27 Սեպտեմբեր 2017-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան), անդամներ Կարապետ Պայթարեան (Լիբանան), Կարօ Մանճիկեան (Սուրիա), Վիգէն Թիւֆէնքճեան (Քանատա), Համազգայինի հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան եւ Հայաստանի հիմնադրամի տնօրէն Նարէ Միքայէլեան:
Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան հայապահպանութեան գործունէութիւնը, նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ կրթական, մշակութային միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:
Հիւրերը ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւնները Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի կազմակերպական հարցերուն, զեկուցումներուն եւ ակնկալուող արդիւնքներուն մասին:
Քննարկուեցան սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման, 2018-ին Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած միացեալ ձեռնարկներու իրականացման վերաբերող հարցեր: