Ըսուած է© կարիքը մայրն է բոլոր հնարքներուն, ստեղծագործութիւններուն:
Նոյնը կարելի է ըսել Համազգայինի մասին:

1928ին, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կար Համազգայինի նման կազմակերպութեան մը պահանջը, հետեւաբար, Համազգայինի հիմնադիրները շօշափելի իրականութեան վերածեցին այդ պահանջին պատասխանը, հիմնելով մշակութային այս միաւորը, որ ահա 80 տարիներէ ի վեր ներգործօն ներկայութիւն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Ինչո՞ւ ըրինք այս հաստատումը:

Հարցումին պատասխանելու համար, կ°արժէ թուումի կարգով անդրադառնալ այն պայմաններուն, որոնք անցեալ դարու 20ական տարիներուն վիճակուած էին մեր ժողովուրդին, յատկապէս պարտա°դրաբար սփիւռք դարձած հատուածին:

©©©Աւելի քան կէս դարու եռեւեփումներէ ետք, 1918ին, մեր պատմական հայրենիքի մէկ բաժինին վրայ ծնունդ առաւ մեր անկախ պետութիւնը՝ Հայաստանի հանրապետութիւնը: Անիկա արդիւնք էր քանի մը սերունդներու կեանքը ներծծած բազմերես պայքարներու, որոնք հաւասարապէս տարուած էին մէկ կողմէ՝ արտաքին բռնատէրներուն դէմ« եւ միւս կողմէ՝ ներքին՝ հասարակական կեանքի բարեշրջման նպատակով: Գործնական պայքարը, շատ մը բաներու կողքին, այդ սերունդները տոգորած էր փորձառութեամբ, հաւաքական կեանք ղեկավարելու ունակութեամբ: Անկախութեան նախօրեակին, հայութեան երկու հատուածներուն մէջ ալ գործօն ներկայութիւն էր մտաւորականներու, քաղաքական գործի ու հանրային աշխատանքներու վարժ սերունդ մը, որ պետութեան հաստատումէն առաջ իսկ, ձեռք բերած էր պետական մակարդակի վրայ գործ տանելու ընդունակութիւնն ու տեսողութեան հորիզոնը: Հետեւաբար, պատահականութեան ու լոկ բարի իղձերու արդիւնք չէին այն իրագործումները, որոնք արձանագրուեցան Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կարճատեւ կեանքին մէջ: Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարներուն՝ Ազգային Խորհուրդի, կառավարութեան անդամներուն ու անոնց անմիջական գործակիցներուն կողքին, Հայաստանը օժտուած էր ատակ գործիչներով, որոնց վաստակը միայն նախընթաց տասնամեակներու յեղափոխական գործունէութենէն չէր գար, այլ նաեւ ժողովուրդի կեանքի տարբեր կալուածներուն մէջ աշխատանքներէն:

20ական տարիներու սկզբնաւորութեան, երբ ծանօթ պայմաններուն բերումով Հայաստանի հանրապետութիւնը առնուեցաւ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ, յիշեալ սերունդը հարկադրաբար բաժնուեցաւ երկու մեծ հատուածներու© մաս մը մնաց Հայաստան, մաս կազմեց նոր կարգերուն, աննպաստ պայմաններու մէջ իսկ ունեցաւ շինիչ գործունէութիւն, իսկ երկրորդ մասը ստիպողաբար հեռացաւ հայրենիքէն (որուն կերտումին ու իրաւունքներուն համար կեա°նք վճարած էր) ու կայք հաստատեց Սփիւռքի մէջ, իր ձեռք բերած փորձառութիւնն ու վաստակը ընծայաբերելով Ցեղասպանութենէն վերապրած բեկորներուն հաւաքական կեանքին վերակազմակերպման, դարձաւ ժողովուրդին բնական առաջնորդը:

Հայաստան մնացող հասարակական գործիչներուն վիճակուեցաւ համեմատաբար աւելի նպաստաւոր կացութիւն© եթէ պահ մը մէկդի ձգենք այն տառապայման կացութիւնները, որոնք հետեւանք էին օտար իշխանաւորներու ստեղծած դրութեան ու միջամտութիւններուն, մասնաւորաբար ստալինեան «դարաշրջանին», կարելի չէ անտեսել այն իրականութիւնը, որ ժողովուրդ եւ առաջնորդներ՝ շարունակեցին ապրիլ սեփական հողի վրայ, շարունակեցին ընթանալ, հակառակ արգելակումներուն՝ սեփական կեանք ու մշակոյթ կենսագործելու ճամբուն մէջ:

Սփիւռք դարձած հայութեան՝ ղեկավարութեան ու ժողովուրդին համար, պայմանները ահաւոր կերպով աննպաստ էին, ու ծառացող մարտահրաւէրները՝ հսկայածաւալ: Ճիշդ է, որ անցեալին ալ մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ զուրկ եղած է սեփական իշխանաւորներէ, սակայն նոյնքան ճիշդ է որ մեր ՄՇԱԿՈՅԹԸ, անոր կերտիչներն ու զայն կրողները եղած են պետութիւնը առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ փոխարինողներ: Աւելին, կար հիմնական տարբերութիւն մը© նախորդ դարաշրջաններուն, ժողովուրդը ապրած էր սեփական հայրենիքի հողին վրայ (կրկնելու գնով ըսենք՝ հակառակ բռնատէրներու եւ արտաքին իշխողներու ստեղծած աննպաստ պայմաններուն): Հիմա, Ցեղասպանութենէն ու սեփական պետութեան կորուստէն տասնամեակ մը ետք, հայութեան մէկ կարեւոր հատուածը՝ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը, իր կամքէն անկախ Սփիւռք դարձած հատուածը, իր ոտքին տակ չունէր հայրենի հող ու անոր ընձեռած նիւթական ու ոգեղէն դրամագլուխները, ստիպուած էր ամէն բան զեռոյէն սկսիլ, իբրեւ դրամագլուխ ունենալով նախընթաց տարիներու փորձառութիւնը, իսկ իբրեւ յենարան՝ ասպնջականութիւնն ու բարի տրամադրութիւնները զինք հիւրընկալող երկիրներուն ու պետութիւններուն, առաւելաբար Միջին Արեւելքի մէջ© շրջապատուած մարդոցմով ու մշակոյթներով՝ որոնց հետ շատ ալ հաղորդ չէր եղած նախընթաց տարիներուն:

Յիշատակուած փորձառութիւններով զինուած ղեկավարութեան համար, եթէ թաղամաս, եկեղեցի-դպրոց եւ քաղաքացիական տարրական դրոյթներու ստեղծումը անմիջական պահանջներու ընդառաջ երթալ կþենթադրէր, նոյն ատեն, արեւու լոյսին չափ յստակ էր, որ հայրենազուրկ ժողովուրդին պահպանումը, գոյատեւումն ու զարգացումը պիտի խարսխուէին նա°եւ մշակոյթի պահպանումին, մշակոյթը ապրող ու գալիք սերուդներու կեանքին մասնիկը դարձնելուն ու, քիչ մըն ալ աւելին՝ մշակութային վերելքի պատրաստութեան վրայ:

Ահա° ՊԱՀԱՆՋը, որուն ակնարկեցինք քիչ առաջ, երբ կը կատարէինք այն հաստատումը, թէ՝ Համազգայինի ստեղծումը արդիւնք էր կարիքի, եւ ոչ թէ որոշ սերունդի մը՝ ղեկավարութեան մը կողմէ պերճանքի հետամտութեան:

***

Յղացք ու հեռանկարներ ունենալը կարեւոր բաներ են, սակայն անոնցմով «ճաշ չ°եփիր», ինչպէս կ°ըսէ մեր ժողովուրդը: Ճաշ պատրաստելը, տարրերն ու գիտելիքը ունենալէ անդին՝ գործ ու աշխատանք կ°ենթադրէ, դէմդ կանգնող մարտահրաւէրներուն տարողութեան իմացութիւնը կ°ենթադրէ, անոնց համապատասխան ծրագիրներու եւ աշխատանքի դաշտերու մշակում կ°ենթադրէ:

1928ին ծնունդ առնող Համազգայինը քայլ առ քայլ բացաւ աշխատանքի այդ դաշտերը, իրողապէս դարձաւ մշակոյթի նախարարութիւն՝ իր տարբեր ենթաբաժանումներով: Հիմնադիրները այդ ընելու համար ամէն բանէ առաջ օգտագործեցին իրենց իմացական ռատարները, կշռադատելու համար կացութիւն ու կարողականութիւն, պահանջ ու ակնկալութիւն:

Հետեւելով այդ աննիւթական ռատարին «ցուցմունքներուն», Համազգայինը կերտեց տպարան, որպէսզի հայ աշակերտը ունենայ դասագիրք, հայ գրողը միջոց ունենայ իր միտքի արգասիքը լոյս աշխարհ բերելու, մեր իրաւուքներուն մասին գիրն ու գիտելիքները շնորհուին հայուն եւ օտարին:

Համազգայինը հաստատեց դպրոց ու անոր համար մշակեց ուսումնական իւրայատուկ համակարգ, որպէսզի հայեցի դաստիարակութիւնը ապրի ի°ր զարգացումը, ազգային արժէքներու փոխանցումը վերագտնէ Պոլսոյ, Թիֆլիսի ու հայկական միւս նախընթաց փարոսներուն ճառագայթումը:

Հաստատուեցան թատերախումբ, երգչախումբ, նուագախումբ, պարախումբ եւ այս կալուածներուն հարկատու միաւորներ, որպէսզի հինէն եկող ժառանգութիւնները շարունակեն զարգանալ հայրենականին հարազատ ու հաւատարիմ գնացքով: Թատերագիրն ու երգահանը, կերպարուեստի հետեւորդներն ու դաստիարակները դարձան Համազգայինի հոգածութեան առարկաները, ապա նաեւ, իրենց կարգին, ներդրում ունեցան համազգայնական գանձարկղին մէջ:

Տասնամեակները թաւալեցան© աշխարհագրական համեմատաբար նեղ տարածքի մէջ գործող Համազգայինը իր գործի դաշտերը տարածեց մեր գաղութներու աճումին ու տարածումին զուգընթաց, երբեմն ոչ նոյն կշռոյթով: Երէկի մարտահրաւէրները նուաճուեցան, սակայն Համազգայինի դիմաց բարձրացան նոր մարտահրաւէրներ, միշտ դէպի ահագնացում ընթացքով: Կարծէք թէ Համազգայինը, իր գործիչներով ու անդամներով, դարձած էր լեռնագնացներու խումբ մը, որ իր դիմաց երեւցող առաջին գագաթը հասնելէ ետք, կþանդրադառնար, որ անոր ետին կան նոր գագաթներ, նոր լեռնաշղթաներ, որոնք զինք կը հրաւիրեն դէպի նոր նուաճումներ:

Մեր նպատակը յաղթահարուած լեռնաշղթաներուն պատմականը ընել չէ, ո°չ միայն անոր համար, որ նման աշխատանք հատորներու կը կարօտի, այլ որովհետեւ Համազգայինի աշխատանքին արդիւնքը ծանօթ է ու երեւելի: Մէկ Ճեմարանը դարձած է ճեմարաններ, հրատարակչատունը ապրած է իր զարգացումը, կեդրոնական թատերախումբը (Պէյրութի մէջ) ճամբայ բացած է թատերական նոր խումբերու առջեւ, որոնք իրենց պատմութիւնը կերտած են տարբեր ցամաքամասերու վրայ: Հայկական արժէքներու ճանաչողութիւնն ու պահպանումը, զարգացումը, կերտած են իրենց պատմութիւնները: Եւ այսպէս՝ շարունակաբար:

Իսկ Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ասդին, անոր սփիւռքեան ձեռքը վերստին գտած է հայրենի ձեռքը ու արդէ կը լսուին երկու ձեռքով ծափի ձայները©©©

***

Ո՞ւր կը կանգնի Համազգայինը, այսօր, հիմնադրութենէն 80 տարիներ ետք:

Անտարակոյս որ Համազգայինը կրնայ հպարտանալ այն իրագործումներով, որոնք զինք բարձրացուցած են յարգելի պատուանդանի մը, շնորհիւ իր հիմնադիր սերունդին ստեղծագործական կարողութեան, բայց մանաւանդ անասելի զոհողութիւններուն ու ռահվիրայի հանգամանքին, անոնց ժառանգորդներուն հաւատարմութեան ու գործին:

Ըսինք© Համազգայինը դիմակալած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, ճիգով ու քրտինքով նուաճած է բազմաթիւ լեռնաշղթաներ, սակայն միշտ ալ անոր դիմաց պարզուած են նոր բարձունքներ, որոնք կը կազմեն այսօրուան մարտահրաւէրները:

Եւ այսօրուան մարտահրաւէրները նոյնքան մեծ են ու դժուար յաղթահարելի, որքան հիմնադիր սերունդին դիմաց կանգնող դժուարութիւնները: Սա բնական վիճակ է եւ զարմանալի չէ:

Մէկ հանգամանք կը մնայ անփոփոխ© Համազգայինը, ինչպէս իր ծննդեան օրերուն, նոյնպէս եւ այսօր, մեզի՝ հայ ժողովուրդին կը ներկայանայ մշակոյթի նախարարութեան դերակատարի իր հանգամանքով:

Ճիշդ է, որ Հայաստանը այսօր ունի լուսաւորութեան ու մշակութային հարցերու նախարարութիւն ու պետական համապատասխան կառոյցներ, սակայն Համազգայինի դերակատարութիւնը կը մնայ անփոխարինելի, ինչպէս անփոխարինելի են սփիւռքեան բազմաթիւ այլ կառոյցներ ու միաւորներ, կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, եւ անոնց վիճակուած է բազմապատկուած դեր: Համազգայինի առաքելութիւնն ալ վերասահմանուած է ու վերահաստատուած, եւ ոչ թէ նսեմացած: Անիկա է ու պէտք է ըլլայ լրացուցիչ ու շարունակող այն գիծերուն« որոնք կը ճառագայթեն Հայաստանէն« անոնց արտացոլացումը կը վերադառնայ Հայաստան:

Անցեալ դարու 20ական տարիներուն մեր հաւաքական կեանքին դիմաց բացուած համազգայնական ռատարը կը շարունակէ ու պէտք է շարունակէ բանիլ նոյն յղացքով, բայց նաեւ դարուն թելադրած զարգացումներով: Ու այդ ռատարը կը թելադրէ շարունակել անցեալ տասնամեակներուն սկսուած երթերը, աւելին՝ արտերկրի ու հայրենի հայութեան միջեւ զարգացնել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող բազմապիսի կամուրջները, կանգնեցնել նորեր, դիմագրաւել հայութեան զոյգ հատուածներուն մշակութային տագնապներն ու դժուարութիւնները (բնականաբար կարելի է երկու հատուածները «տարբաղադրել» ու խօսիլ մէկ կողմէ՝ Հայաստանի ու ներքին սփիւռքի, ու միւս կողմէ՝ Արտերկրի տարբեր օճախներու իւրայատկութիւններուն, իրարմէ տարբերութիւններուն մասին, որոնք, իրենց կարգին, կը ստեղծեն ենթամարտահրաւէրներ, սակայն գլխաւոր գիծերը պերճախօս են ու ըստ բաւականին՝ համապարփակ):

Մեր մշակոյթին մէկ պահակը ըլլալու իր հանգամանքով, Համազգայինը, իրեն նման բոլոր նախանձախնդիրներուն պէս, կը դիմագրաւէ, ու պէտք է յաղթահարէ° այս կալուածին մէջ անցեալէն եկող թէ նորաստեղծ տագնապները:

Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումը (մենք մեզ չխաբենք) բազմաթիւ բարիքներու կողքին, նաեւ առիթ տուած է բացասական երեւոյթներու զարգացման: (Սխալ չհասկցուինք© այդ երեւոյթները նոյնինքն անկախութեան հետեւանք չեն, այլ անկախութեան ընկերացած շրջանային ու միջազգային տարբեր գործօններու բնական հետեւանքներն են, որոնցմէ կը տառապին նաեւ մշակոյթ կերտած ու այսօր տեղքայլ կամ նահանջ ապրող այլ ժողովուրդներ, անոնք ըլլան նորանկախ թէ այլ):

Գաղտնիք չէ, որ տնտեսական բարգաւաճումը, Հայաստանի մէջ թէ Արտերկրի, սկսած է զարտուղի կացութիւններ ստեղծել© ընդհանուր անտարբերութիւն մը, կրաւորականութիւն մը, մինչեւ իսկ օտարում մը ստեղծուած է, եւ որակաւոր մշակոյթն ու տնտեսական բարօրութիւնը կþուղղուին դէպի հակադիր, իրարու անհաղորդ դիրքեր (խօսքը յարգելի բացառութիւններուն չի վերաբերիր): Որակը կարծէք թէ խորշանք կը ստեղծէ, զանգուած մը հետամուտ է շուկայիկին ու սնկայինին, մինչդեռ մօտիկ ու հեռաւոր անցեալներուն, տնտեսական բարօրութիւնը առիթ տուած է մշակոյթի ծաղկումին, արուեստի ու արուեստագէտներու գնահատման, քաջալերման: (Չենք անտեսեր այն իրականութիւնը, որ արուեստագէտներ ու արժանաւորներ անցեալին ալ մատնուած են անձկութեան, սակայն այսօրուան բացօթեայ ու ծածկուած թանգարանները տարբեր իրականութեան մը վկայութիւններն են):

Մեր մշակոյթի ամէնէն կարեւոր յենարանը հանդիսացող լեզուն՝ մայրենին, արագ աղաւաղումի, խեղաթիւրման ու նահանջի կը մատնուի© հրապարակէն բացակայ է այն հեղինակութիւնը, որ նախ պիտի սանձէր այս անկումը ու յետոյ, մղում տար բարելաւումի: Հայ Մամուլը շատ բան զիջած է պահակի ու զարգացնողի իր հանգամանքէն ու առաքելութենէն, մինչեւ իսկ անուղղակի մասնակիցը դարձած է նահանջին: Մեր ակնարկութիւնը չի վերաբերիր միայն զոյգ ուղղագրութիւններու հարցին պէս կենսական հարցերու, այլ անկէ անդին գացող՝ մեր լեզուին էութեան, իսկութեան առնչուող տագնապներու, որոնք դժբախտաբար կը քաղաքականացուին (երբեմն քաղաքականացումի ոլորտէն ալ դուրս կը շպրտուին©©© բարեբախտաբար կամ դժբախտաբար):

Հայ Դպրոցը նմանապէս լիովին չի կրնար կենսագործել իր առաքելութիւնը (պատճառները բազմաթիւ են, սակայն վախճանական եզրակացութիւնը գոհացուցիչ պատկերով չի ներկայանար դժբախտաբար): Այս հաստատումը չենք ըներ մեր վարժարաններուն՝ հայկական դպրոցներու աշխատանքը անտեսելու, իրագործումները ստորագնահատելու ակնոցով© քաւ լիցի© այլ այդպէս կþընենք՝ լուսարձակի տակ բերելու համար այն տագնապը, որ մեր մշակոյթը կրող այս կալուածինն է Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք ու Ամերիկաները, առանց անտեսողի ոստում կատարելու Եւրոպայի վրայէն: Ստուարացող ու արագօրէն ուռճացող պահանջներուն եւ անոնց ընդառաջ երթալու քայլերուն միջեւ անհաւասար մրցումը տասնամեակէ տասնամեակ, եթէ ոչ՝ տարուէ տարի, կþաւելցնէ տարբերութեան տարածութիւնը, կը խորացնէ վիհը, իսկ «շահողը»՝ պահանջներու, կարիքներու «զօրակայանն» է հետեւողականօրէն:

Կարելի է նոյն մօտեցումով ալ մտահոգութիւններ արձանագրել երաժշտութեան, երգի, թատրոնի եւ հարկատու կալուածներուն մասին, կրկնելով հանդերձ, որ թէեւ դրական երեւոյթներ ու զարգացումներ չեն պակսիր, սակայն մրցումին ընթացքը կը մնայ վերոյիշեալին պատկերով:
Ահա հոս է որ կը կայանայ Համազգայնական ռատարին զգայուն դերը, ուղեցոյցի դերակատարութիւնը: Այդ ռատարը գործելէ չէ դադրած, անոր ցուցմունքներով կը կազմակերպուին գիտաժողովներ ու կը մշակուին աշխատանքի դաշտեր, իրական գո°րծ կը կատարուի, սակայն պէտք է ընդունինք, որ պահանջին ու մատուցուածին միջեւ տարածութիւնը հետզհետէ կþաւելնայ, յաճախ կþունենանք այն զգացումը, թէ մեր լաւագոյնը բաւարար չէ գոհացնելու կարիքը©©©

Այսուամենայնիւ, կացութիւնը յուսահատական չէ, որովհետեւ իրազեկ ենք իրականութիւններուն: Տակաւին, Համազգայինը, իր աշխարհատարած մեքենայով, նաեւ մեր օրերու արհեստագիտութեան ընձեռած դիւրութիւններուն շնորհիւ, ունի կարողականութիւնը 80 տարի առաջ սկսած երթը շարունակելու, պարզուած դրօշը բարձր պահելու:
Այս առաքելութիւնը կը հարկադրէ մշակել բազմաճիւղ եւ ընդգրկուն յառաջատուական ծրագիրներ, լիովին իրագործելի ծրագիրներ, որոնք խորտակեն տեսութիւններու եւ բաղձանքներու պատուարները եւ, մանաւանդ, ապահովեն իրագործման համար ամէնէն կարեւոր բանալին՝ նիւթական միջոցները: Եթէ անցեալ տասնամեակներուն, Համազգայինը գործած է պետական հասկացութեամբ ու մտայղացքով, հեռու հորիզոնները տեսնելու ունակութեամբ, այսօր, ան կրնայ – պէտք է – ստեղծել այնպիսի երթ մը, որ մեր հայրենի պետութիւնն իսկ դնէ ազնիւ հարկադրանքի մը տակ: Չմոռնանք, որ խորհրդային տարիներուն իսկ, մանաւանդ յետ-ստալինեան շրջանին, Հայաստանը օգտաշատ գործ տեսաւ, օրուան պայմաններուն թոյլատրած սահմաններուն մէջ քայլեր առաւ Արտերկրի հայութեան մշակութային ակնկալութիւններուն հասնելու համար: Այսօր, կը հաւատանք որ պայմանները աւելի ձեռնտու են, պայմանաւ, որ ճիշդ կարդանք մեր ռատարները:

80 տարի առաջ նոր ուղի բացող Աղբալեանները, Շանթերն ու գործակիցներու սերունդը պարտք մը հատուցեցին ո°չ միայն մեր ժողովուրդին, այլ Մեսրոպ Մաշտոցէն առաջ իսկ սկիզբ առած մեր մշակոյթի պատմութեան:

Համազգայինի դրօշը կրող այսօրուան սերունդը, նոյն տրամաբանութեամբ, պարտական է ո°չ միայն մեր ժողովուրդին ու գալիք սերուդներուն, այլ նաեւ Համազգայինի հիմնադիրներուն եւ մեր մշակոյթի ջահը դարէ դար փոխանցողներուն:

Կարիքը, ըսինք, մայրն է հնարքներու եւ ստեղծագործութիւններու: Այդ կարիքներուն գիտակցութիւնը պիտի ըլլայ Համազգայինի յառաջիկայ հնարքներուն մղիչ ուժն ու ենթահողը:

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ