Նամակագրութենէն« տեղեկատուութենէն« լրատուութենէն« երաժշտութենէն ու շարժանկարէն ետք« ահա նաեւ գրքին եկաւ կարգը՝ ելեկտրոնային թեւերով թռչելու եւ ընթերցողին հասնելու համար: Եւ շատ տրամաբանական է« որ այդպէս ալ ըլլար:

Ելեկտրոնային գիրքը մէկէ աւելի առաւելութիւններ կը ներկայացնէ:

Առաջին՝ թուղթի խնայողութիւն« որ կը թարգմանուի բնութեան« ծառերու« անտառներու պահպանութեամբ« բնածխային կազի նուազումով« երկրագունտի ջերմութեան աճի սահմանափակումով« այլ խօսքով©©© մարդկութեան փրկութեամբ: Սա՝ փոքր առաւելութիւն չէ©©©

Խնայողութիւնը« սակայն միայն թուղթի ճամբով չ°իրագործուիր© կայ նաեւ առաքման ծախսերու« եւ առաքման համար վատնուող ջերմուժի նուազումը կամ վերացումը« որ նոյնպէս կը նպաստէ վերեւը նշուած արդիւնքներու ձեռքբերման:

Կը վերանայ նաեւ վերամշակելու կարիքը՝ չծախուած ու հրատարակչատուներու ամբարներուն մէջ դիզուած միլիոնաւոր – երկիլիոնաւոր հատորներուն պարագային:

Կան այլ առաւելութիւններ ալ© որեւէ հրատարակութիւն տեւական կերպով կրնայ սրբագրուիլ« բարեփոխուիլ« նորագոյն տեղեկութիւններով հարստանալ:

Սակայն« հարց պիտի տրուի ¬ գիրք մը ընթերցելու հաճոյքը՝ զայն ձեռքի°ն մէջ ունենալն է« կարդալ՝ որքան որ կ°ուզենք« մէկդի դնել ապա վերադառնալ անոր« ու շարունակել մեր ձգած տողէն սկսեալ: Ինչպէ՞ս կարելի է այդպէս վարուիլ համակարգիչին հետ« թող թէ ամենէն նրբակազմ ու թեթեւ ծոցի¬համակարգիչին (laptop), որուն պաստառին վրայ պիտի կարդայինք ել-գծային (online) գիրքը:

Պատասխանը կու գայ ել-գծային մեծագոյն գրավաճառին՝ Ամազոնի կողմէ« որ շուկայ կը հանէ ել¬գրքի նորագոյն տարբերակը« զոր կնքած է Kindle ¤Հրահրել¥ անունով: Newsweeek-ի 2007 նոյեմբեր 26-ի թիւը ահա այս նորարարութեան նուիրած է յատուկ բաժին մը« կողքէն սկսեալ« ուր մեծատառ կը յայտարարուի թէ «Գիրքերը չեն մեռած (այլ կը թուայնանան)»:

Յօդուածին հեղինակը՝ Stephen Levy դիտել կու տայ« որ Կիւթենպերկի կատարած տպագրութեան գիւտէն 500 տարի ետք« ահա գրքի յղացքը կենթարկուի նոր յեղաշրջումի մը:

Ինչի՞ մէջ կը կայանայ Ամազոնի հիմնադիր Jeff Bezos-ի այս նոր գիւտը« եւ ինչո՞վ կը տարբերի նախորդ փորձերէն« քանի որ ուրիշ նման հնարքներ ալ եղան անկէ առաջ:

Առաջին հերթին գրքի մը ձեւն ու չափը ունի« շատ թեթեւ է© չի տաքնար« որեւէ աղմուկ չի հաներ« եւ շատ յստակ է՝ տպագիր գրքի մը նման: Մարտկոցը կրնայ 30 ժամուան ընթերցում պարգեւել՝ նախքան վերալեցուելու կարիքը (որ 2 ժամէն կը կատարուի):

Այսպէս« ընթերցման ատեն« նայած ընթերցողի աչքի լոյսին©©© կարելի է տառաչափը փոխել« կարելի է 200 հատոր ունենալ անմիջական յիշողութեան մէջ« յաւելեալ հարիւրաւոր հատորներ՝ յիշողութեան քարտերու վրայ« եւ անսահման թիւով գրքեր՝ Ամազոնի եթերային (այս բառը՝ virtual-ին տեղ գործածելով ¬ Վ©-Ա©) գրադարանին մէջ:

Գիրք մը գնելէ (այսինքն «ներածելէ» – download) առաջ կարելի է «թղթատել»« կարդալ տպաւորութիւններ անոր մասին« գրախօսականներ« եւայլն:

Ամազոն որոշած է միայն $9.99 գանձել իւրաքանչիւր գրքի համար:

Կարելի է նաեւ նոյն ճամբով օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու բաժանորդագրուիլ:

Դեռ կարելի է պրպտումներ ընել համացանցին վրայ« հանրագիտարաններ կամ բառարաններ բանալ:

Նոյնիսկ կարելի է ելեկտրոնիկ գրիչով մը ընդգծումներ կատարել©©©

Չերկարեմ: Նպատակս Ամազոնի քարոզչութիւնը ընել չէ« այլ այս յօդուածով ինքս ալ հրահրել հետաքրքրութիւնը համացանցային հրատարակչականի մը գաղափարին նկատմամբ« եւ վերարծարծել սոյն հարցը« քանի որ առաջին անգամ չէ« որ զայն կը դնեմ մեր ընթերցողներուն « եւ անշուշտ հրատարակչական հաստատութիւններուն« ու առաջին հերթին՝ Համազգայինի առջեւ:

Առաջարկս է« որ Համազգայինը նախաձեռնէ« քով-քովի բերէ հայկական հրատարակչատուներ Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն« որ միասնաբար ուսումնասիրեն ու ճամբայ հանեն համացանցային հրատարակչական մը« որ բոլոր հրատարակիչներուն առիթ կ°ընծայէ իրենց հին թէ նոր հրատարակութիւնները« հայկական թերթերը« եւ հետզհետէ՝ հայկական գրադարաններու գրապահեստները դնել համացանցի վրայ« բայց մանաւանդ զարկ տալ նոր գործերու հրատարակութեան:

Ել-հաղորդակցութիւնը այսօր հաղորդակցելու գլխաւոր միջոցն է: Արագ« գրեթէ ձրի:

Ինչո՞ւ չօգտուիլ ընձեռուող կարելիութիւններէն« ու մեր գործելակերպերը չպատշաճեցնել օրուան յարմարութիւններուն:

Հայերէնի« հայ գրականութեան« հայ մշակոյթի պահպանման« զարգացման ու տարածման նուիրուած կազմակերպութիւններ ¬ ինչպիսին է Համազգայինը ¬ չեն կրնար ձեռնածալ մնալ մեր առջեւ բացուող այս նոր հնարաւորութիւններուն առջեւ:

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ