Համազգայինի 80-ամեակին առիթով քանի մը անգամ փորձեցի բան մը գրել եւ բան դուրս չեկաւ: Չեմ գիտեր՝ ինչո՞ւ չէի ուզեր, որ կրկնութիւն ըլլայ, ընդհանրական ըլլայ եւ գրելու սիրոյն գրել չըլլայ:

Կիրակի առաւօտ մը «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան հետ միասին որոշած էինք Համազգայինի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղի ակումբին մէջ ընդհանուր մաքրութիւն մը ընել: Յիշեմ, որ «Ս. Վրացեան»ի ակումբը այժմ «Արեգ» մանկապատանեկան եւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբերու փորձերու համար տրամադրուած ակումբ եղած է:

Ուրեմն, հազիւ ներս մտայ ու սկսանք թուղթերը շտկռտել, ձեռքս անցաւ հին ատենագրութիւն մը:

1982… գրասէրներու խմբակի զեկուցում… Թորգոմ Ջանանի եւ Նազ Տէր Սարգիսեանի զեկուցումները… յաջորդ էջը ընկերային յանձնախումբի զեկուցում… Ակմբային դրութիւն՝ ամէն կիրակի երեկոյեան, վարչութեան ներկայացուցիչներն են Պետիկ Չիֆթելեան եւ Մարի Ճինպաշեան…

Յաջորդ էջերուն մէջ՝ գրական յանձնախումբ, վարչութեան ներկայացուցիչն է… Նազ Տէր Սարգիսեան: Յանձնախումբի անդամներ՝ Յակոբ Մանուկեան, Անահիտ Սուքիասեան, Կարօ Առաքելեան: Ուրիշ տեղ մը թատերական քննարկումներ, ներկայացուցիչն է՝ Վարդան Ճինպաշեան:

Անդամներ՝ Հրաչ Պարսումեան, Աղաւնի Ֆստըգճեան, Մարալ Խտըրլարեան, Զապէլ Քէօշկէրեան…

Յուզումս տակնուվրայ ըրաւ զգացումներս, վարչութեան սենեակէն դուրս ելայ եւ այդ սրահին մէջ ուզեցի տեսնել բոլորը… Յարութիւն Գաբրիէլեանը, որ դուռը զարնելով կը հարցնէր՝ «մտնե՞մ»: Յետոյ կը սկսէր ասմունքել «Պզտիկ աղջիկ մը զիս կþըսէ…»: Թաթուլ Այնեճեանը, որ միշտ թատերական փոթորկոտ ձեւով մը ներս կը մտնէր: Շահանդուխտը, որ իր ներկայութեամբ միշտ կը քաջալերէր նոր սերունդը: Ասատուր Սոլաքեանը, որ թատրոնի փորձէ ետք Զոհրապ Եագուպեանի խումբին հետ կու գար, Թագուհի Յարութիւնեանը, խմբերգները՝ Քնար Աբրահամեանը, Գրիգոր Սուքիասեանը, ասմունքները՝ Կարօ Առաքելեանը «Բա°ց կեղեւդ, ծա°ռ», յաջորդական վարչականները՝ Մովսէս Ադամեանը, Զոհրապ Գազանճեանը, Հրայր Ֆերմանեանը եւ բոլո°րը… բոլո°րը:

Հիմա անցած են տարիներ, ու ձեր տարեդարձն է այսօր:

Այո°, ձեր տարեդարձը: Մանաւանդ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած այն տղոց, որ իրենց առաջին տունը սեպած էին Համազգայինը, հիմա անցած են տարիներ, եւ մենք 80-ամեակի ձեռնարկներու կամ յիշատակներու շարքին անպայման, որ պէտք է տեղ մը յիշենք եւ յարգենք ձեզ, որովհետեւ պատերազմի այդ օրերուն ձեր ճիգերով պատրաստեցիք նոր սերունդ մը, ձեր ճիգերով ստեղծեցիք մշակութային մթնոլորտ մը, եւ ո՞վ կրնայ մոռնալ «Ս. Վրացեան»ի թատերական քննարկումները, ո՞վ կրնայ մոռնալ Հրանդ Մաթեւոսեանի «Մեծամօր»ի ներկայացումը կամ Ինտրայի ձեռնարկը, ո՞վ կրնայ մոռնալ գրասէրներու խմբակին աշխատանքները:

Հիմա յիշատակ են այդ բոլորը, բայց կան երիտասարդ նոր սերունդներ, ձեր զաւակները արդէն թատերախումբի կամ երաժշտանոցի աշակերտներ են եւ ջահը փոխանցուած է արդէն սերունդէ սերունդ:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ