական տարիներուն իր եղբօր՝ Աշոտի հետ կը հիմնադրեն «Ճենտերէճեան Տուէթ» (duet), որ մեր իրականութեան մէջ այժմ կը մնայ միակը։ Երկու եղբայրները «Տուէթ»ի կազմով համերգներ կ՚ունենան տասնեակ երկիրներու մէջ։ 1992 թուականին ընդունելով աշխարհահռչակ ղեկավար Էմին Խաչատուրեանի հրաւէրը՝ սորվելու նաեւ երաժշտական ղեկավարի արուեստը, Արմէն Ճենտերէճեան գերազանց գնահատանքներով 1997-ին կ՚աւարտէ նաեւ համալսարանի երաժշտական ղեկավարի բաժանմունքը։
Ալեքսան Մնակեան (1936-1986)
Ծնած է Պուրճ Համուտ (Լիբանան), 10 Նոյեմբեր 1936-ին։ Սկսած է նուագելու 1952-ին՝ քաջալերուած Հ. Գրիգորիս Հեպոյեանի կողմէ։ 1955-1957 ելոյթներ կ՚ունենայ Հալէպի, Պաղտատի, Լիբանանի, Թեհրանի, Պոլսոյ եւ Կիպրոսի մէջ։ 1957-1959 Միլանոյի մէջ (Իտալիա) կը կատարելագործէ իր երաժշտական գիտութիւնը՝ աշակերտելով Maestro Fugazza-ի, կը ստանայ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներ։ 1959-ին կը վերադառնայ Լիբանան, ուր իբրեւ ձեռնադաշնակի վարպետ կը նուագէ Լիբանանի Պետական Ռատիոկայանի նուագախումբին մէջ ու կը դասաւանդէ Պետական Երաժշտանոցին մէջ։ 1975-ին իբրեւ գեղարուեստական պատասխանատու կ՚ընկերակցի Համազգայինի պարախումբին, որ կը մասնակցի ՔՈՆՖՈԼԱՆ-ի (Ֆրանսա) միջազգային փառատօնին։ 1977-ին նոյն խումբին հետ ելոյթներ կ՚ունենայ Քուէյթ եւ Պարսկաստան։ 1978-ին Ծնծղայ մանկական երգչախումբի երգացանկի պատրաստութեան, եղանակներու դաշնաւորման ու գործիքաւորման աշխատանքը կը կատարէ։ 1980-ին կը ղեկավարէ ՆԱՆՕՐ մանկապատանեկան երգչախումբը եւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութիւններու երգչախումբը։ 1981-ին գեղարուեստական պատասխանատու է Համազգայինի ՆԱՆՕՐ պարախումբին, իսկ 1983-ին գեղարուեստական պատասխանատու՝ Համազգայինի պարախումբին։ Ալեքսան Մնակեան իր գործուն մասնակցութիւնը բերած է նաեւ լիբանանահայկական եւ լիբանանեան բազմաթիւ ձեռնարկներու իբրեւ յօրինող, դաշնաւորող, նուագող եւ խորհրդատու։
Յակոբ Օշական (1883-1948)
Յակոբ Օշական (Քիւֆէճեան) ծնած է Պրուսայի գաւառ, Պոլսոյ մօտ։ Արմաշի դպրեվանքին մէջ սկսած ուսումը ընդհատած է աղքատութեան պատճառով։ Ինքնաշխատութեամբ ան կը տիրանայ գրականագիտական բարձր զարգացումի՝ դառնալով մեծահամբաւ քննադատ եւ ուսուցիչ, ու միւս կողմէ՝ մեծ գրող։ 1902-էն սկսեալ պատմուածքներով եւ քննադատական քրոնիկներով ու փորձերով կ՚աշխատակցի պոլսահայ գրական մամուլին։ Կ՚արտադրէ «Խոնարհներ» շարքը։ 1914-ին,Դ. Վարուժանի, Կ. Զարեանի եւ Յ. Սիրունիի հետ կը խմբագրէ «Մեհեան» գրական պարբերաթերթը։ 1915-ին փախստական՝ կը փրկուի Եղեռնէն։ Քանի մը տարի Պոլիս, Թէքէեանի հետ՝ կրկին ուսուցիչ եւ խմբագիր։ Ապա Կիպրոս ու Երուսաղէմ՝ վաստակաւոր ուսուցիչ հայ գրականութեան եւ խստապահանջ քննադատ։ Այդ տարիներուն է, որ կը հրատարակէ իր վէպերը. «Ծակ-Պտուկը», «Հաճի Ապտուլլահ», «Մնացորդաց»…։ Ապա կը խմբագրէ տասհատորեայ կոթողական «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան»ը։ Կը մահանայ Հալէպ, ուր հրաւիրուած էր իր յոբելեանի նշումին։
Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967)
Ծնած է Ռոտոսթօ, 1885-ին։ Յաճախած է Պուքրէշի երաժշտանոցը։ 1908-ին կ՚անցնի Պոլիս, ուր կը հիմնէ «Քնար» նուագախումբը։ Կը ծանօթանայ Կոմիտաս վարդապետին ու կ՚աշակերտէ անոր 1913-էն 1915, դառնալով անոր վեց սաներէն մէկը։ Զինադադարին, Գէորգ Կառվարենցի հետ կը յօրինէ «Յառաջ Նահատակ»ը։ Կը կազմակերպէ համերգներ Հալէպի եւ Ատանայի մէջ։ Կը վերադառնայ Պոլիս, ուր 1919-էն 1920 կը գոյանայ «Կոմիտասեան Սաներու Հիմնադրամ»ը, որպէսզի Փարիզ մեկնելով անոնք կարենան կատարելագործել իրենց արուեստը։ 1921-ին Կանաչեան կը մեկնի Փարիզ, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման։ Ապա երաժշտութեան ուսուցչի եւ խմբավարի պաշտօններ կը ստանձնէ գաղութներու մէջ։ 1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Կանաչեան երկար տարիներ երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ։ Կը մահանայ Պէյրութի մէջ 1967-ին։ Իր անունով կը կոչուի Պէյրութի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը։
Մովսէս Պչաքճեան
Ծնած է Հալէպ, 1940-ին: 1976-էն ի վեր կ՚ապրի Փարիզ: 1990-ին անոր «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» վէպը արժանացած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակին: 1981-ին «L’Imprevu» («Անկանխատեսելին») պատմուածքը կը ճանչցուի իբրեւ Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի տարուան լաւագոյն արձակ ստեղծագործութիւն: 2009-ին ՀՀ նախագահի հրամանագրով Մ. Պչաքճեանը կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, իսկ 2010-ին` Հայ Գրողներու Միութեան կողմէ «Գրական վաստակի համար» մետալով: Մ. Պչաքճեանի հրատարակած գիրքերն են. «Անկարելի կարելին» (1973), «Բարեւ Հայաստան» (1975), «Կեռասի ժամանակէն վերջ եւ առաջ» (1983), «Լուացք փռուած տանիքի վրայ» (1987), «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» (1990), «Լուսաւոր աչքերով օտարականը» (1993), «Անկատար վերծանումներ» (1997), «Մինչեւ վերջինը արեւներուն» (բանաստեղծութիւն, 2001), «Աշխարհահայեաց պատուհան» (2002), «Անցողիկը եւ անժամանցելին» (2005), «Վարագոյրը իջնելէ առաջ»-«Խմելով քաղաքը» (2009)։
Մուշեղ Իշխան (1914-1990)
Մուշեղ Իշխան (Ճենտերեճեան) ծնած է Սիվրի-Հիսար, 1914-ին։ 1915-ին Սիվրի-Հիսարի բնակչութեան հետ կը բռնէ աքսորի ճամբան եւ 1924-ին կը հասնի Դամասկոս։ Հոն կը յաճախէ Հայոց Ազգային Վարժարանը մինչեւ 1928։ Կ՚անցնի Կիպրոս՝ Մելքոնեան վարժարան, ուր կը մնայ երկու տարեշրջան՝ աշակերտելով Յ. Օշականին։ 1930-ի արձակուրդին Պէյրութ կու գայ եւ կը դառնայ գիշերօթիկի սան՝ նորաբաց Հայ Ճեմարանին, զոր կ՚աւարտէ հինգ տարի ետք ու կը դառնայ Ճեմարանի ուսուցիչ։ 1938-ին կը մեկնի Պելճիքա, ուր երկու տարի կը հետեւի մանկավարժութեան եւ գրականութեան ճիւղերուն ։ 1940-ին կը վերադառնայ Պէյրութ։ Դարձեալ ուսուցչութեան կը նուիրուի՝ դասաւանդելով հայ լեզու, հայ գրականութիւն, մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն։ Դպրոցը , դասը , գիրքն ու գրականութիւնը կը դառնան Մ. Իշխանի աշխարհը։ 1932-ին «Հայրենիք»-ի մէջ իր առաջին բանաստեղծութիւնը լոյս տեսնելէ ետք, ան հաւատարիմ կը մնայ գրողի իր կոչումին՝ քանի մը տարին անգամ մը հրատարակելով բանաստեղծական փունջեր եւ արձակ կտորներ։ Մուշեղ Իշխանի ստեղծագործութեան ներքին ազդակը տարագիր հայու պայքարն է ուծացման վտանգի դէմ՝ յանուն սեփական դիմագիծի պահպանման։ Անոր բանաստեղծութիւններէն են՝ «Տուներու երգը»(1936), «Հայաստան»(1946), «Կեանք ու երազ»(1949), «Ոսկի աշուն»(1963), «Տառապանք» (1968) եւ այլ ժողովածուներ։ Արձակ գործերէն են «Հացի եւ լոյսի համար»(1951), «Հացի եւ սիրոյ համար»(1956), «Մնաս բարով, մանկութիւն»(1974) վէպերը։ Բազմահատոր գրական երկերու կողքին Մ. Իշխան կը պատրաստէ «Հայ Գրականութիւն» եռահատոր դասագիրքը։ 1941-51 ժամանակաշրջանին կը վարէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնը։ Գրական ստեղծագործութեան զուգահեռ կը ստորագրէ կրթական եւ ազգային հարցեր արծարծող յօդուածներ։ 1951-52 տարեշրջանին՝ Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանի կողքին կը սկսի գործել իբրեւ կրթական պատասխանատու։ Կը մահանայ 12 Յունիս 1990-ին։
Յակոբ Կարապենց (1925-1994)
Յակոբ Կարապենց-Կարապետեան ծնած է 1925-ին Թաւրիզ: Նախակրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Թեհրանի ֆրանսական «Սէն Լուի» գոլէճին մէջ։ Թեհրանի մէջ, իր խումբ մը գաղափարակից ընկերներուն հետ, 1944 -ին մաս կը կազմէ Հայ պատանեկան մշակութային միութեան հիմնադիր կորիզին,որ 1946 թուականին կը վերանուանուի Հայ Երիտասարդական Մշակութային Միութիւն, իսկ 1950 թուականի աշնան կը կոչուի Հայ Մշակութային «Արարատ» Միութիւն, որ ընդարձակուելով եւ աճելով՝ կը վերանուանուի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութիւն: Այսօր տասնամեակներ բոլորած ՀՄԱԿ-ը կը հանդիսանայ իրանահայութեան մարզա-մշակութային եւ հասարակական կեանքի յենասիւնը։ Կարապենց կը յաճախէ ԱՄՆ Միսուրի նահանգի Կանզասի համալսարան, զոր աւարտելէ ետք՝ կը յաճախէ Նիւ Եօրքի «Կոլումբիա» համալսարանը: Կը մասնագիտանայ լրագրութեան ճիւղին մէջ, հետեւելով հոգեբանութեան՝ իբրեւ ուսումնասիրութեան երկրորդ նիւթ: Ան 1954-1979 թւականներուն կը վարէ ԱՄՆ-ի «Ամերիկայի ձայն» հաստատութեան Հայկական բաժինը: Կարապենց կ՚աշխատակցի սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու ու պարբերականներու («Հայրենիք», «Բագին», «Ալիք», «Ասպարէզ», «Հորիզոն»-ի Գրական յաւելուած, եւ շատ ուրիշներ): Կարապենցի առաջին գրական փորձերը եղած են բանաստեղծութիւններ, կարճ յօդուածներ եւ լրագրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են Թեհրանի «Արուսեակ», «Լոյս», «Էրօս» պարբերաթերթերու եւ ապա «Ալիք» օրաթերթի էջերուն մէջ: Ամերիկայի մէջ 1970-ին լոյս կը տեսնէ պատմուածքներու առաջին հատորը՝ «Անծանօթ հոգիներ»,ապա՝ «Կարթագէնի դուստրը» ժամանակակից վէպը (1972), 1975-ին՝ «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները» (նորավէպեր), 1981-ին՝ «Միջնարար»-ը (պատմուածքներ), 1983-ին՝ «Ադամի գիրքը» ժամանակակից վէպը, «Ամերիկեան շուրջպար» (1986) եւ «Անկատար» (1987), «Երկու աշխարհ, գրական փորձագրութիւններ» (1992) եւ «Մի մարդ ու մի երկիր եւ այլ պատմուածքներ» (1994): 1994 թուականին ան յաւերժ կը փակէ իր աչքերը:
Ալեքսանդր Թամանեան (1878-1936)
Հայ ճարտարապետ, ճարտարապետութեան ակադեմիկոս (1914 թ), ՀՍՍՀ ճարտարտապետ (1926 թ․)։ 1904 թուականին աւարտած է Պետերբուրգի բարձրագոյն գեղարուեստի ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքը՝ նկարիչ-ճարտարապետի կոչումով։ 1917թ. Ալեքսանդր Թամանեանը կը ստանձնէ Պետրոգրադի գեղարուեստի ակադեմիայի խորհուրդի նախագահի պաշտօնը, կ՚ընտրուի արուեստի գործիչներու միութեան նախագահ: 1919-ին կը տեղափոխուի Երեւան, 1921 թուականին՝ Իրան։ 1923-ին կը հրաւիրուի Հայաստան։ Թամանեանը կը դառնայ Ժողկոմխորհին կից պատմական յուշարձաններու պահպանման կոմիտէի ղեկավարը 1923 թուականէն։ Ալեքսանդր Թամանեան կեանքէն կը հեռանայ1936թ. Փետրուար20-ին: Թամանեանի առաջին ճարտարապետական աշխատանքն է Երեւանի գլխաւոր յատակագիծը ։ Բազմաթիւ բնակավայրերու կողքին, Երեւանի մէջ անոր նախագծով կառուցուած են աստղադիտարանը (1930-1935), Երեւանի բժշկական ինստիտուտի անատոմիկումի մասնաշէնքը (1926-1933), անասնաբուժական, պոլիտեխնիկական, ֆիզիոթերապետիկ ինստիտուտներու շէնքերը (1927-1932), հանրային գրադարանի(1932-1938) եւ պետհամալսարանի աստղադիտարանի շէնքերը,Այղր լճի գողտրիկ ջրհան կայանը։ Անոր նախագծով կառուցուած է նաեւ Կառավարութեան տունը (1926-1929), Օպերայի եւ բալետի թատրոնը (1926-1953)։
Դանիէլ Վարուժան (1884-1915)
Հայ բանաստեղծութեան անգերազանցելի գագաթներէն մէկը։ Ծնած է Սեբաստիոյ Բրգնիկ գիւղը, 1884-ին։ 1896-ին կը յաճախէ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը։ 1902-ին կը փոխադրուի Վենետիկ՝ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարան, զոր կ՚աւարտէ 1905-ին։ Կանտի (Պելճիքա) համալսարանին մէջ կը հետեւի քաղաքական եւ ընկերային գիտութեանց։ 1909-ին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը նուիրուի ուսուցչութեան։ Քնարերգակ եւ դիւցազներգակ բանաստեղծ՝ Վարուժան երգած է Հայաստանի սէրն ու փառքերը, բնութիւնը, ժողովուրդի տառապանքը, հայ յեղափոխութիւնն ու անոր մարտիկները։ Ուժականութիւնն ու տպաւորիչ պատկերներու յաջորդականութիւնը յատկանիշներն են իր քերթողական հարուստ արուեստին։ «Սարսուռներ»ը, բայց մանաւանդ «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր»ն ու «Հացին երգը» հայ բանաստեղծութեան գլուխ-գործոցներ են տուած։ Վարուժան սպաննուեցաւ 23 Օգոստոս 1915-ին, Մեծ Եղեռնի ընթացքին։
Արեգ Լուսինեան
Ծնած է 20 Մարտ 1935-ին, Ախալցխա, Վրաստան: 1956-ին աւարտած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանի ստեղծագործական բաժինը, իսկ 1961-ին՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը: 1966-ին զուգահեռաբար կ՚ընդունուի Հայաստանի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երաժշտահաններու եւ երաժշտագէտներու միութիւններու իբրեւ անդամ: 1962-1964 իբրեւ դասախօս պաշտօնավարած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, իսկ 1971-էն ի վեր կը դասախօսէ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական համալսարանին մէջ, ուր 2005-ին արժանացած է փրոֆեսէօրի կոչման: Արեգ Լուսինեանի ստեղծագործական բազմահարուստ վաստակը կը ներառէ՝ -Երկու համանուագներ՝ «Համանուագ թիւ 1» եւ «Համանուագ-ռիքուեմ»: -«Միշտ քեզ հետ» օփերեթ: -Վոքալ-սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններ: -Դաշնակի ստեղծագործութիւններ՝ «Նազանքով պար» երկու դաշնակի համար, «Երիտասարդական պար», դաշնակի շարքեր՝ «Փոքրիկ պատկերներ», «Կրկէս», «Աշխարհի ժողովուրդներու պարեր»…: Բազմաթիւ առանձին մանրանուագներ, խուսանուագներ, մանկական եւ հայրենասիրական երգերու դաշնակի պատշաճեցումներ: -Երգեր, խմբերգներ, զուգերգներ, մեներգներ, ռոմանսներ եւ հոգեւոր երգեր՝ հանրածանօթ հայ բանաստեղծներու խօսքերով: -«Հայրենեաց տաղարան» հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու մշակումներ: -Դպրոցականներու եւ պատանիներու համար բազմաթիւ երգեր: -Մանկապատանեկան օփերաներ՝ «Ուլիկը», «Ծիտը», «Երկինքը փուլ է գալիս»: Արեգ Լուսինեան Շուշիի «Վարանդա» եւ Լիբանանի «Կարկաչ» երգչախումբերուն համար ստեղծագործած է բազմաթիւ երգեր:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան
Հրանդ Մարգարեան գիտնական է, թատերագիր, բանաստեղծ, թատերագէտ, գրաքննադատ, բեմադրիչ եւ դերասան: Ծնած է Պասրա, Իրաք 1938-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Մարկիլի Հայ Ազգային Վարժարանին մէջ ապա յաճախած պետական երկրորդական վարժարան: Աւարտած է Պաղտատի Գիտութեանց Քոլէճը եւ 1962-ին անցած է Ամերիկա, ուր ստացած է Մագիստրոսի ապա Տոքթորայի վկայականները տարրաբանութեան մէջ եւ Մագիստրոս վկայականը Management of Technology ճիւղին մէջ: Եղած է գիտական հետազօտող ապա՝ տարրաբանութեան Փրոֆէսոր Նիւ Եորք Նահանգի պետական համալսարանին մէջ: Տոքթորայի ուսման զուգահեռ, թատերական դաստիարակութիւն ստացած է յաճախելով Circle in the Square, Նիւ Եորք Համալսարան եւ Schrieber Studio թատերական նշանաւոր դպրոցները: Առաջին անգամ բեմ բաձրացած է 1956-ին, Մարկիլ, Պասրա, Իրաք, Յակոբ Պարոնեանի՝ Մեծապատիւ Մուրացկաններու մէջ «բանաստեղծի»ն դերով: Առաջին բեմադրութիւնը կատարած է 1958-ին Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան մէջ, իր հեղինակած բարեկենդանի սքէչներով յունական կեդրոնական ձեւաւորումով: Մարգարեանի թատերական գործունէութիւնը ծաւալած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: 1967-ին հիմնադրած է Մասիս թատերախումբը, որ հետագային վերակոչուեցաւ Համազգայինի Թատերախումբ: 2005-ին հիմնադրեց Նիւ Ճըրզիի «Համազգայինի պատանեկան թատերախումբը»: Մարգարեան 1985-1995 վարած է Վարագ Պարբերաթերթի խմբագրի պաշտօնը: 2006-էն ի վեր անդամ է Համազգայինի Բագին Պարբերաթերթի խմբագրական կազմին: 1967-էն ցայսօր, ամբողջ 43 տարի, ղեկավարն է Համազգայինի Նիւ Եորքի թատերախումբին: Հեղինակ է 27 թատերախաղերու- 24 հայերէն, 2 անգլերէն, 1 հայ-անգլերէն: Ղեկավարած է 55 թատերական եյոյթներ: Կատարած է 55 տիպարներու դերեր, որոնցմէ մէկը Assignment Berlin շարժանկարին մէջ: Հրատարակած է 7 թատերախաղեր, բանաստեղծական հատոր մը՝ «Ենթաեսէն Փշրուած» եւ «Քարաձայն Պատարագ» Արեւմտեան Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան առթիւ: 2006-ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան հրաւէրով, խմբագրեց «Հայաստանի թատերագիրներ» անգլերէն գիրքը: Իր թատերախաղերը ներկայացուած են ԱՄՆ, Քանատա, Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան եւ Անգլիա:
Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան
Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասախօս. ներկայիս Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանին մէջ կը պաշտօնավարէ իբրեւ համահետազօտող: Ան հեղինակն է Հայ Դատի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքերու, դասագիրքերու եւ հետազօտական յօդուածներու: Իր գլխաւոր գործերուն շարքին են «Աղէտին հանդէպ գրական հակազդեցութիւններ. համեմատութիւն հայկական եւ հրէական փորձառութիւններուն» (1993), եւ հայերէն լեզուով «Հայաստանը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Պոլշեւիկներու յարաբերութեան շրջագիծին մէջ. 1917-1921» (1997), (թարգմանուած եւ հրատարակուած ռուսերէնով,) «Հայ Դատ»՝ 10-12-րդ դասարանի աշակերտներու համար դասագիրքերու շարքը, ինչպէս նաեւ՝ «Հայ Դատի պատմութեան» ամբողջական դասագիրքեր՝ նախատեսուած Հայաստանի երկրորդական վարժարաններու համար (2000): «Եւ անոնք, որոնք շարունակեցին ապրիլ Թուրքիոյ մէջ 1915-էն ետք»ը (2008) անոր ամենավերջին հրատարակութիւնն է: Ան ունեցած է դասախօսական լայն ասպարէզ եւ մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու: Ան իր ասպարէզին ընթացքին կատարած իրագործումներուն համար արժանացած է Հայկական Կրթական Ֆոնտի մրցանակին, ինչպէս նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհած Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին:
Ռուբէն Հախվերտեան
Ռուբէն Հախվերտեան ծնած է 1950-ին, Երեւան: Աշխատած է Երեւանի հեռուստատեսութեան մէջ իբրեւ բեմադրիչի օգնական: 1975-ին աւարտած է Երեւանի Թատերական Համալսարանը, մասնագիտանալով թատրոնի եւ հեռուստատեսութեան բեմադրիչի ճիւղին մէջ: Ինքնաշխատութեամբ խորանալով բանաստեղծական ու երաժշտական մարզերուն մէջ, Ռուբէն դարձած է երգահան, հայկական երգարուեստին մէջ բանալով նոր ճիւղ ու նոր դպրոց՝ Հեղինակային երգը: Ան կը համարուի հայրենի հեղինակային երգի հայրը, որ ժամանակի ընթացքին ունեցաւ հետեւորդներ: Ան սնած է նաեւ 1960-ական թուականներու քաղաքական ու ժողովրդային երգերով: Ռուբէն Հախվերտեան հեղինակած եւ բեմադրած է շարք մը երաժշտական թատերական ներկայացումներ, որոնցմէ ամէնէն յայտնին եւ ժողովրդականը «Սատանայի Ջրաղաց» կատակերգութիւնն է: Ռուբէնի ստեղծագործական վաստակին կը պատկանին հարիւրաւոր երգեր, որոնց շարքին՝ մանկական շարժանկարներու երգեր: Մինչեւ 1988 Ռուբէնի երգերը պաշտօնապէս արգիլուած էին Խորհրդային Հայաստանի մէջ, սակայն անոր երգերն ու ստեղծագործութիւնները իրենց մեծ նպաստը ունեցան մանաւանդ Արցախեան պահանջատիրութեան մէջ, երբ հայ ազատամարտիկները կ՚ուղղուէին ճակատ: Ռուբէն իր կիթառով ու երգերով կը խրախուսէր հայ երիտասարդները, կ՚երգէր հայրենիքի անկախութեան համար, կը քննադատէր իշխանութիւնները եւ կոչ կ՚ուղղէր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման: Ռուբէն Հախվերտեան հրապարակած է նաեւ մանկական երգերու ամբողջական ձայնասկաւառակը, իր արուեստը մատուցելով հայ նորահաս սերունդին:
Սօս Սարգսեան
Սօս Արտաշէս Սարգսեանը ծնած է 1929-ի Հոկտեմբերի 24-ին Ստեփանաւան: Անոր դերասանական ընդունակութիւնները բացայայտուած են տեղի Ա. Պուշկինի անուան դպրոցի թատերական խմբակին մէջ, իսկ իր առաջին քայլերը բեմի վրայ ապագայ նշանաւոր դերասանը առած է Ստեփանաւանի տրամադիկական թատրոնին մէջ: 1948-ին յայտնի բեմադրիչ Հրաչեայ Ղափլանեանի երաշխաւորութեամբ հրաւիրուած է Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոն, ուր խաղացած է շուրջ տասնեակ մը դերեր: 1950-ին ընդունուած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական ինստիտուտ ականաւոր Վարդան Աճեմեանի արուեստանոց: Ինստիտուտը աւարտելէ ետք 1954-ին հրաւիրուած է Գ. Սունդուկեանի անուան պետական ազգային ակադեմիական թատրոն , ուր աշխատած է մինչեւ 1991՝ ստեղծելով քանի մը տասնեակ ինչպէս դասական, այնպէս ալ ժամանակակից տրամադիկական փայլուն կերպարներ: 1991-ին ստեղծած է «Համազգային» թատրոնը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է առ այսօր: 1998-էն Թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական ինստիտուտի ռեկտորն է: 1968-ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր արտիստի , 1972-ին՝ ժողովրդական արտիստի, 1985-ին՝ ԽՍՀՄ ժողովրդական արտիստի կոչման: Պետական մրցանակի կրկնակի դափնեկիր է:
Ակսէլ Բակունց (1899-1937)
Ծնած է Գորիս: Նախնական ուսումը առած է ծննդավայրին մէջ, ապա Գէորգեան Ճեմարան, որուն վերջին շրջանաւարտներէն եղած է: 17 տարեկանին, Շուշիի «Փայլակ» թերթին մէջ իր թղթակցութիւններով խստօրէն քննադատած է ծննդավայրին թերի կողմերը: Այս շրջանին իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Լոր գիւղը: Ուսուցիչի փորձառութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է իր կեանքին եւ ապագային ալ իր գրականութեան մէջ: Ճեմարանէն շրջանաւարտ եղած է 1918-ի սկիզբը: Գրականութեան մէջ պաշտօնապէս մուտք գործած է Հայաստանի խորհրդայնացումէն վերջ: 1924-ին անդամակցած է Կոմունիստ կուսակցութեան: «Մարտակոչ»ի մէջ հրատարակած իր գաւառական նամականիներու շարքով ցոյց տուած է լրագրողի մեծ ձիրքեր, ինչպէս նաեւ երգիծական շատ մեծ շնորհ, որ առաւելաբար երեւան կու գայ իր ծննդավայրին նուիրուած մենագրութիւններուն մէջ: Յետոյ յաջորդաբար աշխատակցած է խորհրդահայ մամուլին, հրատարակելով պատմուածքներու հատորներ: 1937-38-ի քաղաքական հետապնդումներուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ, Բակունցի ալ վիճակուեցաւ շատ մը տաղանդաւոր գրողներու եղերական վախճանը. անոնք գնդակահարուեցան՝ սոսկ իրենց վերագրուած կուսակցական անուղղափառութեան համար:
Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան
Հանրածանօթ դերասանուհի,բեմադրիչ, հեղինակաւոր հրապարակագիր, բանաստեղծ, իր տեսակին մէջ եզակի մենաթատրոնի արուեստի հիմնադիր Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանը, աշխարհի տարբեր երկիրներու ՝ Ամերիկայի, Գանատայի, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, բոլոր հայահոծ գաղութներու բեմերուն վրայ իր իւրայատուկ բարձր արուեստով դարձած է հայ մշակոյթի մեկնաբանն ու հայ արուեստի պատգամախօսը: Մարի Ռոզը առաջին դերասանուհին է, որ հայ բեմ բարձրացուց մէկ դերասանուհիի կատարումը, միաժամանակ հեղինակ-մեկնաբան, բեմադրիչն ու կատարողը ըլլալով իր ներկայացուցած գործերուն: Անձամբ կը գրէ ու կը մշակէ իր բոլոր ներկայացումները, երաժշտական ձեւաւորումը, անձամբ ալ կը ներկայացնէ իր ինքնատիպ մեկնաբանութեամբ` «Այս Երեկոյ Վ. Տէրեանի հետ», «Կարսից Տրոյա», «Մոռանա՞լ Եղեռնը», «Տատրագոմի Հարսը», «Կոստան Զարեան», «Խենթը», «Ծակ Պտուկը», «Անլռելի Զանգակատուն», «Եւ Այդ Թուին էր», «Ժամադրութիւն սիրոյ հետ», «Սեւակի Մեծ Սէրը» եւ այլ ներկայացումներ: Առաջին եւ միակ դերասանուհին է, որ միայնակ 21 տարբեր դերերով 1987-ին ներկայացուց Ֆ. Վերֆելի հռչակաւոր՝ «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպը: Դերասանուհին իր բարեսիրական ելոյթներով կ՚օժանդակէ Համազգայինի, ՀՕՄ-ի, Հայ Դատի բարգաւաճմանը: Մարի Ռոզը իր թատերական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Գեղարուեստա-Թատերական Ինստիտուտին մէջ, եղած է «Արշալոյս» նորարական Թատրոնի հիմնադիրներէն: Այնուհետեւ երկար տարիներ աշխատած է Երեւանի Տրամադիկական, այժմեան՝ Ղափլանեանի անուան Թատրոնին մէջ, բազմաթիւ դերեր ստանձնած հեռուստատեսային եւ ռատիոյի գրական-թատերական հաղորդումներու մէջ, նկարահանուած Հայֆիլմի մէջ: 1983-էն ան կ՚ապրի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ (ԱՄՆ), ուր եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ սփիւռքի թատերական կեանքի աշխուժացման:
Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923)
Ծնած է 1869-ին, Լոռիի Դսեղ գիւղը (ներկայիս՝ Թումանեան): Թերաւարտ է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանէն: Պատանի տարիքէն սկսած է բանաստեղծութիւններ գրել: Ձեռնարկած է զանազան գործերու, առանց երկար մնալու որեւէ ասպարէզի մէջ: 1888-ին ամուսնացած է եւ կազմած բազմանդամ ընտանիք մը: Անկէ ետք ամբոջութեամբ նուիրուած է բանաստեղծութեան եւ հրապարակագրութեան: Մեծ զարկ տուած է մանկական գրականութեան, որուն անմրցելի վարպետն է: Իր գործերէն են՝ «Սասունցի Դաւիթ», «Անուշ», «Թմբկաբերդի առումը», «Դէպի անհունը», «Շունն ու կատուն», «Կաթիլ մը մեղր», «Փարւանա», եւայլն: Թումանեան արեւելահայոց կողմէ ամէնէն սիրուած բանաստեղծն է: Իր գրականութեան հիմնական նիւթերը կը կազմեն հայրենի բնութիւնը, ժողովուրդը, աւանդութիւնները, կենցաղը: Իր յղացումով ու արուեստով գերազանցօրէն հայ բանաստեղծն է Թումանեան,- հայ ժողովրդակա°ն բանաստեղծը: Յ. Թումանեան մահացած է 1923-ին:
Ռուբէն Յովսէփեան
Արձակագիր Ռուբէն Յովսէփեանը ծնած է 1939 թուականին, Երեւան։ Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի երկրաբանական Ֆակուլտետը, շարժապատկերի բեմադրիչներու մոսկովեան բարձրագոյն դասընթացքը: Իբրեւ երկրաբան աշխատած է Թուրքմենիստանի եւ Հայաստանի մէջ: Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու: Իր «Որդան կարմիր» վիպակը 1980 թ. արժանացած է Դերենիկ Դեմիրճեանի անուան մրցանակի, իսկ «Ծիրանի ծառերի տակ» վէպը 2006-ին` ՀՀ նախագահի մրցանակ է ստացած: 2009-ին արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետալին, Արմաւիր քաղաքի Պատուաւոր քաղաքացի կոչմանը: Ռ. Յովսէփեանի գիրքերը եւ առանձին պատմուածքները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներով: Անոր ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ նկարահանուեր են «Հնձան», «Խնձորի այգին», «Կարօտ», «Ապրիլ», «Ամենատաք երկիր» շարժապատկերները: Թարգմանած է Գաբրիէլ Գարսիա Մարկեսի «Հարիւր տարուան մենութիւն», «Նահապետի աշունը» վէպերը եւ Թոլսթոյի «Մանկութիւն, պատանեկութիւն, երիտասարդութիւն» եռագրութեան առաջին երկու մասերը: ՀՀ Ազգային Ժողովի երկրորդ եւ երրորդ գումարման պատգամաւոր էր, այժմ` ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ «Նորք» գրական հանդէսի տնօրէն:
Սիմոն Աբգարեան
Սիմոն Աբգարեան ծնած է 5 Մարտ 1962-ին, Փարիզի հիւսիս արեւելեան արուարձաններէն մէկուն՝ Կոնէսզի մէջ, ֆրանսահայ ընտանիքի մը մէջ: 1971-1977 տարիներուն, երիտասարդ Աբգարեան իր հօր ու մօր հետ ապրած է Լիբանան, ուր յաճախած է հայկական վարժարան, միաժամանակ սորվելով նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուները: 1977-ին Աբգարեան վերստին տեղափոխուած է Փարիզ: Քանի մը տարի ետք ան փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր պարի եւ դերասանութեան իր դասերը շարունակած է Նիւ Եորքի Անդրանիկ Թատերախումբին հետ: Ապա տեղափոխուած է Լոս Անճելոս, Քալիֆորնիա: 1983-1985 ան ուսանած է դերասանութիւն եւ մաս կազմած է ՀԲԸՄ-ի Արտաւազդ Թատերախումբին, Ժերալտ Փափազեանի ղեկավարութեամբ: 1984ին ան մասնակցած է աշխատանքային հանդիպումներուն հռչակաւոր Թէաթր տիւ Սոլէյի, որ Օլիմփիքս Արթ Ֆեսթիվըլի ծիրին մէջ կ՚այցելէր Լոս Անճելոս: 1985-ին Սիմոն Աբգարեան կը վերադառնայ Փարիզ, ուր ձեռք կը բերէ թատերական դերասանական յաջողակ ասպարէզ եւ ութ տարի կը համագործակցի Արիան Մնուշքինի՝ Թէաթր տիւ Սոլէյի հռչակաւոր բեմադրիչին հետ: 2001-ին Աբգարեան կը տիրանայ ֆրանսական թատրոնի դերասանի ամէնէն բարձր մրցանակին՝ Մոլիէրի մրցանակին, «Գազանը՝ լուսնի վրայ» թատերախաղին մէջ իր ստանձնած դերին համար: 1993-ին Աբգարեան եւ իր դերասանուհի-բեմադրիչ կինը՝ Քաթրին Շչոպը, Փարիզի մէջ հիմնեցին իրենց սեփական թատերախումբը՝ ԹԵՐԱ (Թէաթր Էսփաս Ռըշերշ Աքթէոր), ուր Սիմոն Աբգարեան դերեր ստանձնած եւ բեմադրած է դասական եւ ժամանակակից թատերախաղեր: Աբգարեան առաջին անգամ ժապաւէնի մէջ դեր ստանձնած է 1989-ին: Շարժապատկերի իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին Աբգարեան արդիւնաբեր համագործակցութիւն ունեցաւ Սետրիք Քլափիշչի հետ, ֆրանսական վեց ժապաւէններու մէջ, հռչակ ստանալով մրցանակակիր «Շաքէոն շերշ սոն շա» (1996) ժապաւէնով: Ան արժանացաւ քննադատներու բարձր գնահատանքին Աթոմ Էկոյեանի մրցանակակիր «Արարատ» (2002) ժապաւէնին մէջ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի կերպարը մարմնաւորելու համար: Սիմոն Աբգարեան մրցանակներ շահած է «Թու թէյք է ուայֆ» (2004) ժապաւէնին մէջ Էլիահուի դերը կատարելու համար (բեմադրիչ՝ Ռոնիթ Էլքապէց): Իր շարժապատկերի ասպարէզին մէջ Սիմոն Աբգարեան մեծ ոստում արձանագրեց «Քազինօ Ռուայալ» (2006) ժապաւէնին մէջ Ալեքս Տիմիթրոսի երկրորդական դերով հանդէս գալով եւ Տանիէլ Քրէյկի կողքին քանի մը ուժեղ տեսարաններու մէջ խաղալով: Սիմոն Աբգարեան մեծապէս մասնակից է հայ ժողովուրդին առնչուող մարդասիրական դատերուն: Բազմաթիւ բարեսիրական եւ հայ դատի ձեռնարկներու ու հանդիսութիւններու ընթացքին, ան եղած է յաճախակի մասնակից, հիւրընկալ եւ հաղորդավար: 2006-ի Հոկտեմբերին ան նաեւ մաս կազմած է Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի հետ Հայաստան այցելող պատուիրակութեան:
Գրիգոր Շահինեան (1930-2009)
Ծնած է Պէյրութ: Աւարտած է Համազգայինի Ճեմարանը, ապա մասնագիտացած է մանկավարժութեան եւ գրականութեան մէջ Պրիւքսէլի Ազատ համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է Պսակաւոր արուեստներու, ապա 1956-ին նաեւ Ուսուցչական աստիճան: Շահան Շահնուրի ստեղծագործութիւնը ուսումնասիրող տոքթորական աւարտաճառ պաշտպանած է 1979-ին Փարիզի Սորպոն համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ, իսկ 1994-ին՝ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: 1950-էն սկսեալ երկար տարիներ դասաւանդած է Ճեմարանի մէջ, նաեւ՝ Ֆրեռներու դպրոցին, Հայկազեան Գոլէճին եւ Զարեհեան դպրեվանքին մէջ: 1970-1994 Ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդած է Լիբանանի պետական համալսարանը: 1990-ականներուն արեւմտահայ գրականութեան եւ գլխաւորաբար Լեւոն Շանթի գրականութեան մասին կարճ դասընթացներ վարած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանին, Արցախի պետական համալսարանին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէնի դասեր՝ Վենետիկի ամառնային դասընթացներու ծիրէն ներս: 1987-ին հիմնադրած եւ մինչեւ 2007 ղեկավարած է Անթիլիասի Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնը: Աշխատակցած է բազմաթիւ հայկական օրաթերթերու եւ գրական հանդէսներու: 1966-ին հիմնադրած եւ ղեկավարած է «Ահեկան» մշակութային հանդէսը: Հրապարակած է բազմաթիւ գրականագիտական յօդուածներ: Հեղինակ է Լեւոն Շանթի, Գուրգէն Մահարիի, Շահան Շահնուրի, Համաստեղի գրականութեան նուիրուած մենագրութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ գրականութիւնը Ֆրանսերէնով ներկայացնող «Panorama de la literature armenienne» ու «Oeuvres vives de la literature armenienne» եւ յուշերու հատընտիր «Վերաքաղ» հատորներուն: Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան գործունեայ անդամ էր: Իր ղեկավարած Շրջանային Վարչութեան կազմի օրով եւ իր նուիրուած ու խանդավառ ճիգերուն շնորհիւ հիմնադրուած է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը: Ան իր մահկանացուն կնքեց Պէյրութի մէջ, 15 Փետրուար 2009ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Կոմիտաս Վարդապետ (1869-1935)
Ծնած է 1869-ին, Փոքր Ասիոյ Կուտինա կամ Քէօթահիա քաղաքին մէջ: Մէկ տարեկանին կը կորսնցնէ մայրը, 1880-ին նաեւ հայրը՝ Գէորգ Սողոմոնեանը: 1880-ին կը յաճախէ Էջմիածնի Գէորգեան վարժարանը, որուն լսարանական բաժինը կ°աւարտէ 1893-ին: 1895-ին վարդապետ կը ձեռնադրուի: 1896-ին կ°երթայ Պերլին՝ կատարելագործելու իր երաժշտական ուսումը: Երաժշտագէտ Ռիխարտ Շմիթի կ°աշակերտէ ուղիղ երեք տարի, միաժամանակ հետեւելով համալսարանի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն: 1899-ին, Էջմիածին վերադառնալով, կը նշանակուի Մայր Աթոռի երաժշտապետ եւ երգեցիկ խումբի ղեկավար: Տարիներ շարունակ՝ Կոմիտաս Վարդապետ մասնագիտական հմտութեամբ կը ձայնագրէ, կ°ուսումնասիրէ, կը վերլուծէ, բազմաձայնի կը վերածէ հայ ժողովրդական եւ եկեղեցական երգերը, կը շրջի Կովկասի եւ Եւրոպայի մեծ կեդրոնները, ուր համերգներ կու տայ, ինչպէս նաեւ՝ դասախօսութիւններ հայ երաժշտութեան եւ երգին մասին: 1909-ին կ°անցնի Պոլիս, ուր կը մնայ մինչեւ 1915 եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, Մեծ եղեռնը վերջ կու տայ Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքին: Հայ ժողովուրդին տառապանքն ու սպանդը կ°ազդեն իր հոգիին ու մտքին վրայ: Կոմիտաս կը կորսնցնէ իր մտքի հաւասարակշռութիւնը:1919-էն մինչեւ իր մահը Կոմիտաս կը մնայ Փարիզ, հոգեբուժական հիւանդանոցի մէջ: Կը մահանայ 1935-ին: 1936-ին աճիւնները կը փոխադրուին Երեւան եւ բացառիկ շուքով կը թաղուին «Կոմիտասի Այգի» հանրային պարտէզի բացօթեայ պանթէոնին մէջ:
Միսաք Մեծարենց (1886-1908)
Միսաք Մեծատուրեան ծնած է Ակնայ Բինկեան գիւղը: 1894-ին ընտանեօք կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր կը յաճախէ Արամեան վարժարան: Ապա, մինչեւ 1902, իբրեւ գիշերօթիկ կ°ընդունուի Մարզուանի «Անատոլիա» գոլէճը: 1902-էն 1905, կը յաճախէ Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանը: Անողոք թոքախտը զինք կը ստիպէ սակայն լքել ուսումը: Տարաբախտ բանաստեղծը կը մահանայ 4 Յուլիս 1908-ին: Քսաներկու տարեկան գրեթէ պատանի գրագէտը հայ բանաստեղծութիւնը հարստացուցած է քնարական եւ անկեղծ արուեստի գլուխ-գործոցներով: Հակառակ դժբախտ ճակատագրին, Մ. Մեծարենց իր ողջութեան լոյս ընծայած է քերթուածներու երկու հատորներ՝ «Ծիածան» (1907) եւ «Նոր Տաղեր» (1907):
Մուշեղ Գալշոյեան (1933-1980)
Ծնած է 1933-ին, Թալինի մօտ, Կաթնաղբիւր գիւղը: Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Երեւան, Գիւղատնտեսական հիմնարկին մէջ, զայն աւարտելով 1957-ին: Այս մարզին մէջ կը գործէ քանի մը տարի: Կ՚անցնի հրապարակագրութեան ու գրականութեան: Մաս կը կազմէ թերթերու խմբագրութեան (վերջինը` «Գարուն»): 1969-71, Մոսկուա, կը հետեւի գրականութեան դասընթացքներու: Միաժամանակ`կը սկսի հրատարակութեան. «Կռունկ» (1969), «Ծաղկած Քարեր» (1973), «Բովտուն» (1974, պետական մրցանակ): 1975-էն կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօն` «Հայաստան» պետական հրատարակչականին մէջ: Կը մահանայ 1980-ին: «Մարութայ Սարի Ամպերը» պետական մրցանակ կը ստանայ յետ մահու: Այլ գործեր` «Ձորի Միրօն», «Ընծայագիր»…
ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ 1875-1947
Ծնած է Թիֆլիս 1875 -ին : Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսէսեան դպրոցին ու Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է ԹիՖլիսի «Մուրճ» ամսագրին գրական-քննադատական յօդուածներով : Հետեւած է նաեւ համալսարանական կարգ մը դասընթացքներու Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի մէջ: 1909-1912 վարած է Թեհրանի ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը: Իբրեւ կուսակցական գործիչ մասնակցած է ընդհանուր ժողովներու , եղած է Ազգային խորհուրդի եւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմնի անդամ: Աւելի ուշ Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ եւ Հանրային կրթութեան նախարար: Իր ջանքերով 1920 Յունուար 31-ին կը բացուի Հայաստանի համալսարանը՝ Ալեքսանդրապոլի մէջ՝ Գիւմրի : 1923-ին կը հրաւիրուի Աղեքսանդրիա, ուր ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը կը վարէ մինչեւ 1928: Այդ թուականին , հիմնադիրներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան եւ անմիջապէս յետոյ, Լեւոն Շանթի հետ , հիմնադիրը՝ Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին: Նիկոլ Աղբալեան, մինչեւ իր մահը , կ°ըլլայ անմիջական գործակիցը Լեւոն Շանթի , դասաւանդելով Հայ գրականութեան Պատմութիւն եւ գրաբար , միեւնոյն ժամանակ աշխատակցելով Հայ Մամուլին , բանասիրական եւ գրական - քննադատական յօդուածներով:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ 1869 -1951
Բուն անունով ՝ Լեւոն Սեղբոսեան (Նահաշպետեան), ծնած է Պոլիս 1869-ին: Կրթութիւնը ստացած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը , իսկ համալսարանական ուսումը ՝ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Երկար տարիներ վարած է ուսուցչական պաշտօն , ունեցած է հանրային եւ քաղաքական գործունէութիւն Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ: Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի փոխ նախագահ , հիմնադիրներէն մէկը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ գլխաւոր հիմնադիրը Պէյրութի մէջ Համազգայինի Ճեմարանին, որուն տեսչութիւնը վարեց ամբողջ քսան տարիներ , միեւնոյն ժամանակ դասաւանդելով մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն: Կը մահանայ 29 Նոյեմբեր 1951-ին: Քսաներորդ դարու մեծ թատերագիր Օշին Պայլ , Ինկած բերդի իշխանուհին, Հին Աստուածներ , Կայսր , Շղթայուածը, եւայլն, բանաստեղծ, վիպագիր , ընկերային ու քաղաքական աշխատասիրութիւններու հեղինակ , Լեւոն Շանթ ունեցաւ բազմարժէք արտադրութեամբ լեցուն կեանք մը:
Ուիլիամ Սարոյեան
Ուիլիամ Սարոյեան (1908-1981) ծնած է Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ, Պիթլիսէն գաղթած ընտանիքէ մը: Մանկութիւնը եւ պատանութիւնը անցուցած է աղքատութեան մէջ. զարգացած է առաւելաբար ինքնաշխատութեամբ: Թէեւ հայախօս, գրած է անգլերէն (սկսած 1933-էն): Մինչեւ 70-ական տարիները, Սարոյեան արտադրած է մեծաթիւ գործեր՝ պատմուածք, վէպ, թատերակ, պատուաւոր տեղ մը բանալով իրեն՝ ամերիկեան գրականութեան մէջ: Մի քանին միայն յիշելու համար՝ «Անունս Արամ է», «Մարդկային Կատակերգութիւն», «Տղաք եւ Աղջիկներ», «Սիրտս Լեռներն է», «Կեանքիդ Ժամանակը»: Հայեցի որոշ շունչ, երբեմն նաեւ հայկական հարցադրումներ ներկայ են Սարոյեանի գործերուն մէջ:

Feedback
 
Copyright © 2010 - Hamazkayin.com
Powered By: Cre8iveZone.com