Ամեակները վերաքաղի առիթներ են՝ երէկի եւ այսօրուան բաղդատականը ընելու եւ վաղը ծրագրելու համար:

Համազգայինի հիմնադիրները շատ դժուար պայմաններու մէջ, 1000 եգիպտական ոսկիով ճամբայ ելած, յաջողեցան իրագործել իրենց ծրագիրը՝ հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը պահել եւ մատչելի դարձնել հայրենազուրկ զանգուածներուն:

Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կերտող այդ հերոսները, զայն կորսնցնելէ ետք, առանց յուսահատելու, հայրենիքի մէջ սկսուած գործը Սփիւռք փոխադրեցին:

Լիբանանահայութիւնը բախտաւոր եղաւ՝ 1930-ին հիմնուեցաւ Հայ ճեմարանը: 1931-ին Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղը գործել սկսաւ: Հոն հաւաքուեցան հայ մշակոյթին ծառայողներ եւ սիրողներ՝ մտաւորական, արուեստագէտ, հրապարակագիր, ուսուցիչ, հայօրէն ապրող եւ մտածող անհատներ:

Շուտով, Հայ ճեմարանը հասցուց շրջանաւարտ սերունդներ, որոնց մեծ մասը ընտրեց ուսուցչական ասպարէզը՝ Հայ ճեմարանի կամ հայ ազգային վարժարաններու մէջ: Անոնցմէ մէկն ալ ես եղայ:

*
*  *

Հազիւ ճեմարանը աւարտած՝ կեանքս երեք ուղղութեամբ ընթացք առաւ. ուսուցչուհի նոյն հաստատութեան մէջ, Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի գործօն անդամ եւ աւելի ուշ՝ համալսարանական ուսանող:

Յաճախ հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս որդեգրեցի այս ճամբան: Եթէ Հայ ճեմարանի այդ օրերու մթնոլորտին մէջ չըլլայի, արդեօք նոյն անհատը պիտի ըլլայի՞: Անշուշտ ո°չ:

Եթէ պատանի տարիքիս Շանթի, Աղբալեանի, Գիւզալեանի, Սասունիի, տիկին Գոհարի եւ այլ ընտրանի ուսուցիչներու աշակերտած չըլլայի, անոնց օրինակը չունենայի, կեանքս ուրիշ ընթացք պիտի առնէր:

Հայաստանը տեսայ ու ապրեցայ անոնց մէջ եւ անոնց հետ:

*
*   *

Ինչպէ՞ս մոռնալ Հայ ճեմարանի հին շէնքէն, վարձակալի վիճակէն հոյակապ պալատի մը՝ Նշան Փալանճեան ճեմարանին սեփականատէր դառնալը: Ի¯նչ ուրախութիւն ու խանդավառութիւն: Կարելի՞ է մոռնալ բացման փառահեղ հանդիսութիւնը՝ Լիբանանի նախագահ Պշարա Խուրիի, վարչապետ Ռիատ Սոլհի, նախարարներու, բարձրաստիճան հիւրերու, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, ուսուցիչներու, ուսանողներու եւ ծնողներու հոծ բազմութեան ներկայութեան Լ. Շանթի պատմական «խօսքը»: Ափսո¯ս, Ն. Աղբալեան մահացած էր, չտեսաւ իր «երազ»ին իրականացումը, երկար տարիներու զրկանքին պտուղը:

*
*   *

Կը յիշեմ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպած Ծնունդի եւ Զատկի հանդիպումները: Ի¯նչ հաճոյքով կը վայելէինք ճեմարանի տնօրէններուն, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամներուն, արուեստագէտներու եւ հիւրերու ներկայութիւնը:

Ինչպէ¯ս մոռնալ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ներկայացումները՝ «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Կայսրը», «Օշին Պայլ»ը, «Հին աստուածներ»ը… Դասընկերներով ներկայ կþըլլայինք ներկայացումներուն եւ կէս գիշերէն ետք, քալելով տուն կը վերադառնայինք՝ քննարկելով դերակատարներուն խաղարկութիւնը:

Կը յիշեմ դասախօսական երեկոները՝ ճեմարանի, Մեմորիըլ հոլի, Սեն Ժոզէֆ համալսարանի մէջ: Խորապէս դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ Ն. Աղբալեանի Սայաթ Նովայի նուիրուած դասախօսութիւնը:

Ինչպէ¯ս մոռնալ Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպած նուագահանդէսները, նկարչական ցուցահանդէսները, ճոխ պարահանդէսները՝ Ճեմարանի բակին մէջ, ճաշի երեկոները՝ Համազգայինի ակումբին մէջ, հաւաքական պտոյտները՝ դէպի Լիբանանի պատմական եւ տեսարժան վայրերը:

*
*   *

Պէյրութի Համազգայինի մասնաճիւղին օրինակով իրարու ետեւէ ծնունդ առին քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ նոր մասնաճիւղեր՝ միեւնոյն նպատակներով եւ ծրագիրներով: Մտաւորական հետաքրքրութիւն ունեցող անհատներ, արուեստագէտներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ անդամագրուեցան, եւ ինքնազարգացման կեդրոններ դարձան անոնք: Տարեցն ու երիտասարդը քով-քովի կը մասնակցէին ծրագրուած աշխատանքներուն: Համազգայինի անդամ ըլլալը մտաւորական եւ հոգեկան սնունդ կու տար անոնց:

*
*   *

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը մեծ հարուած հասցուց Համազգայինին՝ կառոյցները սկսան տկարանալ. մարդուժը՝ գործօն անդամներէն շատեր երկրէն գաղթեցին: Մասնաճիւղերը նախկին հմայքը չունին երիտասարդները ներգրաւելու համար: Երբ անդամագրուելու դիմում կþըլլայ, «Մենք ծերերու միութեան անդամ չենք ուզեր ըլլալ», կþըլլայ պատասխանը…

Պարզ է պատճառը: Եթէ մասնաճիւղերու անդամացանկերը աչքէ անցընենք, հազիւ քանի մը արուեստագէտի կամ ուսուցիչի անուն կը գտնենք. մնացեալները պատահմամբ հոն են… կարգ մը մասնաճիւղեր անուանական գոյութիւններ են…

*
*   *

Լիբանանի անկայուն վիճակը պատճառ դարձաւ, որ նոր լուծումներ փնտռէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:

Քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք՝ Պէյրութի արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններու վերածուելէն ետք, արեւելեան շրջանին մէջ կառուցուեցան Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի եւ Նորսիկեան մանկապարտէզի շէնքերը, որոնց բացումը կատարուեցաւ մեծ հանդիսութեամբ՝ կաթողիկոսի, նուիրատուներու, պաշտօնական անձնաւորութիւններու, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, ուսուցիչներու, ծնողներու, ուսանողներու ներկայութեամբ. խօսք առաւ ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեան:

Հազարի հասած Հայ ճեմարանի աշակերտութեան թիւը վերիվայրումներ արձանագրեց, սակայն մնաց հիմնադիրներու ուղին շարունակող հաստատութիւն:

Միւս կողմէ՝ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի կառուցումէն ետք զարկ տրուեցաւ միաւորներու ուժեղացման՝ պարախումբեր, երգչախումբեր, թատերախումբեր, կերպարուեստի դպրոց՝ մանուկներու եւ պատանիներու մօտ արուեստներու եւ մշակոյթի սէրը հիմնաւորելու եւ զարգացնելու համար:

Պէտք չէ մոռնալ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչականին տարած աշխատանքը՝ արդիական տպարանը իրարու ետեւէ այլազան կալուածներ ընդգրկող ճաշակաւոր հատորներ լոյս կþընծայէ:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կարեւոր իրագործումներէն եղան Մարսէյի եւ Աւստրալիոյ ճեմարանները: Հայ ընտանիքին եւ հայ աշակերտին համար հայկական մթնոլորտ ստեղծելով, հայոց լեզուն եւ մշակոյթը զարգացնելու իտէալ միջավայրը դարձած են այդ հաստատութիւնները:

Վերջապէս, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Հայաստանի մէջ ունեցաւ իր գրասենեակը, գործավարը: Հաստատուեցաւ հայրենիք-Սփիւռք կապը. հայրենիքէն գրողներ, արուեստագէտներ, պարախումբ, երգչախումբ, թատերախումբ Լիբանան կը հրաւիրուին, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռքի այլ կեդրոններ: Փոխադարձաբար Սփիւռքէն հայրենիք կը հրաւիրուին ուսուցիչներ, մասնագէտներ՝ զանազան հաւաքներու եւ գիտաժողովներու մասնակցելու համար:

Համազգայինը 80 տարի իր հիմնադիրներուն ճամբով քալեց եւ ներկայ է թէ° Սփիւռքի, թէ° հայրենիքի մէջ:

*
*   *

1940 թուականէն՝ ուսանողական օրերէս մինչեւ այսօր կեանքիս մեծ մասը անցաւ Հայ ճեմարանին մէջ. նախ ուսանող, ապա՝ ուսուցչուհի եւ տեսչուհի, գործակցելով ճեմարանի բոլոր տնօրէններուն հետ:

1945-էն Համազգայինի անդամ, երկու շրջան ալ՝ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան քարտուղարուհի:

Աւելի ուշ, Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ՝ մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան դասախօս:

Հայ ճեմարանէն ստացած հոգեկան ու մտաւորական հարստութիւնս վերադարձուցած եմ շրջապատիս: Կþօրհնեմ այն օրը, երբ ճեմարանաւարտ ուսուցիչ մը զիս յանձնեց Հայ ճեմարանի պատուական տնօրէններու խնամքին:

Համազգայինի 80-ամեակին առիթով կը մաղթեմ ուժ ու կորով՝ երթը շարունակելու դէպի նոր իրագործումներ:

Ա. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ